«Miss & Mr Summer Lebanon» Մրցոյթի Մասնակիցները Հիւրընկալուեցան Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ

Յուլիս 14-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան ընդունեց Լիբանանի «Miss & Mr Summer Lebanon» մրցոյթի մասնակիցները եւ անոնց ուղեկցող պատուիրակութիւնը, որոնք «Թալինա թրաւել» ընկերութեան աջակցութեամբ ճանաչողական այցով կը գտնուին Հայաստանի մէջ:

Սերժ Սրապիոնեան ողջունեց երիտասարդները եւ նշեց, որ ուրախ է Սփիւռքի նախարարութեան մէջ հիւրընկալելու բարեկամ երկրի` Լիբանանի երիտասարդները: Փոխնախարարն իր խօսքին մէջ կարեւոր համարեց Լիբանանի պետութեան եւ լիբանանցի ժողովուրդի վերաբերմունքը Հայոց ցեղասպանութենէն ետք անօթեւան մնացած հայ գաղթականներուն նկատմամբ: «Հայոց ցեղասպանութիւնից յետոյ Լիբանանը դարձաւ մեր հայրենակիցների կեանքի նոր հանգրուանը: Շնորհիւ բարեացակամ վերաբերմունքի` մեր հայրենակիցները կարողացան շարունակել իրենց կեանքը` հաւատարիմ մնալով, սակայն, սեփական արմատներին, լեզուին եւ ինքնութեանը: Ամոքելով իրենց վէրքը` ստեղծեցին դպրոցներ, մշակութային կենտրոններ, միութիւններ, որոնք շարունակում են իրենց գոյութիւնը շուրջ հարիւր տարի», -նշեց Սերժ Սրապիոնեան ու աւելցուց, որ այսօր արդէն հայերը դարձած են Լիբանանի լիիրաւ քաղաքացիներ եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունին երկրի քաղաքական, մշակութային ու հասարակական կեանքին մէջ:

Փոխնախարարը խօսեցաւ նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն մասին, շեշտելով այն ծրագիրները, որոնք ուղղուած են յատկապէս Սփիւռքի երիտասարդներուն: Այնուհետեւ Սերժ Սրապիոնեան պատասխանեց լիբանանցի երիտասարդներու հարցերուն:

Հանդիպման ներկայ «Միսս Հայաստան» հիմնադրամի ներկայացուցիչ Գայեանէ Շահինեան խօսեցաւ «Միսս Հայաստան-2017» մրցոյթի իրականացման մասին եւ յորդորեց ներկաները այդ մասին տեղեակ պահել իրենց հայ ընկերուհիներուն, ծանօթներուն, որոնք այցելելով հիմնադրամի կայք-էջ` կրնան ծանօթանալ մասնակցութեան մանրամասներուն:

Հանդիպման աւարտին «Miss & Mr Summer Lebanon» մրցոյթի մասնակիցները շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար` միաժամանակ ներկայացնելով Հայաստանի մասին իրենց ունեցած  տպաւորութիւնները:

Scroll Up