Կը Մեկնարկէ «Արի Տուն» Ծրագիրի 6-րդ Փուլը

Յուլիս 24-ին, ժ.10:00-ին տեղի կ’ունենայ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրի 6-րդ փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը (հասցէ` Վ.Սարգսեան 3, 9-րդ յարկ):
Ծրագիրի այյս փուլին կը մասնակցին շուրջ 90 պատանի եւ աղջիկ` աշխարհի 10 երկրէ (Ռուսաստան, Ուքրանիա, Պելառուս, Վրաստան, Լիբանան, Յորդանան, ԱՄՆ, Ֆրանսա, Սպանիա, Շուէտ):
Մասնակիցներուն ողջոյնի խօսքով կը դիմէ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: