«Արցախը Իմ Շնչառութիւնս Է. Առանց Արցախի Շնչահեղձ Կ´ըլլամ, Հայաստանը Իմ Աչքերս Են».Անժէլա Սահակեան

Օտար ափերու վրայ  հանգրուանած շատ հայրենակիցներ կ´ապրին Հայաստանով, Հայաստանի՛ համար, կ´ապրին հայերէ՛ն. անոնցմէ մէկն ալ արձակագիր, հրապարակախօս, սենարիստ, Արցախի եւ Հայաստանի գրողներու միութիւններու անդամ, Փարիզի հայկական ձայնասփիւռի  մեկնաբան, լրագրող Անժէլա Սահակեանն է, որ Փարիզի հայկական ձայնասփիւռին մէջ կ´աշխատի` Ֆրանսա տեղափոխուելու առաջին իսկ տարիներէն սկսած: Օրերս Անժէլա Սահակեանը ընդունած էր ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որմէ յետոյ  ֆրանսաբնակ մտաւորականին հետ   բովանդակալից զրոյց մը  ծաւալեցաւ «Հայերն այսօր»-ի խմբագրութեան մէջ: Ժամանակին Հայաստանի միակ հեռուստատեսութեան (այսօր` արդէն Հանրային վերանուանուած) փորձառու եւ վաստակաշատ հեռուստալրագրող, հեռուստատեսութեան մէջ աշխատելու տարիներուն  գործընկերուհիիս` Անժէլա Սահակեանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին հասկցայ, որ ժամանակն ու տարածութիւնը, նոր միջավայրը չեն փոխած անոր մարդկային նկարագիրը, որ անոր գրիչն ու հատու, շիտակ միտքն ալ աւելի  կատարելագործուած են ու կարծրացած` լաւագոյն իմաստով, որ  բազմաթիւ յօդուածներու ու հաղորդումներու, քանի մը ֆիլմերու ու գիրքերու  հեղինակ մեր հայրենակցուհին Փարիզի հայկական ձայնասփիւռով տուած հեղինակային  հաղորդումներով  իր ծննդավայր Արցախի ու Հայաստանի հետ է: Այդ ամէնը կ´ամբողջացնէ  մեր ընթերցողներու ուշադրութեան ներկայացուող հարցազրոյցը:

Անժէլա՛, բարով  եկած ե՛ս  Հայաստան,  հայրենիք, սակայն ոչ ծննդավայր` Արցախ, ուր կը գտնուի  սրտիդ մեծ կէսը, գուցէ` ամբողջը…

-Շատ լաւ նախաբան էր մեր զրոյցին համար` «Բարով  եկած էք»…այնքա՜ն հաճելի է լսել այս բառերը…ես միշտ իմ երկրիս հետ եմ` անկախ այն բանէն, թէ ուր  կ´ապրիմ: Այո՛, իմ կէսս, աւելին` ամբողջը Արցախի մէջ է` իմ չքնաղ ծննդավայրիս մէջ: Մօտ օրերս` նախատեսած եմ երթալ Արցախ` մասնակցելու Գանձասարի 777-ամեայ տօնական ձեռնարկին: Իմ Հայաստան գալս ես յարմարեցուցի այնպէս, որ կարենամ  այդ տօնակատարութեան օրերուն Արցախ այցելել: Միտքս, հոգիս, ուղեղս  միշտ Գանձասարի մէջ են: Իմ ծննդավայրս Գանձասարի մօտ Վանք գիւղն է: Մանկութիւնս անցած է Գանձասարի վեհաշուք համայնապատկերի ներքոյ. մեր բակէն  շատ պարզ ու մօտ կ´երեւէր Գանձասարը, իմ առաւօտներս կը բացուէին Գանձասարի լոյսով եւ երեկոները լեցուած  էին Գանձասարի աստղերով:  Մէջս եղած հաւաքական կերպարի բոլոր դրական գիծերուն  համար կը խոնարհիմ Գանձասարի գմբէթին առջեւ:

15 տարի է, որ ընտանեօք կ´ապրիք Փարիզ, եւ դուն լրագրողական  քու աշխատանքդ կը շարունակես նաեւ Հայրենիքէն  դուրս` Փարիզի հայկական «ԱՅՊ-FM» ձայնասփիւռին մէջ. կտրուելով այն ժամանակուան Ազգային հեռուստատեսութենէն` չես կտրուած հեռուստատեսութենէն ու ձայնասփիւռէն: Բարեբախտութիւ՞ն կը համարես ատիկա, թէ՞ տաժանակիր աշխատանք:

-Առաջին հերթին բարեբախտութիւն կը համարեմ, որովհետեւ չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ պէտք  է ընէի, ո՞ր բնագաւառին մէջ կը կարենայի ինքզինքս դրսեւորել, եթէ չըլլար հայկական ձայնասփիւռը: Խօսքս ոչ թէ կը վերաբերի իմ անձիս դրսեւորման, այլ` լրագրողի հայեացքին, տեսակէտին, նպատակային աշխատանքին` ներկայացնելու իմ Հայրենիքս: Ես Ֆրանսա  գացած եմ ոչ թէ այնտեղ լաւ ապրելու, կենցաղավարելու համար, այլ իմ` լրագրողի խօսքը աւելի հասանելի դարձնելու Սփիւռքի մէջ ապրող իմ հայրենակիցներուս. Փարիզի հայկական ձայնասփիւռը կու տայ այդ հնարաւորութիւնը: Թէ ինչ հանգամանքներու մէջ  Ֆրանսայի մէջ յայտնուած եմ, անկեղծօրէն ըսեմ, որ ատիկա իմ կամքէս դուրս էր:

Այստեղ` Հայաստանի՞ մէջ   քեզի աւելի շատ լրագրող կը համարէիր,  թէ՞ Փարիզի մէջ.  լրագրողական գործունէութիւն ծաւալելու համար ո՞ւր  քեզի աւելի լայն հնարաւորութիւն  տրուած է,  ո՞ւր  առաւել կայացած, հասունացած ես որպէս լրագրող:

-Անկեղծ պէտք է ըլլամ ու ըսեմ, որ ես առաւել կայացայ ու հասունացայ Փարիզի մէջ: Երբ Հայաստանի մէջ էի, ամիս  անգամ մը որեւէ հաղորդում կը պատրաստէի, իսկ երբ սկսայ աշխատիլ «Լրաբեր» տեղեկատուական ծրագիրին մէջ, տնտեսական,  քաղաքական կամ մշակութային հակիրճ, թռուցիկ լրատուական նիւթեր կը  պատրաստէի: Լրագրողի դաշտը պէտք է ազատ ու անկախ ըլլայ, ծաւալուելու հնարաւորութիւն  ընձեռէ. պէտք է խոստովանիմ, որ այս առումով, իրօք, առաւել կայացայ Փարիզի մէջ աշխատելու տարիներուն:

Խօսինք  Հայաստանէն Սփիւռքին հասնող լուրերու  ճշմարտացիութեան մասին:

-Սովորաբար, դեղին մամուլը միշտ ալ շատ արագ կը սողոսկի ու տարածուի ամէնուր:  Շատ կարեւոր է Սփիւռքի մէջ Հայրենիքի մասին դրական տեղեկատուութիւն  տալը,  չի կարելի Հայրենիքը սեւացնել. ի վերջոյ, մենք մեր տան, մեր ծնողին վրայ պէտք չէ քարեր նետենք…ի հարկէ, մերժելի բաներ կան, սակայն միայն մեր մօտ չէ այդպէս, աշխարհի մէջ ամէն ինչ չէ, որ հարթ կ´ընթանայ: Չմոռնանք, որ 25 տարի մենք պատերազմի մէջ ենք. եթէ  զինուոր մը անգամ կը զոհուի սահմանին, ուրեմն պատերազմը դեռ չէ աւարտած, արտագաղթի պատճառներէն մէկն ալ հէնց այդ իրավիճակն է: Ուր պատերազմ, այնտեղ` փախուստ, սակայն ատիկա  թոյլ մարդու քայլ է, այդ մարդոց չի կարելի դաւաճան ու  հայրենադաւ համարել, պէտք է բացատրական աշխատանք տանիլ. չկայ  այնպիսի մեխանիզմ մը, կառուցուածք, որ մարդոց բացատրեն, ըսեն` ու՞ր կը տանիս քու երեխադ կամ` հէ՛նց դուք` մեծերդ, ու՞ր կ´երթաք…մարդոց հետ  աշխատանք չի տարուիր այդ թեմայով: Բերեմ իմ օրինակս` ոեւէ մէկը չըսաւ` ու՞ր  կ´երթամ, եկուր այս աշխատանքը ըրէ, մի՛ երթար…չկար որեւէ կառոյց, ուր բացատրական աշխատանք տարուէր: Այդ բացը պէտք է լրացուի:

Անժէլա՛, խօսինք Փարիզի հայկական ձայնասփիւռի գործունէութեան եւ քու հաղորդաշարերուդ մասին:

– Բարեբախտութիւն է, որ մենք այնտեղ ունինք հայկական ձայնասփիւռ: Փարիզի «ԱՅՊ-Ֆմ» ձայնասփիւռի երկու` հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով կը հեռարձակուի: Այն  կը հեռարձակուի  ամէն  օր` 24 ժամ: Մեր նախագահը Հենրի Փափազեանն է, որուն ջանքերով ստեղծուած է ձայնասփիւռը, իսկ տնօրէնը` Վարդան Գաբրիէլեան, որ  մշակութային շատ հետաքրքիր հաղորդումներ կը պատրաստէ: Ինքս երկու հաղորդաշարի հեղինակ եմ: Սկիզբը ըրած եմ «Արցախապատում» հաղորդաշարը.  ուրախ եմ, որ այդ յայտագիրը ժամանակին յայտնուեցաւ ձայնասփիւռի հաղորդումներու շարքին, միւսը`«Բաց նամակ ճշմարտութեան պարտադրանքով» հաղորդաշարն է, որուն ծիրէն ներս կը ներկայացնեմ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը, նոր դրուագներ, երկիրներու ճանաչում,  ուրիշ հեղինակներու` Ցեղասպանութեան  նուիրուած հրապարակախօսական  նիւթեր: Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ինծի նուիրած է «Հայկական սփիւռքը  յարափոփոխ աշխարհի մէջ» իր հեղինակած գիրքը, որ ես պիտի ներկայացնեմ իմ հաղորդաշարովս, որովհետեւ ատիկա՛ ալ աշխարհին  ուղղուած   բաց նամակ մըն է: Այդպէս  ներկայացուցած  եմ  նաեւ  Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու մատեանը», Քրիստ Պոյաճեանի եւ շատ այլ հեղինակներու գիրքերը: Այդ հաղորդաշարերու նիւթերը հաւաքելով ու ամբողջացնելով` ես երկու  մասով  գիրք  կազմեցի, որուն մէկ մասը վերնագրեցի «Բաց նամակներ` ուղղուած աշխարհին», իսկ միւս մասը վերնագրեցի «Հայոց ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի», ուր կը  ներկայացնեմ  Արցախ գոյամարտի դրուագները, կը գրեմ, որ այսօր ալ պատերազմը կը շարունակուի, Հայոց ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, եւ չէ փոխուած թուրքի ձեռագիրը, պարզապէս այն  տեղափոխուած է իրեն Ատրպէյճան անուանող ինքնակոչ  պետութիւն մը` Մահ հայերուն`  նոյն կարգախօսով: 1000 օրինակով  Հայաստանի մէջ տպագրուած գիրքը շատ մեծ յաջողութիւն ունեցաւ,  մաս մը տեղափոխեցինք Փարիզ, ուր Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհանդէսը, որուն կը մասնակցէին հարիւրաւոր մարդիկ: Անցեալ տարի գիրքը թարգմանուեցաւ ֆրանսերէն եւ թրքերէն լեզուներով: Շնորհանդէսը լուսաբանուեցաւ  նաեւ  քանի մը թերթերու մէջ: Արփեն Մովսիսեան լաւ ֆիլմ մը նկարեց այդ գիրքին մասին:

Որո՞նք են գիրքը ֆրանսերէնով կարդացողները:

-Եւ  ֆրանսացիները, եւ՛ ֆրանսախօս  մեր հայրենակիցները: Ըսեմ, որ մենք այնտեղ ունինք շատ հզօր, հայրենասէր համայնք:

Հնարաւո՞ր է, որ «Արցախապատում» հաղորդաշարի նիւթերը եւս ամբողջացնես ու գիրքի վերածես:

– Կռահեցիր. գիրքն արդէն պատրաստ է, հրատարակման խնդիր կը մնայ, որովհետեւ տեղափոխման հարց կայ: Մտադիր եմ այն քիչ-քիչ, սակայն տպագրել Սփիւռքի հայկական տարբեր համայնքներու մէջ: Պատրաստ է նաեւ «Իրական պատկերներ» գիրքը:

Անժէլա՛, ոչ մէկուս համար ալ գաղտնիք չէ, որ նորարարական տեխնոլոգիաներու այս դարաշրջանին մէջ  գիրքը, թղթային մամուլը  գրեթէ ընթերցող չունի, համացանցը հզօր քայլերով ետ  մղած է այդ ամէնը. չե՞ս վախնար, որ քու գիրքերդ այդ ճակատագիրին արժանանան:

-Ո՛չ, չեմ վախնար, որովհետեւ, երբ տեխնիկան դադրի աշխատիլ, գիրքը կը մնայ, ընթերցողներ միշտ ալ կ´ըլլան: Այսօր չունի՞նք ընթերցող, վաղն անպայմա՛ն կ’ունենանք:

Անդրադառնանք նաեւ քու ստեղծած ֆիլմերուդ, որոնք տարիներ առաջ շարունակ կը ցուցադրուէին հեռուստատեսութեամբ, սակայն, գուցէ, Հայրենիքի մէջ քու բացակայութեանդ պատճառով, ատոնք կարծես մոռացութեան  մատնուած են. չե՞ս ուզեր թարմացնել  ֆիլմերու ցուցադրման գաղափարը:

-Ունիմ քանի մը ֆիլմեր, որոնք, այո՛, ցաւօք, ներկայ օրերուն չեն ցուցադրուիր. ես շատ կ´ափսոսամ, որովհետեւ ատոնք մեր ժողովուրդի տարեգրութեան էջերէն են: «Երկու կրակոց»` նուիրուած Գեղազնիկ Միքայէլեանին եւ Վիտեա Այվազեանին, «Ղարաբաղը մի կակաչ»,  Մուշեղ Գալշոյեանին նուիրուած «Բրաբիոն ծաղիկ որոնողը»  տեսաֆիլմը, որուն մէջ ներկայ էին Համօ Սահեան, Վահագն Դաւթեան, Սիլվա Կապուտիկեան,  երկրաշարժին նուիուած «Հոգին չի մեռնում» տեսաֆիլմը, Գանձասարի մասին պատմող ֆիլմը… Եկած է անտարբերութեան շա՜տ ցաւալի  ժամանակաշրջան մը. վաղուց արդէն ժամանակն է վերաարժեւաւորելու, վերագնահատելու եւ մոռացութեան  փոշիներէն հանելու  շատ տարիներ առաջ պատրաստուած հեռուստատեսային լաւագոյն հաղորդումներն ու տեսաֆիլմերը, մեծ ու փոքր բեմադրութիւնները, մեր հոգեւոր արժէքներու,բանաստեղծութեան ու գրականութեան գոհարներու մասին եղած հաղորդաշարերը. արհեստավարժներու  հիանալի խումբ մը աշխատած է այդ դաշտին մէջ, այդ մասին չի կարելի մոռնալ, չի կարելի անտեսել ոչինչ ու ոեւէ մէկուն:

Դուն ծանօ՞թ ես ՀՀ սփիւռքի նախարարի նախաձեռնած «Դուն ի՞նչ կ´ընես Արցախի համար» համահայկական շարժման:

-Շատ ողջունելի նախաձեռնութիւն է, շատ հետաքրքիր հարցադրում, այո՛, մեզմէ իւրաքանչիւրը իրեն պէտք է տայ այդ հարցը, քանի որ  Արցախ պատերազմական գօտի է, որուն  սահմանները կը պահեն մեր ջահէլ  տղաները, մեր զաւակները: Պէտք է ամէն կերպ` հոգեպէս, բարոյապէս, նիւթապէս աջակից ըլլանք մեր զինուորներուն, պէտք է քաջալերենք մեր զինուորներուն, նեցուկ ըլլանք Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին: Արցախ ճանչցուա՛ծ է, Արցախն անկա՛խ է, Արցախն ունի կառավարութիւն, ունի իր դրօշը՛, աշխարհ կը ճանչնայ Արցախը, ո՞վ է Թուրքիան, որ պէտք է ճանչնայ կամ չճանչնայ Արցախի անկախութիւնը…Արցախի հարցով հետաքրքրուող շատ օտարերկրացիներ տեղեկացան  նաեւ Հայաստանի մասին:

Եր՞բ դարձար Սփիւռքի նախարարութեան բարեկամը. դուն հանդիպած ես նաեւ նախարարին, ի՞նչ հարցեր   քննարկած էք:

-Նախարարութեան հետ կապը եղա՛ծ է. սփիւռքի նախարարի հետ զրոյցները միշտ ալ

հետաքրքիր կ´անցնին, ան  հրաշալի գիտէ բոլոր տարածաշրջանները, Հայկական սփիւռքի պատմութիւնը: Իմ առաքելութեանս նպատակներէն մէկն ալ նախարարութեան եւ Փարիզի հայկական ռատիոյի հետ կապերն առաւել սերտացնելն  է, ամուր պահելը:

-Ֆրանսաբնակ արցախցի Անժէլա Սահակեան առանց Արցախի ես շնչահեղձ կ´ըլլամ, Հայաստան ինծի համար իմ աչքերս են… Ես կը հաւատամ Հայաստանի հզօր ապագային, ես կը հաւատամ, որ աշխարհին, մարդկութեան Նարեկացի, Թումանեան, Արամ Խաչատրեան ու Մարտիրոս Սարեան, Ուիլեամ Սարոյեան, Շառլ Ազնաւուր, Քըրք Քըրքորեան  տուող ժողովուրդը դեռ այսպիսի շատ  նոր ծնունդներ կ’ունենայ:

 Ահա այսպիսի ոգեւորիչ ու լաւատեսական խօսքերով աւարտեցաւ իմ զրոյցս փարիզաբնակ  հայ մտաւորական Անժէլա Սահակեանի հետ:

Կարինէ Աւագեան

Scroll Up