«Արի Տուն» Ծրագիրէն Ներս Հայերէն Գրել Եւ Կարդալ Սորվեցայ. Էմիլիա Միքայէլեան

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը, Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ բնակող Էմիլիա Միքայէլեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն-2017» ծրագիրի ծիրէն ներս մասնակցելով հայոց լեզուի արագացուած դասընթացներուն, հայերէն գրել եւ կարդալ սորված է, որուն համար այնչափ ուրախ է:

Հայերէնի իմացութիւնը նպաստած է նաեւ հայկական հեռուստաալիքներ դիտելն ու հայկական երգեր լսելը:

Կը կարծէ` «Արի տուն»-ը Սփիւռքի երիտասարդներուն Հայաստանի շուրջ համախմբելու, անոնց հայկական աւանդոյթներուն ու մշակոյթին ծանօթացնելու հիանալի ծրագիր է: Այցելած վայրերէն շատ հաւնած է յատկապէս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, ուր մոմ  վառած է Հայաստանի խաղաղութեան համար, իսկ Ծիծեռնակաբերդի մէջ գտնուելուն` շատ յուզուած է` յիշելով, թէ հայերը գաղթի ճանապարհին ինչպիսի տանջանքներու  ենթարկուած են: Ամէնէն շատ տպաւորուած է զօրամասին մէջ անցուցած ժամանակէն, ուր ծանօթացած է զինուորներու առօրեային եւ անոնց ճաշացանկէն օգտուած:

Աւելցնենք, որ Էմիլիան ծնած է Աշտարակ քաղաքին մէջ, մէկ ամսական  եղած է, երբ ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Ֆրանսա: Այս տարի ընդունուած է համալսարան, ապագայ հաշուապահ է:

Գէորգ Չիչեան

 

Scroll Up