«Մենք Տունը Հայկական Միջավայրի Մէջ Կ´ապրինք». «Արի Տուն 2017» Ծրագիրի Յունահայ Մասնակից

«Հայերն այսօր»-ը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Սփիւռքի երիտասարդներու «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրի մասնակիցներուն հետ կը շարունակէ զրուցել հայրենիքի մէջ անցուցած օրերուն, ծրագիրէն ստացած տպաւորութիւններուն մասին: Մեր հերթական անդրադարձը 13-ամեայ յունահայ Ալիսա Քիւրքչեանի մասին է.
– Այս տարի աւարտեցի ՀԲԸՄ «Ա. Գալփակեան» վարժարանը: Կը կարծեմ` ուսումնական տարիներու ամենակարեւոր ձեռքբերքումը հայերէն խօսիլ սորվիլն էր. քաջ կը գիտակցիմ, որ Մայրենին տիրապետելով` կրնամ պահպանել ազգային դիմագիծը եւ հպարտանալ հայ ըլլալով: Մեր տան մէջ ալ հայկական միջավայրի մէջ կ´ապրինք. Իրար հետ միայն հայերէն կը խօսինք, բոլոր հայկական տօները պարտադիր կը նշենք, որոնցմէ յատկապէս Սուրբ Զատիկի տօնակատարութիւնը կը սիրեմ:
Իսկ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, քրիստոնէական հաւատքին հաւատարիմ մնալու նպատակով` կ´այցելեմ եկեղեցի եւ կը մասնակցիմ կիրակնօրեայ պատարագներուն: Շատ համախմբուած համայնք ունինք, հայապահպան տարբեր ձեռնարկներ կը կազմակերպուին, որոնց միջոցով ալ աւելի կ´ամրապնդուի մեր կապը Հայաստանի հետ:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրը հիանալի առիթ հանդիսացաւ` նոր ընկերներ ձեռք բերելու, Հայաստանի տեսարժան վայրեր այցելելու համար: Ծրագիրի ծիրէն ներս շատ լաւ ժամանակ կ´իրականացնենք, ուրախ եմ, որ Արարատ լեռը տեսայ, տպաւորուած եմ Խոր Վիրապ, Էջմիածին, Մատենադարան եւ միւս վայրեր այցելութիւններէն:
Նկատեցի, որ ամէն ինչ լաւ կազմակերպուած էր` սկսած ցուցաբերած հոգատարութենէն, վերջացած մեզի տրուող համեղ սնունդէն:
Գէորգ Չիչեան