«Հայաստանի Համար Ես Պատրաստ Եմ Ամէ՛ն Ինչ Ընելու». Վիգէն Ասսիլեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ Լիբանանէն հիւրընկալուած «Թէքէեան» մշակութային միութեան Լիբանանի տեղական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Ասսիլեանի հետ «Հայերն այսօր»-ի համար ունեցած հարցազրոյցին հնարաւորինս համապարփակ ամբողջացաւ այս հայրենասէր հայորդիի ծաւալած գործունէութիւնը, որ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան:

Պարո՛ն Ասսիլեան, մասնագիտութեամբ ըլլալով ատամնաբոյժ, Դուք, կարծես, աւելի շատ զբաղուած էք հասարակական աշխատանքներով. ի՞նչը  Ձեզի մղած է` այդքան գործուն մասնակցութիւն ունենալու  շարք մը հասարակական աշխատանքներու մէջ:

-Մէկ բառով կրնամ ըսել` Հայաստանը…որովհետեւ՛ ես 1980-էն մինչեւ 1986 ուսանած  եմ Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանին մէջ: Ի հարկէ, ատոր մէջ մաս ունին ծնողներս, անոնց տուած հայեցի դաստիարակութիւնը: Իմ ուսումնառութեան 6 տարիներուն ընթացքին ես այնքա՜ն սիրեցի Հայրենիքս, այնքա՜ն ամուր թելերով կապուեցայ Հայաստանին, եւ այդ սէրը յաւերժական է. ես վեց տարի շնչեցի Հայաստանի օդը, խմեցի անմահական ջուրը, վայելեցի արեւահամ մրգերը, վայելեցի իմ շուրջբոլոր հնչող հայերէնը…այս ամէնը նպաստեց, որ ես անմնացորդ նուիրուիմ հայապահպան գործերուն:

Ձեր կատարած հասարակական աշխատանքներէն կա՞յ մէկը, որ առաւել կարեւոր է եւ արդիական:

-Երբ ուսումս աւարտեցի եւ վերադարձայ Լիբանան, աշխատեցայ տարբեր մշակութային միութիւններու`«Թէքէեան» միութեան, ՀԲԸՄ, տարբեր վարչութիւններու մէջ, սակայն ամէնէն կարեւոր աշխատանքս նպատակաուղղուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն: Շատ կարեւոր էր, որ Ցեղասպանութենէն 100 տարի անց, ամէն մէկն իր բնագաւառին մէջ` մշակոյթ, արուեստ, քաղաքականութիւն, գիտութիւն, մանկավարժութիւն, ներթափանցէր ոչ հայկական շրջանակներ: Այդ կէտն ի նկատի ունենալով` մենք, մօտաւորապէս երկու տարի, մեր գործունէութիւնը ծաւալած ենք լիբանանեան տեղական միջավայրին մէջ` տարածելով հայկական մշակոյթը: Հիմնական ձեռնարկներէն

կը  ցանկամ առանձնացնել երկուքը. մէկն այն էր, որ Լիբանանի մէջ տարբեր տարիքի արաբ երեխաներ նուագեցին հայկական երաժշտութիւն, միւսն ալ ` Ապրիլ 24-ին արաբ նկարիչներու ցուցահանդէսն էր Պիպլոս քաղաքին մէջ: Անոնց նկարներու հիմնական թեման Հայոց ցեղասպանութիւնն էր:

Արաբ ժողովուրդը Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն Եղեռնէն մազապուրծ հայ ժողովուրդի մէկ մասին ապաստան տուողներէն մէկն էր, սակայն հիմա արդէն կ’ապրին անոնց 3-րդ, 4-րդ սերունդը. ո՞վ  անոնց ուղղորդած է` 100 տարի անց ետ հայեացք նետել այդ հրէշաւոր ոճրագործութեան` Դու՞ք, Ձեր հասարակական կազմակերպութիւնները՞…

-Յիրաւի, արաբ ժողովուրդը բարի ժողովուրդ է, եւ  մեզի համար ծանր օրերուն ընդունած, ապաստան  տուած է հայերուն: Հայ ժողովուրդն ալ միշտ եղած է աշխատասէր, կարգապահ, նուիրուած բոլոր այն երկիրներուն, ուր ապրած է: Այդ փոխյարաբերութիւնները նպաստած են, որպէսզի այսօրուան արաբ սերունդը հետաքրքրուած ըլլայ հայ ժողովուրդի պատմութեամբ ու մշակոյթով, մենք հէ՛նց այդ հենքի վրայ կը ծաւալենք մեր գործունէութիւնը:

Պարո՛ն Ասսիլեան, ի՞նչ առաքելութեամբ  Հայրենիքի մէջ էք:

-Այս անգամ մենք որոշեցինք մէկ քայլ առաջ երթալ. այն համերգը, որ տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ, ծրագրեցինք իրագործել նաեւ Հայաստանի մէջ, եւ այն կազմակերպուեցաւ Առնօ Բաբաջանեանի անուան համերգասրահին մէջ. 10 արաբ երեխաներ հայաստանեան բեմին վրայ կատարեցին հայ  երգահաններու գործերը, միայն մէկ հայուհի կար` իմ աղջիկս` Թամար Ասսիլեանը:

 Մօտ 40 հոգինոց խումբ  բերած էինք` երեխաներ ու ծնողներ, որուն համար այնչափ շնորհակալ ենք ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանատան, մասնաւորապէս` արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին եւ անոր անձնակազմէն Վլադիմիր Պօղոսեանին: Այս ձեռնարկը հովանաւորուած էր նաեւ Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ: Հնարաւոր է, որ յաջորդ տարի եւս մշակութային այլ ձեռնարկներ իրագործենք Հայրենիքի մէջ: Այսպիսով մենք ոչ միայն կը պահենք–կը պահպանենք մեր մշակոյթը, այլեւ մեր մշակոյթին մերձեցումով, կը ծանօթացնենք նաեւ արաբ ժողովուրդին:

Սիրո՞վ կը կատարեն մեր հայ  երգահաններու գործերը:

-Չէք պատկերացներ, թէ ի՜նչ մեծ սիրով կը սորվին ու կը կատարեն այդ գործերը: Մէկ տարի է, որ իրենց ուսուցչուհիին` տիկին Ռիթա Ասսիլեանի հետ, կը պարապեն, կ’անցնին անհատական դասընթացներ, կը հետաքրքրուին հայ երգահաններու գործերով, անոնց ծնողները եւս սիրով կը լսեն այդ գործերը:

Յարգելի՛ հայրենակից, ո՞րն է Հայաստան կատարած Ձեր երկրորդ առաքելութեան նպատակը:

-Արուեստագէտներու տոհմէն սերած Լենա Այդընեանի գաղափարն էր «4 սերունդ. վճռականութեան ոգին» խորագիրով ցուցահանդէս-վաճառքը, որ նուիրուած էր «Թէքէեան» մշակութային միութեան հիմնադիր մարմնի 70-ամեակին: Ցուցահանդէսի ընթացքին ներկայացուեցան նաեւ Սահակ, Արփինէ, Սարին Ոսկեաններու, Թանիա եւ Լենա Այդընեաններու եւ Մելին Չաղլասեանի կտաւները: «Վրձինով կը մերժենք» պատկերազարդ գիրքը, որուն մէջ 24 արաբ արուեստագէտներու վրձինած կտաւներն են` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան, նոյնպէս մեր ձեռքբերումներէն է. Լիբանանի Պիպլոս քաղաքի քաղաքապետարանին, Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանատան հովանաւորութեամբ, կայացաւ այս նկարներու ցուցահանդէսը. նկարիչներու շարքին մէջ կային նաեւ ոչ քրիստոնեայ արուեստագէտներ: Աւելի հետաքրքիր էր, երբ նկարիչները մտայղացան ցուցադրուող նկարներէն 7-ը նուիրուած Հայաստանի ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին: Յաջորդ տարի ապրիլին նպատակ ունինք նոյն այս ցուցահանդէսը իրականացնել նաեւ Հայաստանի մէջ: Մենք մասնակիցն ենք նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական շարժման. անցեալ տարի, դեռեւս Հայաստան չեկած, իրականացուցինք Գայեանէ Դաւթեանի «Իմ Շուշի» պատկերազարդ գիրքի շնորհանդէսը եւ վաճառքէն ստացուած ողջ հասոյթը տրամադրեցինք Շուշի քաղաքի վերակառուցման:

Ամբողջովին նուիրեալն էք հայրենասիրական, հասարակական աշխատանքներու. Ձեր մասնագիտութիւնը, յոյսով եմ, չէք անտեսած…

-Անշուշտ, հասարակական աշխատանքն առաջնային է, սակայն ըսեմ նաեւ, որ իմ մասնագիտութեամբս ալ կը հասցնեմ աշխատիլ, որովհետեւ ատիկա մեր կենցաղավարման, ապրուստի միջոցն է: Հայաստանի համար ես պատրաստ եմ ամէ՛ն ինչ ընել:

Ահաւասիկ, իրականացուցած բազմաթիւ ձեռնարկները, երդման, ուխտի նման, սրտի անկեղծ թրթիռով հնչած այսպիսի վերջաբանը առաւել խօսուն է, քան` բարձրագոչ, կեանքի չկոչուող բազում գեղեցկախօսութիւնները:

Կարինէ Աւագեան

 

Scroll Up