Ոչ Եւս Է Ամերիկեան Ֆութպոլի Հռչակաւոր Մարզիչ Արա Բարսեղեան

Ասպարէզ-Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2ին, իր մահկանացուն կնքած է ամերիկեան ֆութպոլի հռչակաւոր մարզիչ Արա Բարսեղեանը՝ 94 տարեկանին։
Ան երկու առիթներով «Նոթր Տէյմ» համալսարանի խումբը առաջնորդած է ազգային ախոյեանի տիտղոսին (1966 եւ 1973) եւ անոր հետ շահած է շարք մը այլ մրցաշարքերու բաժակներ։ Իր ղեկավարութեան տակ, «Կռուող Իրլանտացիներ» անունով ծանօթ խումբը արձանագրած էր 95 յաղթանակ, 17 պարտութիւն եւ 4 հաւասարութիւն։
Ան զաւակն էր Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն փախուստ տուած եւ Միացեալ Նահանգներ ապաստանած Միքայէլ Բասեղեանի, եւ ծնած էր Օհայոյի մէջ։
Նշենք, որ Արա Բարսեղեան 1980ին ընտրուած էր Համալսարանական ֆութպոլի «Փառքի սրահ»ի անդամ եւ պատկերուած էր «Թայմ»ի 1964ի Նոյեմբեր 20ի կողքին վրայ։
Մարզիչի պաշտօնէն հանգստեան կոչուելէ ետք, ան մարզական հաղորդավար եւ վերլուծաբան եղած էր «Էյ.Պի.Սի.», «Սի.Պի.Սի.» եւ այլ կայաններու համար։
Նաեւ, անոր նուիրատուութեանց եւ դրամահաւաքի ջանքերուն շնորհիւ, նշեալ համալսարանին մէջ 2010ին բացումը կատարուեցաւ Արա Բարսեղեանի անուան բժշկական ուսումնասիրութեան կեդրոնին։