Աւարտական Հանդէս` Պոլսոյ «Հրանդ Տինք» Վարժարանին Մէջ

«Հայերն այսօր»-ի տեղեկացմամբ` յունիս 3-ին Պոլսոյ Հրանդ Տինքի անուան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի աւարտական հանդէսը` ուսուցիչներ Մարգարիտ Աւագեանի եւ Նոնա Յարութիւնեանի անմիջական նախաձեռնութեամբ:
Երգ ու պարի, հիանալի արտասանութիւններու հանդէսը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին պոլսահայ համայնքի պատուարժան ներկայացուցիչներէն Տիանա Կամպարոսեան, Թամար Քարասուն, Ալին Պոնթիօղլուն, Մարքրիտ Աթմաճան, փաստաբան Լուիզ Փաքարը, դպրոցի մշտական բարերարներ տէր եւ տիկին Օշին, Փրենտա Էլակէոզները, Գասպար Պետոքեանը, որոնք անգամ մը եւս եկած էին բարձրաձայնելու` մենք ձեզի հետ ենք, հա՛յ մանուկներ: Դպրոցի հոգաբարձուներ տէր եւ տիկին Հորոզօղլուները տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի հետ միասին մանկապարտէզի սաներուն յանձնեցին վկայականներ, աւարտական յուշագիրքեր, նուէրներ:
Պոլսահայ իրականութեան մէջ եւս մէկ սերունդ պիտի բռնէ դպրոցի ճամփան, որ կրկնակի բերկրութեամբ պիտի տօնուի սեպտեմբեր 1-ին` Գիտելիքի օրը: Բարի երթ, սիրելի մանուկնե՛ր: