«Կը կարծեմ, որ հայերն ամբողջ աշխարհի՛ մէջ սիրուած են». Դանիէլ Խաչիկեան

«Արի տուն-2017» հայրենաճանաչողական ծրագիրի 4-րդ փուլի մասնակիցներէն «Հայերն այսօր»-ի համար փոքրիկ զրոյց մը ունեցայ Յունաստանէն եկած գեղեցկադէմ հայորդի` 15-ամեայ Դանիէլ Խաչիկեանի հետ, որ, չնայած իր ոչ այնքան պարզ ու վարժ հայերէնին, կրցաւ ամբողջապէս վերարտադրել իր ըսելիքը:
«Ես եկած եմ Յունաստանի Ալիմուշ ծովեզրեայ քաղաքէն: Դպրոցէն իմացայ այս ծրագիրին մասին: Առաջին անգամ Հայաստան կու գամ: Շատ հաւնեցայ Երեւանը: Իմ ծնողներս ազգութեամբ հայեր են, սակայն Հայաստան չեն ծնած, բայց մեր տան մէջ կը խօսինք հայերէն: Ես քիչ մը դժուարութեամբ կը հասկնամ արեւելահայերէնը: Մեր տան մեծերը` տատիկս ու պապիկս, միշտ կը խօսին հայերէն, անոնց հայերէնն ու իմ գիտցած հայերէնս տարբեր են Հայաստանի հայերէնէն: Այստեղ պէտք է յաճախենք դպրոց եւ կատարելագործենք մեր հայերէնը, յոյսով եմ, որ այդ ընթացքին շատ բան կը սորվինք: Ուրախ եմ, որ ոչ միայն պէտք է շրջինք տեսարժան վայրերով, այլեւ պէտք է ծանօթանանք իրար հետ, երթանք ճամբար, սորվինք հայկական երգեր ու պարեր: Հայաստանի մասին շատ բան լսած եմ. մէջս տպաւորուած է Հայոց ջարդերու պատմութիւնը, որ ես լսած եմ մեր մեծերէն, ծնողներէս: Գիտեմ, որ հայերը շատ տաղանդաւոր են եւ աշխարհին տուած են ճանչցուած, մեծանուն հայեր: Կ’ուզէի ճանչնալ բոլոր հայ մեծերը: Հայերուն յոյները կը սիրեն ու կը գնահատեն:
Ես կը կարծեմ, որ ամբողջ աշխարհի՛ մէջ հայերը սիրուած են` իրենց աշխատասիրութեան ու տաղանդին համար. ուրախ եմ, որ հայ եմ, երջանիկ եմ, որ հայերու Հայրենիքին մէջ եմ»:
Կարինէ Աւագեան