Աւարտեցաւ «Արի Տուն» Ծրագիրի Եւս Մէկ Փուլ

Յուլիս 14-ին Աղաւնաձորի «Արի տուն» ճամբարին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի երրորդ փուլի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան, նախարարութեան աշխատակիցներ, հիւրեր:
Ողջունելով արիտունցիները` Վահագն Մելիքեան փոխանցեց Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ջերմագին խօսքերը: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Սիրելի՛ պատանիներ եւ աղջիկներ, ուրախ եմ ողջունել ձեզ Հայրենիքում: Հայաստանը ձեր տունն է, բարով էք եկել: Դուք մեր ապագան էք: Պահէք ու պահպանէք մեր երկիրը, պահպանէք մեր ոսկեղենիկ լեզուն ու աւանդոյթները: Հաւատում եմ, որ այս օրերը ուրախ ու բովանդակալից են անցել, եւ ձեր կապը Հայրենիքի հետ աւելի կը սերտանայ: Երբ վերադառնաք տուն, կը լինէք Հայաստանի դեսպանները Սփիւռքում: Բոլորդ ամուր կապուէք իրար, ցանց ստեղծէք, ներգրաւէք նաեւ ձեր միւս ընկերներին, եղէք համախմբուած եւ միասնական»:
Արիտունցիները հանդէս եկան համերգային ծրագիրով, որ պատրաստած էին ճամբարային օրերուն ընթացքին, երգեցին ու պարեցին խարոյկին շուրջ:
Աւելցնենք, որ ծրագիրի 3-րդ փուլին կը մասնակցի 172 սփիւռքահայ պատանի ու աղջիկ աշխարհի 14 երկրէ` Ռուսաստան Դաշնութենէն, Ուքրանիայէն, Պելառուսէն, Մոլտովայէն, Վրաստանէն, Թուրքիայէն, Ապխազիայէն, Յորդանանէն, Քուէյթէն, ԱՄՆ-էն, Հոլանտայէն, Կիպրոսէն, Չեխիայէն եւ Շուէտէն: