Պոլսոյ Մէջ Լոյս Տեսած Է «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի Եւ Կրթական Հաստատութիւններու» Հատորը

Վերջերս Պոլսոյ մէջ «Փարոս» հրատարակութեան կողմէ լոյս տեսաւ նախկին պոլսահայ, այժմ լոսանճելըսաբնակ Գէորգ Պ. Յակոբեանի «Պատմութիւն իսթանպուլահայ ուսումնական կեանքի եւ կրթական հաստատութիւններու» խորագրեալ, 800 էջերէ բաղկացեալ ստուար հատորը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք գիրքին շնորհահանդէսին ընթացքին հեղինակին քրոջ` «Մարմարա» օրաթերթի փոխխմբագրապետ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի խօսքը:
Այսօր «Պատմութիւն իսթանպուլահայ ուսումնական կեանքի եւ կրթական հաստատութիւններու» խորագրեալ սոյն հատորի շնորհահանդէսին առթիւ, նախ պիտի ուզեմ քանի մը տողով անդրադառնալ գիրքի հեղինակի մասին:
Գէորգ Պ. Յակոբեան օտար մը չէ: Ան երկու տասնամեակներ առաջ կը գտնուէր մեր շրջանակին մէջ ու երկար տարիներ պաշտօն ստանձնած էր համայնքիս եկեղեցական, կրթական ու մամուլի, մասնաւորաբար «Մարմարա» օրաթերթի աշխատանքներուն մէջ:
Գէորգ Պ. Յակոբեան տասը տարի հիմնադրի ներկայացուցիչի պաշտօն վարած է Գումգաբուի երբեմնի Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանին մէջ եւ մօտէն հետեւած է կրթական հարցերուն, նաեւ` կրթական նախարարութեան կամ տնօրէնութեան այդ թուականներուն յատուկ կամայական, անարդար ու անօրէն կարգադրութիւններուն, որոնք ո՛չ միայն յատուկ էին այդ վարժարանին, այլ բոլոր հայ վարժարաններուն հիմնադիր, տնօրէն, ուսուցիչ, աշակերտ ու նոյնիսկ ծնողներ կ՛ապրէին այդ արհեստական դժուարութիւնները: Աւելի վերջ այս դժուարութիւններուն վրայ աւելցան նաեւ պաշտօնազրկումները կարգ մը տնօրէններու եւ ուսուցիչներու: Ուստի, այդ թուականէն սկսեալ ծրագրած է հայ վարժարաններու կրթական եւ ուսումնական կեանքի անցեալի ու ներկայի պատմութիւնը ամփոփել հատորի մը մէջ:
Երբ ուսումնասիրելու սկսած է օսմանեան շրջանի հայ ազգային եւ մասնաւորաբար կրթական կեանքը, տեսած է, որ հոն կայ անծայրածիր դաշտ մը, որ չէ մշակուած: Նկատած է, որ անցեալին մօտաւորապէս հազար հայկական վարժարաններ գոյութիւն ունեցած են օսմանեան սահմաններուն մէջ, 120 հազարէ աւելի աշակերտներով ու 5 հազար ուսուցիչներով:
Այս հետաքրքրութիւնը խթան հանդիսացած է իրեն, որպէսզի պատրաստէ պոլսահայ կրթական կեանքի պատմութիւնը, գաւառներու կրթական կեանքի ու վարժարաններու հսկայ աշխատանքն ալ թողելով ապագային:
Այսօր ահաւասիկ ի ձեռին ունինք «Պատմութիւն իսթանպուլահայ ուսումնական կեանքի եւ կրթական հաստատութիւններու» խորագրեալ այս հատորը, որ այս բովանդակութեամբ եւ այս ծաւալով գրուած առաջին հրատարակութիւնը կը հանդիսանայ պատմութեան մէջ:
Պէտք է նկատի առնել, որ պատմութեան ամբողջ տեւողութեան հայ համայնքը կրօնական, ազգային եւ ընկերային կեանքէ ներս միշտ զուգահեռ ընթացք ունեցած է պետութեան տրամադրութիւններուն հետ, փոխյարաբերութիւններու գծով: Այս պատճառով Պոլսոյ հայոց ուսումնական ու կրթական կեանքի պատմութիւնը իր մէջ կը պարունակէ նաեւ պետական քաղաքական, ազգային ու կրօնական վերիվայրումներու պատմութիւնը: Գիրքը ամփոփուած է հինգ անջատ գլուխներու ներքեւ` առանձին խորագիրներով:
Առաջին գլուխը կը կրէ` «Ընդհանուր ակնարկ նախքան 1790 թուականը» խորագիրը:
