Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն «Հայաստան-Սփիւռք» Համահայկական 6-րդ Համաժողովի Վերաբերեալ

Յուլիս 22-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան եւ Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները:

Քննարկուեցան սեպտեմբերին կայանալիք «Հայաստան-Սփիւռք» համահայկական 6-րդ համաժողովի կազմակերպման առնչուող հարցեր:

Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները ներկայացուցին նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքը, իրականցուած քայլերը, կազմակերպչական, տեխնիկական եւ բովանդակային խնդիրները, որոնք պէտք է արագ լուծուին: Ըստ տարածաշրջաններու` անոնք զեկուցեցին մասնակիցներու թիւի եւ ընդգրկման մասին:

Քննարկուեցան այն մշակութային ծրագիրները, որոնք պիտի իրականացուին համաժողովին ընթացքին:

Նախարարը կարեւոր նկատեց համագործակցութիւնը համաժողովին մասնակցող գերատեսչութիւններուն հետ: Ան յանձնարարեց հետեւողականօրէն իրականացնել ծրագիրի բոլոր քայլերը, ամփոփել նախապատրաստական փուլը, աշխուժացնել  քարոզչական աշխատանքները:

Նախարարը կատարեց աշխատանքներու վերաբաշխում, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարներուն յանձնարարուեցաւ առաւել հետեւողականօրէն եւ պատասխանատուութեամբ իրականացնել համաժողովի կազմակերպումը` կարեւոր համարելով իւրաքանչիւր բովանդակային եւ կազմակերպական խնդիր` ներգրաւելով նախարարութեան բոլոր աշխատակիցները, կամաւորները, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան մասնակցող ՀԿ-ները:

 

Scroll Up