Տեղի Ունեցաւ «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Երեք Դասընթացներու Փակման Արարողութիւնը

Յուլիս 14-ին ԵՊՀ մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի Երիտասարդ առաջնորդներու եւ համայնքային գործի կազմակերպիչներու, Սփիւռքահայ լրագրողներու եւ Ազգային երգի ու պարի վարպետութեան դասընթացներու փակման արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան 90 սփիւռքահայեր աշխարհի 17 երկիրներէ:
Դասընթացներու փակման արարողութեան մեկնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան: Ան ներկաներուն փոխանցեց Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը եւ մասնաւորապէս նշեց. «ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Երեւանի պետական համալսարանի ջանքերով եւ ի հարկէ տարբեր երկրներից ժամանած մասնակիցների շնորհիւ «Սփիւռք» ամարային դպրոցի այս երեք ուղղութիւններն այս տարի եւս յաջող ընթացք ունեցան: Ի հարկէ, այս ամէնն անհնարին կը լինէր առանց լուրջ եւ տեւական աշխատանքի, որը սովորական աշխատանք չէ, այլ նախեւառաջ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող խնդիրների լուծման ուղղուած աշխատանք է: Իւրաքանչիւր դասընթացի նախապատրաստական փուլում ամենայն աչալրջութեամբ է կատարուել դասախօսական կազմի ընտրութիւնը»,-նշեց Սերժ Սրապիոնեան: Նախարարի տեղակալը ընդգծեց, որ «Սփիւռք» ամարային դպրոցի առաքելութիւնն ամէնից առաջ հայապահպանութեանը նպաստելն է: «Ձեզանից իւրաքանչիւրը նոյնպէս իր առաքելութիւնն ունի: Դուք պիտի միասնաբար գործէք, մէկ բռունցք դառնաք եւ կապուած մնաք հայոց երկիրին, նրա մշակոյթին, երգ ու պարին: Դուք պիտի դառնաք լաւագոյն լրագրողը, առաջնորդը, պարուսոյցը, դրանով իսկ հզօրացնելով նախեւառաջ ձեր Հայրենիքը»,-նշեց Սերժ Սրապիոնեան:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի պատասխանատու, ԵՊՀ Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան: «Նախ կը ցանկամ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր սփիւռքահայ մասնակիցներուն իրենց ներկայութեան համար: Ձեզի խնդրանք մը ունիմ` երբեք չմոռնաք Հայաստանը, Սփիւռքի նախարարութիւնը ու Երեւանի պետական համալսարանը: Միշտ յիշէք, որ Հայրենիքի մէջ կան այնպիսի կառոյցներ, որոնք պատրաստ են որեւէ ժամանակ ըլլալ ձեր կողքին: Ձեր բնակութեան վայրերուն մէջ բարձր պահէք այն դրօշը, որն այսօր կը փոխանցենք ձեզի»,- ըսաւ Մհեր Յովհաննիսեան:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի Երիտասարդ առաջնորդներու եւ համայնքային գործի կազմակերպիչներու, Սփիւռքահայ լրագրողներու եւ Ազգային երգի ու պարի վարպետութեան դասընթացներու ղեկավարները: Երիտասարդ առաջնորդներու եւ համայնքային գործի կազմակերպիչներու դասընթացքի ղեկավար Եկատերինա Ալթունեան նշեց, որ դասընթացքի ձեռքբերումներէն մէկը կարելի է համարել ընդհանուր հարթակի ստեղծումը, որ յետագային պիտի դառնայ նոր ծրագիրներու եւ նախաձեռնութիւններու հիմք: Դիմելով ամառնային դպրոցի մասնակիցներուն` Սփիւռքահայ լրագրողներու դասընթացքի ղեկավար, ԵՊՀ լրագրութեան բաժանմունքի տնօրէն Նաղաշ Մարտիրոսեան մասնաւորապէս ըսաւ. «Հայրենիքը ձեզմէ իւրաքանչիւրին սրտին ու հոգիին մէջ է, այդ Հայրենիքի կորուստը հաւասարազօր է սեփական եսի կորուստին: Ուստի կը խնդրեմ միշտ Հայրենիքին հետ ըլլալ, Հայրենիքով ու Հայրենիքի մէջ ապրիլ»:
Ազգային երգի ու պարի վարպետութեան դասընթացներու ղեկավար, ԵՊՀ Մշակոյթի կեդրոնի տնօրէն Կարինէ Դաւթեան իր երախտագիտութեան խօսքը յայտնեց յատկապէս այն դասախօսներուն եւ ուսուցիչներուն, որոնք դասաւանդած են «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի այս երեք դասընթացներուն ընթացքին: «Յատկանշական է նաեւ այն, որ ամառնային դպրոցի մասնակիցներէն շատերը Հայրենիքի մէջ կը բացայայտեն նաեւ իրենց արմատները, կը վերագտնեն իրենց ինքնութիւնը: Վառ օրինակ է Պուլկարիայէն ժամանած եւ Ազգային երգ ու պարի վարպետութեան դասընթացքին մասնակցող Կրոնիքա Գաֆաֆեան, որ պարուսոյց Գագիկ Գինոսեանի շնորհիւ պարզած է, որ ինք հայ ֆիտայական պայքարի մեծանուն ներկայացուցիչ Արշակ Գաֆաֆեանի` Քեռիի ժառանգներէն է: Սա մեզի համար իրօք նշանակալի իրադարձութիւն էր»,-նշեց Կարինէ Դաւթեան:
Այնուհետեւ Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան եւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի պատասխանատու Մհեր Յովհաննիսեան մասնակիցներուն յանձնեցին ամառնային դպրոցին մասնակցութիւնը վկայող հաւաստագիրներ:
Ձեռնարկին ընթացքին իրենց շնորհակալական խօսքը ըսին նաեւ ամառնային դպրոցի սաները:
Համերգային համարներով հանդէս եկան Ազգային երգ ու պարի վարպետութեան դասընթացքի մասնակիցները: Ձեռնարկին աւարտին ցուցադրուեցաւ դասընթացներու եւ մասնակիցներու մասին պատմող փոքրիկ տեսանիւթ: