«70 Ամեակ»ի Շրջանաւարտները Վերակենդանացուցին Ճեմարանի Ամրոցը
Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, 24 Յունիս 2017-ի երեկոյեան, անգամ մը եւս իր դռները բացաւ ընդունելու իր շրջանաւարտ աշակերտները, ինչպէս նաեւ անոնց ծնողները եւ հարազատները, որոնք վայելեցին 2016-2017 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսի յիշարժան վայրկեանները, կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը:
70-ամեակի սերունդը եղաւ վերջին սերունդը, որ միայն մէկ տարի, միայն եօթներորդ կարգին յաճախեց Ազգ. Ք.Ե.Ճեմարանի կառոյց: Ան միայն մէկ տարի, ամէն առաւօտ «Տէրունական աղօթքը» արտասանեց այս ընդարձակ բակին մէջ, Քարէն Եփփէի, Զարեհ Կաթողիկոսի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի հոգեւոր ներկայութեան:
Հանդէսը բաց յայտարարուեցաւ ու ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Սուրիոյ եւ Արցախի նահատակներուն յիշատակը: Շրջանաւարտներէ բաղկացած երգչախումբը Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի ղեկավարութեամբ մեկնաբանեց Սուրիոյ եւ ՀՀ զոյգ քայլերգները, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Նարօտ Պարսումեանի ( ՀՀ քայլերգը) եւ Այտա Թօփալեանի (Սուրիոյ քայլերգը):
Հայերէն բացման խօսքով շրջանաւարտ Գէորգ Մանուկեան իր դասընկերներուն անունով շնորհակալութեան խօսք ուղղեց տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, հոգաբարձութեան եւ խնամակալութեան` իրենց ցուցաբերած նուիրական աշխատանքին համար, դիտել տալով որ անոնք դժուարին պայմաններու մէջ բարձր պահեցին գիտութեան դրօշը ու առանց ճիգ խնայելու, բազմաթիւ զոհողութիւններու գնով, անկարելին կարելի դարձուցին:
Արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նարօտ Պարսումեան: Ան տպաւորիչ ձեւով նկարագրեց դպրոցական դպրոցական գրասեղաններուն ետին իր սերունդին հիւսած երազները, նկարագրեց ուսուցչական կազմին համբերատար աշխատանքը` ժպիտ մը ուրուագծելով անոնց դէմքին:
12-րդ կարգի աշակերտներէն բաղկացած երգչախումբը այնուհետեւ ներկայացուց հայկական եւ արաբական երգերու փունջ մը, գեղ. ղեկավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան- Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Լիզէթ Սերայտարեան-Աւընեանի: Ապա խումբ մը շրջանաւարտներ ասմունքեցին լիբանանահայ բանաստեղծ Խաչիկ Տէտէեանի հալէպահայութեան նուիրուած բանաստեղծութիւններու համադրում մը, ետքը դպրոցին նուիրուած արաբերէն բանաստեղծութիւն մը:
Շրջանաւարտ Սուրէն Այնթէպի արաբերէն հայրենասիրական երգ մը երգեց, իսկ Աւօ Ալեքսանեան (կիթառ) դասական, ընտիր կտոր մը նուագեց:
Շրջանաւարտներու անունով հայերէն ուղերձ արտասանեց Ռաքել Շահինեան ու ըսաւ. «Վեց տարի շարունակ երազեցինք ա՛յս օրը, ա՛յս շրջափակին մէջ, եւ դո՛ւք` սիրելի ծնողներ , թաց աչքերով կը հետեւէիք մեզ….. Մենք շարունակեցինք երազել հաւատքով եւ յոյսով պատսպարուած: Շնորհիւ մեր հաւատքին ու կամքին, պիտի վերականգնենք մեր կառոյցները: Այս կառոյցէն ներս գիտութեան, սիրոյ, յոյսի եւ համեստութեան լոյսով լուսաւորուեցանք: Կը խոստանանք քալել այն սկզբունքներով, որոնցմով դաստիարակեցիք մեզ»:
Արաբերէն ուղերձով Մեղրի Մանուկեան ըսաւ. «Դպրոցին ընդմէջէն մենք պեղեցինք կեանքը ու գտանք գիտութեան փակ դռներուն բանալիները: Գիտութեամբ իրականացուցինք մեր երազանքները: Մեզ կը սպասեն յաջողութեամբ լի օրեր: Կը խոստանանք վերանորոգել այս կառոյցը, որպէսզի գիտութեան ջահը միշտ վառ մնայ»:
Այնուհետեւ Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան լուսարձակի տակ առաւ ճեմարանականներու ձեռք բերած յաջողութիւններն ու յաղթանակները: Ան հակիրճ ձեւով ներկայացուց 2016-2017 տարեշրջանի ուսումնական տեղեկագիրը: Շնորհակալական խօսք ուղղեց Ազգ. Վարչութեան եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր , ինչպէս նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի «Դպրոց» հիմնադրամին , որ այս տարի եւս փակեց աշակերտութեան կրթաթոշակները:
Տնօրէնը գնահատական խօսք ուղղեց ուսուցչական եւ վարչական կազմերուն, որոնք այս պայմաններուն մէջ անխնայ աշխատեցան գիտութեան ջահը փոխանցելու սերունդէ սերունդ: Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ Ճեմարանի պետական տնօրէնին` Աիշա Գապալանին իր համագործակցութեան համար, Ազգային Միացեալ Վարժարանի Հոգաբարձութեան, Տնօրէնութեան, Ուսումնական Խորհուրդին, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Խնամակալութեան, Շրջանաւարտից Միութեան եւ Քալիֆորնիոյ ընկերակցութեան ու անոր Հալէպի յանձնախումբին, Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կը կանգնին Ճեմարանին:
Քիլէճեան շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց նաեւ Հաուրտ Գարակէօզեան եւ Ճինիշեան հաստատութեանց տնօրէնութեան, Էօժէնի Պետրոսեան պարգեւին եւ անհատ բարերարներուն, Օր. Սիրվարդ Գիւբէլեանին բեմայարդարման համար, Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանին եւ Լիզէթ Սերայտարեան-Աւընեանին Երգչախումբի պատրաստոութեան համար, ինչպէս նաեւ Մարիա Գաբրիէլեանին եւ Պասսամ Հարունին հանդէսի յայտագրին պատրաստութեան համար, ապա նաեւ Սիլվա Ճապաղջուրեանին, որ իր բացակայութեան ստանձնեց Ճեմարանի գործերու տնօրինումը, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց , որոնք իրենց ներդրումը բերին այս հանդէսի պատրաստութեան: Տնօրէնը շրջանաւարտներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ. «Այսօր յաղթանակի օր է: Բարին յաղթեց չարին , լոյսը` խաւարին , գիտութիւնը` տգիտութեան: Վեց տարիներ ետք կարողացանք համախմբուիլ այստեղ , նոր կեանք մը տալով այս հզօր ամրոցին: Մենք գործնականօրէն պիտի սկսինք վերաշինութեան հաստատելու համար մեր վճռակամութիւնը: Ճեմարանը փարոս մըն է, որ լուսաւորած է 70 սերունդներու ճանապարհը ու այսօր, ի պատիւ Ճեմարանին, այդ սերունդներէն շատեր ստանձնած են ղեկավար դիրքեր: Դուք միայն մէկ տարի վայելեցիք այս կառոյցին բարիքները: Այսօր յաղթահարած կը վերադառնանք փաստելու, որ մենք կանք ու կը շարունակենք գոյատեւել ու պիտի վերականգնենք մեր Ճեմարանը»:
եմարանի Շրջանաւարտից Միութեան կողմէ պարգեւատրուեցան երկրորդականի երեք կարգերու առաջնակարգ աշակերտները։
Վրայ հասաւ շրջանաւարտ հունձքին սպասած պահը` վկայականաց բաշխումը: Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ երկրորդականի վկայական ստացան 61 շրջանաւարտներ, իսկ հայերէն լեզուի առաջնակարգ ուսանողները տնօրէնութեան կողմէ գովասանագիրներով եւ Յակոբ Օշականի «Վկայութիւն եւ Քերթուածներ» գիրքով պարգեւատրուեցան:
Օրուան եզրափակիչ պատգամը տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան եւ ըսաւ. «Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի դրօշը մնաց ծածանող, մնաց բարձր: Ճեմարանը անձնական շահոյթ ապահովող կառոյց կամ հաստատութիւն չէ եւ չի կրնար ըլլալ: Այս շէնքը պաշտպանող երիտասարդները այս տարածքին մէջ իրենց արիւնը թափեցին , հետեւաբար անտարբեր չենք կրնար մնալ մեր ուսումնակրթական այս հրաշալի տաճարին նկատմամբ, որ Ազգ. Ք.Ե.Ճեմարան կը կոչուի»: Սրբազան Հայրը իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն ըսաւ. «Կը շնորհաւորեմ ձեզ, սիրելի՛ տղաք եւ աղջիկներ: Ձեր ճամբով կը շնորհաւորեմ տնօրէնութիւնը, խնամակալութիւնը եւ ուսուցչական կազմը: Փառք կու տամ Ամենակալին, որ վեց տարիներ յետոյ այս տարածաշրջանը հայկականութեամբ, հայութեամբ եւ Ճեմարանով կը շնչէ: Այսօրուան հանդէսը պատմութեան մէջ պիտի արձանագրուի վերականգնումի սկզբնաւորութեամբ: Այսքան նեղութենէ ու տագնապէ ետք, դուք ձեր զոհողութեան վկայագիրը ստացաք: Եթէ ձեր ծառայողական աշխատանքին մէջ սիրտ ու հոգի չդնէք, անձնազոհութեան գիտակցութիւն չդնէք, հոս թափուած արիւնը ի զուր պիտի ըլլայ: Կը խոնարհինք բոլոր հերոսներու յիշատակին դիմաց, մեր ողնաշարը աւելի տոկուն պիտի դառնայ ու մենք պիտի շարունակենք մեր երթը: Կը շնորհաւորեմ ձեզ, սիրելի՛ ծնողներ եւ հարազատներ: Մարդիկ կ՛ըսեն թէ սուրիահայերուն թիւը նուազած է… Մեր սերունդը նուազիլ չի գիտեր, մահանալ չի գիտեր, հայ ժողովուրդին թոյլատրուած չէ մահանալ: Հայ ժողովուրդը ծնած է ապրելու, ստեղծագործելու, կերտելու իր հայրենիքը, պահելու իր ինքնութիւնը, տիրանալու իր իրաւունքներուն, տեսնելու իր արդար դատին լուծումը: Ու մենք պիտի կերտենք Սուրիական Հայրենիքը, ազգային մեր կառոյցները, պիտի վերականգնենք մեր կրթական, ընկերային կեանքը, մեր եկեղեցիները, մեր ժողովուրդը` յանուն Հայաստանի, յանուն Սուրիական Հայրենիքի, յանուն սուրիահայութեան, յանուն Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանին»:
Հանդէսը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով, կատարողութեամբ երգչախումբին, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ժ կարգի աշակերտուհի Կիթար Աւընեանի, ապա սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:
Լիլիթ Տոլմօղլեան-Փայասեան
Գանձասար