Այս խորագիրին տակ հեղինակը պատմական տուեալներու հիման վրայ համառօտ կերպով կ՛անդրադառնայ Պոլսոյ հայ ժողովուրդի գաղթականութեան ազդակներուն, բիւզանդական շրջանի հայոց կեանքին, Կոստանդնուպոլսոյ առումին, հայոց պատրիարքութեան հաստատման, հայ համայնքի կազմութեան ու նաեւ օսմանեան հայոց մէջ կրթական շարժման սկզբնաւորութեան: Հակիրճ տողերով տեղեկութիւններ կը փոխանցէ նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան հաստատման պարագաներու, Վենետիկի Ս. Ղազար եւ Վիեննայի Ս. Աստուածածին մենաստաններու հաստատման` անդրադառնալով դարերու ընթացքին այս զոյգ միաբանութիւններուն կատարած կրօնական, ազգային, կրթական, պատմական, թարգմանչական, պատմաբանասիրական, հրատարակչական ու այլ բնագաւառներէ ներս կատարած անուրանալի դերին: Կ՛անդրադառնայ Հայ եկեղեցւոյ ծոցէն յարանուանութեանց բաժանումի տխուր պատկերին, աշխարհաբար լեզուն ստեղծելու անհրաժեշտութեան եւ այս ուղղութեամբ քրտինք հոսեցուցած երախտաւորներու գործունէութեան: Երկրորդ բաժինը ունի «Կրթական շարժումը ու զարգացումը մինչեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակումը» խորագիրը:
Այս խորագիրին տակ յատուկ տեղ տրուած է Շնորհք Մկրտիչ Ամիրայի կեանքին, հրատարակչական գործունէութեան ու մասնաւորաբար իր հաստատած անդրանիկ թաղային վարժարանին, 1790-1851 թուականներու միջեւ կատարուած կրթական առաջին գործունէութեան, թաղային առաջին կրթարաններու եւ անոնց կիրարկած ուսման ծրագիրներու մշակման, Ուսումնական խորհուրդի կազմութեան եւ գործունէութեան, Ազգային վարժարաններու բարեկարգութեան, Ազգային Կեդրոնական եւ Ուսումնական խորհուրդին կողմէ հրատարակուած ու հրապարակուած տեղեկագիրներու, կանոնագրութիւններու եւ համարատուութիւններու կարեւորութեան, նախնական կրթութեան հիման վրայ հաստատուած կազմական կանոնագրութեան, հայ ազգային եւ անհատական վարժարաններու հանդէպ կառավարութեան գործադրութիւններուն. ազգային սահմանադրութեան ծագման եւ զարգացման, հայ ազգային եւ անհատական վարժարաններու հանդէպ պետութեան գործունէութիւններուն ու միջամտութիւններուն, 1908-ի օսմանեան սահմանադրութեան. 1909-ի հակայեղափոխական շարժման ու Ատանայի կոտորածի տխուր պատկերին, կրթական գործի զարգացման աշխատանքներու ընթացքին պետական միջամտութիւններուն, Պալքանեան զոյգ պատերազմներու խղճալի կացութեան, Ա. Համաշխարհային պատերազմի տխուր տարիներուն, պոլսահայ ազգային, կրօնական, կրթական, ուսումնական, բարեգործական եւ ընդհանրապէս համայնքային կեանքի քայքայման, տեղահանութեան եւ Ցեղասպանութեան պարագաներուն, Զաւէն պատրիարքի աքսորման պայմաններուն, զինադադարի հաստատման, որբանոցներ հաստատելու անհրաժեշտութեան, Ազգային խնամատարութեան հաստատման ու գործունէութեան, հայ որբերու ու գաղթականներու արտասահման փոխադրութեան, անկախ Հայաստանի հռչակման ու Թուրքիոյ եւ այլ պետութիւններու կողմէ ճանաչման, վերջապէս` ոչնչացման եզրին նոր շրջանի մը հաստատման: Երրորդ գլուխը կը կրէ «Թուրքիոյ Հանրապետութեան շրջանը» խորագիրը: Հեղինակը այս խորագիրին տակ կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակման, թուրք-հայ բարձրացման միութեան ստեղծման ու գործունէութեան, Լոզանի դաշնագիրի վաւերացման, Լոզանի միջազգային դաշնագիրի փոքրամասնութիւններու համար սահմանած յատուկ իրաւունքներու գործադրութեան հիման վրայ ազգային սահմանադրութեան սահմանափակման ու մասնակի իրականացման, թրքահայ ազգային, կրթական, ընկերային ու համայնքային կեանքի վերակազմութեան, հայ վարժարաններէն ներս հանրապետութեան շրջանին պետական ծրագիրի պարտադրաբար կիրարկման, հայոց պատրիարքներու յաջորդական ընտրութեանց պարագաներուն, Ուսումնական խորհուրդի եւ Ազգային վարչութեան ու այլ խորհուրդներու ջնջման, հայերէն դասագիրքերու պատրաստութեան, ուսուցիչներու դասաւանդութեան վաւերացման, մասնաւոր վարժարաններու յատուկ յաջորդական օրէնքներու կիրարկութեան, քաղաքական պայմաններու բերմամբ հայ վարժարաններու, մասնաւորաբար գաւառէն Պոլիս գաղթող աշակերտներու արձանագրութեան նկատմամբ ստեղծուած դժուարութեանց, պատմութեան ընթացքին ուսուցչաց միութիւններ ստեղծելու անհրաժեշտութեան շարժումին, այժմու Ուսուցչաց միութեան եւ հիմնարկի հաստատման, աշակերտներու ամառնային արձակուրդի համար կազդուրման կայաններու հաստատման եւ գործունէութեան ու նաեւ պատմութեան ընթացքին Հայ մարմնակրթութեան միութեան հաստատման, վարժարաններէն ներս այս մարզին տրուած կարեւորութեան, թաղային ակումբներու հաստատման ու ողիմպիական խաղերու հրապարակային իրագործման:
Չորրորդ բաժինը կը կրէ «Կրթական հաստատութիւններ, որոնք գոյութիւն ունեցան կամ ունին երկու դարերու ընթացքին» խորագիրը:
Այս խորագիրին ներքեւ չորս ենթախորագիրներու տակ կը տրուին բացատրութիւններ` Պոլսոյ մէջ հաստատուած բոլոր վարժարաններուն մասին.
Ա.- Հայ ազգային վարժարաններ,
Բ.- Հայ կաթոլիկ վարժարաններ,
Գ.- Հայ աւետարանական վարժարան եւ
Դ.- Անհատական վարժարաններ:
Այսպէս, տեղեկութիւններ կը տրուին մօտաւորապէս 171 վարժարաններու մասին, որոնք երկու դարերու մէջ գոյութիւն ունեցած են Պոլսոյ մէջ: Ուսումնասիրութեան նիւթ դարձած են վարժարաններու հաստատման պայմանները, կրթական ծրագիրի կիրարկութիւնները, դասաւանդութեան եղանակները: Շեշտը դրուած է այն իրողութեան վրայ, որ ներկայիս այդ 171 վարժարաններէն միայն 16 հատը կրցած է պահել իր գոյութիւնը, հազիւ 3000 երկսեռ աշակերտներով:
Այս բաժինին մէջ հեղինակը տեղ տուած է նաեւ Պոլսոյ մէջ պաշտօնապէս հաստատուած կարի ու ձեւագիտութեան դասընթացքներու կամ լսարաններու, որոնք համախմբած են իգական սեռի հայ եւ օտար ներկայացուցիչները` անոնց փոխանցելով ձեռային աշխատանքներու նրբութիւնները, նաեւ ապահովելով, որ անոնք ի ձեռին ունենան Կրթական տնօրէնութենէն վաւերացուած վկայականներ:
Գիրքը աւարտին կը հասնի հինգերորդ բաժինով: Այս բաժինին մէջ կը ներկայացուի 1902, 1904, 1905, 1929 թուականներու Պոլսոյ հայ վարժարաններու աշակերտներու վիճակացոյցը: Ասոր առընթեր, հինին հետ բաղդատական մը ընելու նպատակով, կը ներկայացուին 1961-2014 թուականներու ցուցակները:
Այս բաժինին մէջ տեղ գրաւած են նաեւ վարժարաններու ընդհանուր ցանկերը, նաեւ` գործօն վարժարաններու անունները, անոնց հիմնադիր եւ տնօրէններու անուանացանկերը:
Որպէս վերջաբան պէտք է շեշտել, որ այս գիրքը արդիւնք է հեղինակի 20 տարուան հետեւողական եւ սպառիչ աշխատանքին:
Գիրքը, որ կը բաղկանայ 800 էջերէ, հեղինակին կողմէ նուիրուած է մեր պաշտելի հօր` Վահան Պ. Յակոբեանի անմոռաց յիշատակին: