«Ես Արուեստագէտ Մըն եմ, Անձնաւորութիւն Մը, Որ Չուզեր Ծնուիլ, Ծնիլ, Մեռնիլ Ու Մոռցուիլ…».Նանոր Քիւրիւմլեան-Հաճեան

Աշխարհասփիւռ հայերն ամէնուր իրենց տաղանդի ուրոյն ձեռագիրը կը դրոշմեն արուեստի ու գիտութեան, մշակոյթի, գործարարութեան եւ կեանքի այլ ոլորտներու մէջ. անոնցմէ շատերը ժառանգաբար փոխանցուած, ի վերուստ տրուած շնորհի կրողներն են: Լիբանանահայ երիտասարդ նկարչուհի Նանոր Քիւրիւմլեան-Հաճեան անոնցմէ մէկն է. գեղանկարչական ինքնատիպ աշխատանքներու հեղինակին հետ «Հայերն այսօր»-ի համար ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին հաճելիօրէն զարմացած էի Նանորի նկարներու պատկերագիրքը թերթելուս. այնքա՜ն մեծ սէր, ջերմութիւն, հաւատքի ամուր սիւներ կամարուած էին այդ կտաւներուն մէջ, որոնց մասին Նանորը կը խօսէր ` ինչպէս իր հարազատ զաւակներուն:
-Նանո՛ր, բաւականին երիտասարդ ըլլալով` անցած էք ստեղծագործական հարուստ, երկար ու խօսուն ճանապարհ. ինչպէ՞ս դարձաք նկարչուհի, ո՞վ Ձեզի ուղղորդեց դէպի արուեստի աշխարհ:
-Փոքր հասակէս յաճախած եմ «Մարտիկեան» դպրոց, որ կը գտնուէր Անթիլիասի Մայր տաճար: Մեր ծաղիկ դասարանի վկայականներուն մէջ ցուցադրուած էին բոլոր աշակերտներու գործերը, ինչպէս նաեւ` իմս. ես այդ ժամանակ 6 տարեկան էի…բոլոր աշակերտները կրցան վերցնել իրենց գործերը, սակայն իմ գործերս արդէն վաճառուած էին. ես լացի, իմ գործերս ուզեցի, յետոյ հասկցայ, որ այդ նկարները ուշադրութեան արժանացած են ու մարդիկ գնած են զանոնք: Յետագային հասկցայ աւելին` այն, որ ատիկա շնորհքի մասին կը վկայէ, որ ես արդէն իսկ նկարչուհի «ձեռնադրուած» էի…
-Փաստօրէն, 6 տարեկանէն նկարած էք, եւ վաճառքի հանուած են Ձեր գործերը. կը յիշէ՞ք, թէ ինչ թեմաներով ստեղծագործած էք:
-Թեմաները կը յանձնարարէին ուսուցիչները, մենք՝ աշակերտներս, այդ թեմաները մեր ներաշխարհով կը յանձնէինք թուղթին: Ես դեռեւս 5 տարեկանէս կը նկարէի ինծի շրջապատող աշխարհը, Հայոց ջարդի թեմաներով նկարներ կ´ընէի, որ շատ կը յուզէր ինծի: Ջարդի թեմաներուն շուրջ խօսակցութիւնները միշտ լսած եմ մեծերէն, ատոնք շատ տպաւորուած էին մէջս, ու ես կը նկարէի պատկերացուցածս: Գործ մը ունէի, որ շատ հաւնեցաւ «Եղիշէ Մանուկեան» վարժարանի տնօրէն դոկտոր Փափազեան, եւ այդ նկարին մօտ ան գրեց, որ շատ լաւ նկար է…նկարին մէջ հայրն էր, որ աւազներու վրայ սպաննուած իր աղջկան մարմինը շալկած կու լար. այդ նկարը չձգեցին, որ վաճառուի, դպրոցի ցուցահանդէսին տուին, յետոյ տնօրէնը մակագրեց եւ տուաւ ինծի, ու ես մինչ օրս կը պահեմ զայն:
-Եր՞բ ունեցած էք Ձեր առաջին անհատական ցուցահանդէսը:
– Պէյրութի մէջ բացուեցաւ առաջին անհատական ցուցահանդէսս, 17 տարեկան էի այդ ժամանակ, եւ ատիկա իմ առաջին համարձակ քայլս էր. տարբեր թեմաներով եւ տեխնիկական տարբեր միջոցներով եղած 40 նկարներ ներկայացուցած էի: Դեռեւս այդ տարիքին ուրիշ մէկը անհատական ցուցահանդէս չէր ունեցած: Ցուցահանդէսը գրաւեց թերթերու ուշադրութիւնը, լուսաբանեցին, գնահատականներ տուին. արձագանքները շատ էին ու ոգեւորող: Ես մասնակցութիւն ունեցած եմ նաեւ հաւաքական ցուցահանդէսներու: Ունեցած եմ 7 անհատական ցուցահանդէս:
– Ո՞ւր ստացած էք նկարչական ակադեմական կրթութիւն
-Յաճախած եմ «Թորոս Ռոսլին» համազգային կերպարուեստի ակադեմիա, երկու տարի անհատական դասընթացներու յաճախած եմ Վանի Ղուկասեանի մօտ: Ես Կերպարուեստի ակադեմիոյ մէջ շատ երկար դասաժամեր մնալու կարիքը չունեցայ, պէտք է պարզապէս աւելի շատ գծագրութիւն եւ արուեստագիտական այլ միջոցներու տիրապետել սորվէի: Խոստովանիմ, որ այնտեղ ես հաճելի շատ պահեր ունեցայ, օգտակար խորհուրդներ ստացայ:
-Ինչո՞վ կը նկարէք, Նանո՛ր, տեխնիկական ի՞նչ միջոցներով…
-Կը նկարեմ դիմապատկերներ, բնապատկերներ, սրբապատկերներ, աւանդապատումներ` օգտագործելով տեխնիկական զանազան միջոցներ` ջրաներկ, իւղաներկ, կուաշ, չինական մելան, ածուխ եւ այլն:
-Նանո՛ր, նկարելու ձեր շնորհը ժառանգաբա՞ր փոխանցուած է:
-Հօրս հայրը կտաւ կը ներկէր, դերձան, յետոյ կը գրէր, թէ ինչպէս պէտք է հիւսեն, որ գեղեցիկ ստացուի. կը ներկէին, յետոյ` կը հիւսէին, ներկերն ալ իրենք կը պատրաստէին: Եթէ կտորի վրայ պէտք է վարդ հիւսուէր, մեծհայրս կու տար այն ստանալու ձեւը, թերթերու հաշիւը: Մայրական կողմի մեծհայրս ալ կը քանդակէր մարմարի վրայ:
-Վերջին շրջանին Ձեր ստեղծած նկարները հիմնականին մէջ կ´առնչուին հոգեւոր աշխարհին, Աստուածաշնչեան թեմաներուն. ի՞նչը Ձեզի ուղղորդած է դէպի այդ աշխարհ. տեսիլքո՞վ, երազո՞վ առաջնորդուեցաք:
-Ատիկա, առաջին հերթին, կրթութեան, դաստիարակութեան հետ կապուած է. փոքր հասակէս մեզի հայեցի դաստիարակութիւն տուած են, հայրենասիրութեամբ ու հայասիրութեա՛մբ, հաւատքո՛վ սնած: Մենք ապրած ենք այն հպարտութեամբ, որ առաջինը հայերը ընդունած են քրիստոնէութիւնը` որպէս պետական կրօն, որ Քրիստոս` Աստուծոյ Միածին Որդին, Էջմիածին իջաւ…իմ նկարելու շնորհն ալ Աստուծմէ տրուած է: Եթէ Աստուած ինծի շնորհ տուած է, ես ալ պարտաւոր եմ ինչ-որ ձեւով այն վերադարձնել իրեն, մեր ժողովուրդին եւ գոհացում տալ Աստուծոյ: «Սուրբ երրորդութիւն», «Տիեզերքի Թագաւորն ու Թագուհին», «Անարատ յղութիւն», «Աստուածային սէր», «Աւետում», «Հայ ազգի խաչելութիւնը», «Հայ հարսը», «Վերակենդանութիւն», «Կիպրիանոսի աղօթքը», «Աստուածային սէր», «Լոյսի արարիչ», «Յիսուս` իմաստութեան պարգեւիչ» եւ բազմաթիւ այլ գործեր ունիմ Աստուածաշնչեան թեմաներով: Բազմաթիւ են նաեւ տարբեր թեմաներով եղած գործերս` նուիրուած գիւղի կեանքին Հայոց ջարդերուն, մեր յիշատակներուն, մայրութեան, բնութեան…
– Շա՞տ այցելած էք Հայաստան, առիթ ունեցա՞ծ էք նկարելու Հայաստանի մէջ:
-Յաճախ չեմ եկած, սակայն մտադրութիւն ունիմ այստեղ նկարելու, Արցախի մէջ: Այս շաբաթ Արցախ պիտի մեկնիմ, պէտք է 2-3 օր նկարեմ այնտեղ, նկարչութեան դասեր տամ արցախցի երեխաներուն:
…Շատ հետաքրքիր դէպք մը պատմեմ` Արցախէն Միքայէլ Հաճեան անունով մարդ մը եկած էր Այնճար: Միքայէլի որդին զոհուած էր սահմանները պաշտպանելուն: Իմ տղուս անուն, ազգանունն ալ նոյնն է. մեզի ըսին, որ նոյնանուն մարդ մը եկած է, հանդիպեցանք, երկու Միքայէլները ծանօթացան ու գրկախառնուեցան…երբ տղուս հետ Արցախ երթանք, անպայման պէտք է հանդիպինք իրեն:
-Որո՞ւն պարտական էք այսօրուան Ձեր յաջողութիւններուն, ձեռքբերումներուն համար:
-Առաջին հերթին` ծնողքիս, որոնք երբեք չեն տրտնջացած, երբ ներկերը թափուած են, տունը աղտոտած. անոնք գնած են ինծի համար անհրաժեշտ բոլոր ներկերը, վրձինները, կտաւը…անոնք ոգեւորած են զիս: Անշուշտ, պարտական եմ նաեւ իմ գծագրութեան ուսուցիչներուս, որմէ սորված եմ արուեստագիտական որոշ բաներ, շնորհակալ եմ իմ դպրոցներուս տնօրէններուն, բոլոր այն մարդոց, որոնք ինծի քաջալերած են:
-Նանո՛ր, անշուշտ, կատարած էք նաեւ պատուէրով աշխատանքներ, վաճառած էք Ձեր գործերէն…կը կարօտնա՞ք Ձեր գործերուն:
-Այո՛, պատուէրով գործեր ալ ըրած եմ. որոշ գուրգուրանք կը ստեղծուի այդ գործերուն շուրջ, որովհետեւ արուեստագէտը անպայման պէտք է սիրէ իր գործերը: Ինծի համար իսկական արուեստագէտը ան է, որ կրնայ հաղորդակցութեան մէջ մտնել ժողովուրդին հետ. եթէ մարդը որեւէ բան կը նկարէ, որ միայն իրեն համար է եւ մարդոց չի հետաքրքրեր, կը կարծեմ, որ ատիկա արուեստի գործ չէ: Ես անձ մըն եմ, արուեստագէտ, որ չուզեր ծնուիլ, ծնիլ, մեռնիլ ու մոռցուիլ. եթէ պատմութեան ինչ-որ բան ձգեմ, ուրեմն, ինծի կը յիշեն, ու ես միշտ կեանք կ’ունենամ այս աշխարհին մէջ, չեմ բաժնուիր աշխարհէն ու մարդոցմէ:
-Ունի՞ք նկարներ, որոնցմէ երբեք չէք բաժնուիր:
-Այո՛, երկու նկար ունիմ, որոնցմէ երբեք չեմ բաժնուիր: Մէկը ջրաներկով ըրած եմ, վերնագրած եմ ` «Մուրացկանը». պապիկ մըն է, որ յուսալքուած` կռթնած է պատին, գետնամած է, ան շատ տխուր աչքեր ունի: Միւսը Աստուածամօր նկարն է` մանուկ Յիսուսը գիրկին: Ամէն կողմէ նկարը քեզի կը նայի:
-Եր՞բ կը ստեղծագործէք, օրուան ո՞ր ժամերուն, ինչպիսի՞ տրամադրութեան` տառապանքի՞, ուրախութեա՞ն, յուսալքութեան պահերո՞ւն…
– Կը ստեղծագործեմ օրուայ տարբեր ժամերուն, տարբեր տրամադրութիւններու մէջ` ինչպէս Աստուած կը թելադրէ: Անգամ տխրութեան մէջ ուրախութեան շողեր կը դնեմ. նկարներուս թեմաներուն մէջ արտայայտուած ցաւն ու տառապանքը չեմ ուզեր ծանրացնէ մարդոց, ուստի այդ զգացումները կ´արտայայտեմ նուրբ ու գեղեցիկ գոյներով:
Հրաժեշտ տալով այս պայծառ ու տաղանդաւոր հայուհիին` բազմաթիւ նկարներու, անհատական 7 ցուցահանդէսներու ու 18 գիրքերու պատկերազարդման հեղինակ, երեք երեխաներու մայր, գեղանկարչուհի Նանոր Քիւրիւմլեան-Հաճեանը, կը մաղթեմ, որ Աստուծոյ տրուած շնորհի աղբիւրը միշտ վարար ըլլայ եւ մօտ ապագային Նանոր- արուեստագէտի նկարները ցուցադրուին Հայրենիքի ու աշխարհի շատ երկիրներու մէջ:
Կարինէ Աւագեան