Իշխանաձոր Գիւղին Մէջ Կը Կառուցուի Եւս 11 Առանձնատուն. Համայնքի Ղեկավար

Արցախի կառավարութեան եւ «Քաշաթաղ» բարեգործական հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ Իշխանաձորի մէջ կը կառուցուի եւս 11 առանձնատուն, որոնք պիտի տրուին բազմազաւակ ընտանիքներու եւ վերաբնակիչներու:
Այս մասին «Արցախփրես»-ի թղթակիցին յայտնած է Իշխանաձոր համայնքի ղեկավար Արսէն Թէյլունց` ընդգծելով, որ գիւղին մէջ կ՛ապրի մօտ 400 բնակիչ. ծնելիութեան թիւը կ՛աճի եւ համայնքին մէջ արդէն ունին 5 բազմազաւակ ընտանիք, որոնք կ՛օգտուին պետական նպաստներէն:
«Համայնքին մէջ կը գործէ դպրոց, ուր կը յաճախէ մօտ 100 աշակերտ, որոնցմէ 60-ը` նախադպրոցական խումբերու մէջ: Ի դէպ, մօտ օրերս պիտի սկսին դպրոցի վերանորոգման աշխատանքները:
«Ուրախութիւն բոլորիս` տարիէ տարի կ՛աւելնայ դպրոց յաճախողներուն թիւը: Համայնքին մէջ ակնառու է վերաբնակիչներու թիւի աճը. Անոնք հիմնականօրէն Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ Հայաստանի տարբեր մարզերէ եկածներն են: Նշեմ նաեւ, որ օրերս «Թուֆենկեան» հիմնադրամին կողմէ վերակառուցուած եւ շահագործման յանձնուած է սուրիահայ բժիշկ Հայկ Խաչատրեանի առանձնատունը,-ըսած է Թէյլունց եւ աւելցուցած,- գիւղին մէջ կը գործէ բուժկէտ եւ ունինք «Վազ» մակնիշի մեքենայ:
«Գիւղը կ՛օգտուի շուրջօրեայ ջրամատակարարումէն: Արցախի Հանրային հեռուսատատեսութիւնը եւ համացանց կապը հասանելի են գիւղի բնակչութեան: Միջպետական եւ գիւղի ճանապարհներու բարեկարգման աշխատանքները ընթացքի մէջ են»:
Իշխանաձոր համայնքի ղեկավարին տեղեկացմամբ` բնակչութեան հիմնական զբաղումը անասնապահութիւնն ու գիւղատնտեսութիւնն է:
«Բնակչութիւնը կատարած է 1000 հա աշնանացան ցորեն, գարի, եգիպտացորեն։ Կ՛ակնկալենք ստանալ 30-40 ցենտներ բերք»,- աւելցուցած է ան:
Խօսելով գիւղին մէջ առկայ խնդիրներուն մասին` Թէյլունց նշած է, որ համայնքը ակումբի շէնք չունի, կազ չունի, փոքրիկ իշխանաձորցիները դեռեւս մանկապարտէզի կարիք ունին: