Հայկական Տաղաւարը Առաջին Տեղը Գրաւած Է Տիւմենի ՄԷջ Իրականացուած «Բարեկամութեան Կամուրջ» Փառատօնին

Յունիս 12-ը Ռուսաստանի օրն է: Այն պետական սիրուած տօն է, որ ողջ Ռուսաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ Տիւմենի մէջ` կը նշուի մեծ խանդավառութեամբ: Աւանդոյթ դարձած է այդ տօնը համատեղել «Բարեկամութեան կամուրջ» ազգային մշակոյթ-փառատօնին հետ: Տարածաշրջանին մէջ կ´ապրին 150 էթնիկ ազգութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք հաշտ եւ խաղաղ կ´աշխատին ու կ´արարեն կողք-կողքի:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Ռուզաննա Դանիէլեան, Տիւմենի մարզի 23-րդ ազգային մշակոյթի «Բարեկամութեան կամուրջ» փառատօնը բացաւ Տիւմենի նահանգապետ Վլատիմիր Վլատիմիրի Եակուշեւը: Քաղաքային այգին մարդաշատ էր, այստեղ տեղադրուած էին քսաներկու տաղաւար, ուր այցելեց նահանգապետը:
Հայկական տաղաւարը առանձնայատուկ ուշադրութեան արժանացաւ բոլորին կողմէն: Այն շրջապատուած էր հոծ բազմութեամբ եւ կը ներկայացնէր Աստուծոյ հրահանգով կառուցուած եւ Արարատ լերան գագաթին հանգրուանած «Նոյեան տապանը»: Աննկարագրելի գեղեցիկ էր հայկական լեռնաշխարհի գեղեցկուհի ծիրանենին` իր անուշահամ ու կարմրաթուշ ծիրաններով` մարդկութեան փրկութեան խորհրդանիշ դարձած Արարատ լերան լանջին: Այստեղ հաւաքուած էին տիւմենաբնակ հայերը` Տիւմենի մարզի «Հայաստան» հասարակական կազմակերպութեան խորհուրդի անդամները, մշակոյթի կեդրոնի սաները, ծնողներ, հիւրեր մօտակայ տարածաշրջաններէն, ինչպէս նաեւ տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներ:
Բարձրաստիճան հիւրերուն մուտքին մօտ աղ ու հացով դիմաւորեց «Նոյն» իր ընտանիքով` կնոջ եւ որդիներուն հետ: Իսկ տաղաւարի ներսը հայկական խոհանոցի բազմաթիւ ուտեստներ, ճաշատեսակներ եւ Արարատեան դաշտավայրի միրգեր կը մատուցուէին հիւրերուն:
Տիւմենի մարզի մշակութա-լուսաւորչական «Հայաստան» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Համլէտ Փաշայեան Վլատիմիր Եակուշեւին նուիրեց Յովհաննէս Այվազովսկիի «Նոյն իջնում է Արարատից» նկարի պատճէնը, որ նկարած էր մշակոյթի կեդրոնի նկարչութեան ուսուցիչ Ալուանտ Մուրատխանեան:
Նահանգապետին կը սպասուէր նաեւ այլ անակնկալ` հայկական երիտասարդական կազմակերպութեան անդամները (կոմիտէի նախագահ Ա. Խաչատրեան), փոխանցեցին սպիտակ աղաւնի: Նահանգապետն այն արձակեց երկինք` որպէս բարութեան, խաղաղութեան եւ բարեկամութեան խորհրդանիշ:
Ան ողջունեց ներկաները, շնորհաւորեց Ռուսաստանի օրուան առթիւ, շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ հայկական համայնքը իր համեստ ներդրումն ունի Տիւմենի մշակութային եւ հասարակական կեանքին մէջ: Հրաժեշտէն առաջ նահանգապետը մեծ սիրով դիտեց «Բերդ» պարը: Տաղաւարէն ան հեռացաւ մեծ հիացմունքով եւ գոհունակութեամբ:
Տօնակատարութիւնը կը շարունակուէր, ամենուրէք բարձր տրամադրութիւն էր, հայկական երաժշտութիւն կը հնչէր եւ բարձր ծափահարութիւններու ներքոյ անընդմէջ ոգեւորուած կը պարէին «Հայաստան» եւ « Նաիրի» հայկական ժողովրդական պարախումբերը (շուրջ 90 հայ աղջիկներ եւ երիտասարդներ):
Օրուան աւարտին` մրցոյթի արդիւնքները ամփոփելէ ետք, պարզուեցաւ, որ ժիւրին բարձր գնահատած է մեր հայկական տաղաւարը եւ պատուաւոր առաջին տեղը շնորհած Տիւմենի մարզի «Հայաստան» հայկական հասարակական կազմակերպութեան: Բոլորը բարձր խանդավառութեամբ կը շնորհաւորէին իրար:
Ամէնամեայ աւանդական դարձած այս փառատօնը կը վկայէ այն մասին, թէ որքան բարի-դրացիական յարաբերութիւններով բազմազգ հասարակութիւն կ´ապրի Տիւմեն քաղաքին մէջ, եւ երիտասարդ սերունդները բազմազգ միջավայրին կը դաստիարակուին բարութեան, խաղաղասիրութեան ու հանդուրժողականութեան ոգով: