Հալէպահայութիւնը Կրցաւ Պատուով Դուրս Գալ Պատերազմէն. Արսէն Գրիգորեան (Մրօ)

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 99-րդ տարելիցը մեծ շուքով ու ոգեւորութեամբ նշուեցաւ պատերազմի ծանր բեռը դեռեւս նոր թօթափած Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ:

Վեց տարի շարունակ ռմբակոծուող, ահաբեկչական յարձակումներու թիրախ դարձած հալէպահայութիւնը Մայիս 28-ին հաւաքուած էր սփիւռքի հայապահպանութեան գլխաւոր դարբնոցին` Նոր Գիւղի  «Կարէն- Եփփէ» ազգային ճեմարանի բակին մէջ նշելու Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան տօնը:

Մայիս 28-ը կրկնակի տօն էր հալէպահայութեան համար. Հայաստանի անկախութեան 99-րդ տարելիցը համընկաւ Նոր Գիւղի ընտանեկան բարեկարգուած պարտէզի բացման հետ:

Պատերազմէն յետոյ առաջին անգամ Հալէպի հայկական թաղամասին մէջ թնդաց ազգային երգն ու պարը: Ազգագրական երգերով հանդէս եկան հայրենի երգիչներ Արսէն Գրիգորեան (Մրօ) ու Մկրտիչ Մկրտիչեան (Մակիչ):

Շուրջ 5000 հայեր հաւաքուած էին ճեմարանի բակին մէջ ազգային ակունքներէն ըմբոշխնելու ժողովրդական-հայրենասիրական երգերու շարան, ինչպէս`«Հորովել», «Մենք պէտք է կռուենք», «Արծիւ սլացիր», «Գինի լից» եւ այլն:

Արսէն Գրիգորեան «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին կիսուեցաւ համերգէն ունեցած իր տպաւորութիւններով. «Այնպիսի աւերածութիւններու  ենթարկուած էր Հալէպը, որ սկիզբը չճանչցայ, թէեւ շատ լաւ ծանօթ եմ քաղաքին: Պատերազմի օրերուն մեծ տառապանքներու եւ կրակներու միջով  անցած է մեր ժողովուրդը Հալէպի մէջ: Պատահական չէ, որ ե՛ւ ես, ե՛ւ Մակիչը հաղորդակցութեան ընթացքին փորձեցինք մեր ժողովուրդին փոխանցել Հայաստանի, ինչու ոչ` նաեւ ամբողջ աշխարհի հայութեան երախտագիտութիւնը, որ պատերազմի արհաւիրքի մէջ պահեցին եւ պահպանեցին հայ համայնքը: Հայաստանի սահմանները լոկ աշխարհագրական սահմաններ չեն, այլեւ բարոյական սահմաններ ունինք եւ այդ սահմաններուն մէջ  ներառուած է նաեւ Հալէպը` իբրեւ բարոյականութեան, մեր ինքնութիւնը պահելու կարեւոր հանգրուան: Հալէպահայութիւնը կրցաւ պատուով դուրս գալ պատերազմէն` իր սահմանները անառիկ պահելով»:

Զրոյցի ընթացքին Արսէն Գրիգորեան արտայայտեց նաեւ իր մտահոգութիւնը պարերազմի արդիւնքով որբացած հայ երեխաներու ճակատագիրներուն վերաբերեալ եւ յոյս յայտնեց, որ այդ երեխաներուն մօտ ապագային պիտի տեսնէ Հայաստանի մէջ:

«Գացած էինք անոնց ոգեւորելու, մենք առաւել խանդավառուած վերադարձանք: Անկարելի է չյուզուիլ, երբ կը տեսնես, որ օտար ափերու վրայ հայ երիտասարդ  զոհուած է` իր ինքնութիւնը, իր դպրոցն ու եկեղեցին պահպանելու համար. ահա թէ ով է հայը»,- զրոյցի աւարտին ըսաւ Արսէն Գրիգորեան:

Աւելցնենք, որ տօնակատարութեան ներկայ էին Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան, Սուրիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ժիրայր Ռէիսեան, հալէպահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ այլք:

Scroll Up