Քուէյթի Հայոց Թեմի Առաջնորդը Եւ Ազգային Վարժարանի Տնօրէնը Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քուէյթի Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս ծայրագոյն վարդապետ Զոպույեանը եւ Քուէյթի ազգային վարժարանի տնօրէն Ներսէս Սարգսեանը:

Ողջունելով հիւրերը` նախարարը բարձր գնահատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քուէյթի թեմի գործունէութիւնը, հայապահպանութեան ուղղուած ջանքերը եւ իր գոհունակութիւնը արտայայտեց այն հայապահպան գործունէութեան համար, որ կ’իրականացնեն Քուէյթի երկու առանցքային կառոյցները:

Նախարարը նշեց, որ հպարտութեամբ կը համակէ համայնքը, ուր հայերը շատ մեծ ներդրում ունին հայ-քուէյթեան յարաբերութիւններուն, Քուէյթի տնտեսութեան, մշակոյթի զարգացման գործին մէջ: 15 հազարնոց հայկական համայնքը Քուէյթի մէջ զբաղուած է արհեստագիտութեան ոլորտներուն մէջ, կը փայլի ստեղծագործական աշխատանքով: Նախարարը կարեւոր համարեց սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն համայնքի աշխոյժ մասնակցութիւնը:

Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին Սփիւռքի նախարարութեան եւ, մասնաւորապէս նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին ջերմ ընդունելութեան այն հետեւողական աջակցութեան համար, որ կը ցուցաբերեն Քուէյթի ազգային վարժարանին եւ ողջ համայնքին:

Մասիս ծայրագոյն վարդապետ Զոպույեան կարեւոր համարեց Սփիւռքի նախարարի այցելութիւնները, նշեց որ ատոնք մեծ ոգեւորութիւն կ’առաջացնեն համայնքներուն մէջ, ուր նախարարին խօսքերը կ’ընկալեն, որպէս ուղերձներ: Ան նշեց, որ Սփիւռքը մեծ երախտագիտութեամբ կ’ընդունի նախարարութեան աջակցութիւնը եւ բարձր  կը գնահատէ այն առաքելութիւնը, որ կ’իրակնացնէ նախարարն ու նախարարութեան աշխատակազմը:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ եւ ազգային վարժարանին նուիրումին, աշխուժութեան ու հայրենիքին աջակցելու պատրաստակամութեան համար:

Scroll Up