«Հայաստանի ՄԷջ Հանգիստ Կը Զգամ». «Արի Տուն-2017» Ծրագիրի Մոսկուաբնակ Մասնակից
ՌԴ Մոսկուա քաղաքին մէջ բնակող Նարեկ Վարդանեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Սփիւռքի երիտասարդներու «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրի 4-րդ փուլի մասնակիցներէն է: Առողջ ապրելակերպի կողմնակից է, այդ պատճառով ալ ֆութպոլով կը զբաղի:
Ռուսական դպրոց յաճախելէ բացի, նաեւ հայկական կիրակնօրեայ դպրոց կը յաճախէ, որպէսզի չմոռնայ հայոց լեզուն: Նարեկն ամառնային արձակուրդներուն մշտապէս Հայաստան կու գայ, քանի որ այստեղ ինքզինք հոգեպէս հանգիստ կը զգայ, ինչպէս նաեւ կը կարօտնայ ազգականներուն:
Ուրախ է, որ այս տարուան այցելութիւնը համընկած է «Արի տուն» ծրագիրին հետ: Տպաւորութիւնները մեծ են ծրագիրէն, գեղատեսիլ այնպիսի վայրեր այցելած է, որոնք մեծ ազդեցութիւն ձգած են անոր վրայ:
«Ամէն ինչէ գոհ եմ, մեզի տրուող ուտելիքներն ալ հաճոյքով կերանք, շատ կ’ուզէի տոլմա ալ ուտէինք, շատ կարօտցած էի մօրս պատրաստած թուփով տոլման: Երբ հասնիմ տուն, մօրս պիտի խնդրեմ անպայման պատրաստէ: Նաեւ Հայաստանի համեղ քապապը շատ կը սիրեմ»,-ըսաւ Նարեկը:
Գէորգ Չիչեան