Դամասկոսի ՄԷջ Կը Շարունակուի Հայաստանի Կողմէ Սուրիոյ Ժողովուրդին Ուղղուած Մարդասիրական Օգնութեան Տրամադրումը

Յուլիս 14-ին Դամասկոսի Սբ․ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ Սուրիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր, Սուրիա-հայկական բարեկամութեան յանձնաժողովի նախագահ Նորա Արիսեանի, Դամասկոսի Հայ Առաքելական թեմի առաջնորդ Արմաշ արքեպիսկոպոս Նալպանտեանի, Դամասկոսահայ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն եւ Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան անձնակազմի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Դամասկոսի բնակչութեան` մարդասիրական օգնութեան հերթական մասնաբաժինի յատկացումը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Այս անգամ եւս պատերազմէն տուժած աւելի քան հարիւր ընտանիքներ ստացան մարդասիրական օգնութեան իրենց հասանելիք չափաբաժինները` մեծ երախտագիտութեամբ եւ գոհունակութեամբ ընդունելով բարեկամ Հայաստանի մարդասիրական օգնութիւնը:
Այս կապակցութեամբ սուրիական լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին Արմաշ արք. Նալպանտեան բարձր գնահատեց Սուրիա-հայկական բարեկամութեան յանձնաժողովի, Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ հայկական համայնքային կառոյցներու համագործակցութեան արդիւնաւէտութիւնը: Իր հերթին Նորա Արիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց բարեկամ Հայաստանի կառավարութեան սուրիացի ժողովուրդին աջակցելու համար:
Տեղեկանք. Բացի Դամասկոսէն, հայկական մարդասիրական օգնութիւնը յատկացուած է նաեւ Հալէպի, Լաթաքիոյ, Քեսապի եւ Հոմսի բնակիչներուն: Հայաստանի մարդասիրական գործունէութիւնը Սուրիոյ մէջ կը գտնուի տեղական լրատուամիջոցներու մշտական ուշադրութեան ներքոյ եւ լայնօրէն կը լուսաբանուի մամուլին մէջ: