Հայերէնով Ատլասը Նիւ Եորքի Աճուրդին Վաճառուած է 37.500 Տոլարով

Նիւ Եորքի Swann Galleries աճուրդի կեդրոնին մէջ աշխարհի հայերէն ատլասը վաճառուած է $37 500։ Ըստ Fine Books Magazine-ին՝ ատլասը վաճառուած է նախնական գինէն հինգ անգամ աւելի թանկ:
Ատլասը 1849 թուականին Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիի Մխիթարեան միաբանութեան մէջ ստեղծած է Յովհաննէս Ամիրա Դադեան` նպատակ ունենալով Արեւմուտքի գիտելիքները փոխանցել իր երկրին:
Ատլասին մէջ կան ձեռագործ տաս գունաւոր քարտէզներ, որոնց մէջ արեգակնային համակարգը պատկերող քարտէզ: Ատոնք բոլորը տպագրուած են Փարիզի մէջ, կը գրէ armradio.am-ը: