Գամիշլիի ՀՄԸՄ-ի եւ ՍՕԽ-ի Վարչութիւններուն Կազմակերպած Ամառնային Դպրոցի Աւարտական Հանդէս

Կիրակի, 9 Յուլիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Գամիշլիի «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ հինգ շաբթուան տեւողութեամբ տեղի ունեցած ամառնային դպրոցի աւարտական հանդէսը, հովանաւորութեամբ ճեզիրէի Հայոց առաջնորդական փոխանորդ Հոգշ.Դոկտ. Ռուբէն Աբղ. Նալպանտեանի, ներկայութեամբ Պատկան Մարմնի, ՀՄԸՄ-ի Ս.Շրջ.վարչութեան անդամ Զաւէն Գասպարեանի, Ս Օխ-ի Շրջ.վարչութեան անդամ Լուսին Յովհաննէսեանի, ազգային, միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներու, ծնողներու և հոծ բազմութեան։

Հանդիսութեան բացումէն ետք, հրաւիրեալները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին անմահ նահատակներուն յիշատակը, որմէ ետք հնչեց Սուրիոյ և Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգները։

Հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հուրի Փաշայեան-Սարգիսեան, որ ամփոփ տեղեկագիրով ներկայացուց ամառնային դպրոցի նպատակն ու գործադրուած աշխատանքը ու ըսաւ. «Նկատի ունենալով որ ազգովին դժուարութիւններու դէմ յան դիման կը գտնուինք, իւրաքանչիւր հայորդիի ազգային ջիղը պէտք է միշտ լարուած մնայ։ Մենք ստիպողական պահանջքն ունինք մեզ իրարու զօդող անքակտելի հանգոյցի մը, նոր սերունդը ճերմակ ջարդէն զերծ պահելու համար, ինչ որ այս դժուար տարիներուն աւելի քան երբեք հրամայական և ճակատագրական պարտք մըն է։ Այս սրբազան գաղափարը իրականացնելու դերը ստանձնած են հայ ընտանիքը, եկեղեցին, դպրոցն ու ազգային միութենական կառոյցները՝ համագործակցաբար»։

Արաբերէն խօսք արտասանեց Մեղրի Ասիլեան, որ լուսարձակի տակ առաւ երկրի անցնող վեց տարիներու տաքնապալի իրավիճակը և անոր անդրադարձը նորահաս սերունդի հոգեկան աշխարին վրայ, ապա անդրադարձաւ 2017-ին երեւան եկած խաղաղութեան նշոյլներուն՝ յոյս ներշնչելով Սուրիոյ ժողովուրդին։ Այնուհետեւ ան ողջունեց Սուրիոյ քաջարի բանակը եւ երկրի վսեմաշուք նախագահ Պաշար ալ Ասատը։

Բժշկհ.Մարի Մելքոնեան կարդաց շնորհակալագիր ուղղուած բոլոր միութիւններուն, հաստատութիւններուն և անհատներուն, որոնք իրենց նիւթաբարոյական աջակցութեամբ սատարեցին ամառնային դպրոցի աշխատանքներուն՝ անոնց յաջողութեան գլխաւոր երաշխիքը դառնալով։ Մասնակից 120 աշակերտները գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը ներկայացուցին (երգեր, պարեր, բուրգերու կազմութիւն եւ թատերական երկու ներկայացում։ Առաջինը արաբերէն լեզուով նուիրուած՝ Սուրիոյ միասնութեան գաղափարին, երկրորդը՝ հայ ազատագրական պայքարին։ Յայտագիրը շարունակուեցաւ լոզունքներով և ասմունքներով։
Աւարտին, աշակերտական երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ արաբերէն և հայերէն փունջ մը երգերով։

Հուսկ, Հոգշ.Հայր Սուրբը իր հայրական խօսքը ուղղելով բարձր գնահատեց աշխատող յանձնախումբը, ուսուցչական կազմը, մասնակցող աշակերտներուն ներկայացումները և միութիւններու համագործակցութիւնը՝ մաղթելով, որ բարգաւաճումի օրերը ծաղկին եւ Գամիշլիի հայութիւնը վայելէ խաղաղութիւնը։

Բժկհ. Մարի Մելքոն

Գանձասար

Scroll Up