2018-ի Ամերիկահայ Ծաղկասայլի Նախագիծը Պատրաստուած Է

Ամերիկահայ Ծաղկասայլի ընկերակցութիւնը (American Armenian Rose Float Association) արդէն իսկ պատրաստած է նախագիծը՝ յաջորդ հայկական ծաղկասայլին, որ պիտի մասնակցի Յունուար 1, 2018ին Փասատինայի մէջ կայանալիք 129րդ Վարդատօնին: Չորրորդ յաջորդական տարին ըլլալով, հայկական ծաղկասայլը հանդէս պիտի գայ Փասատինայի հռչակաւոր վարդատօնին:

«Հայկական Արմատներ» նիւթով նոր հայկական ծաղկասայլը նուիրուած պիտի ըլլայ հայ մայրերուն, դուստրերուն, քոյրերուն եւ մեծ մայրերուն՝ իբրեւ ներշնչման, յոյսի, ուրախութեան եւ լաւատեսութեան աղբիւրներ, վերահաստատելու համար, թէ անոնք իրենց բարի ու ազնիւ արարքներով կը հարստացնեն ուրիշներու կեանքերը, եւ անոնց անսակարկ սէրը կը սատարէ իրենց համայնքներու եւ ազգի մեծութեան:

Հայկական ծաղկասայլի թեման կ՛արտացոլէ Փասատինայի 129րդ Վարդատօնի ընդհանուր նիւթը, որն է՝ «Նպաստել Մարդկութեան Վերելքին»: Ինչպէս Վարդատօնի նախագահ Լանս Թիպեթ կը բացատրէ, «այս նիւթը միջոց մըն է պատուելու եւ երախտագիտութիւն յայտնելու մեր համայնքներու այն բոլոր անդամներուն, որոնք անձայնօրէն, առանց ճանաչում կամ վարձատրութիւն ակնկալելու, կը կատարեն անձնուէր, առատաձեռն եւ ազնիւ արարքներ՝ ուրիշներու օգտակար ըլլալու համար»:

Հայկական նոր ծաղկասայլի նախագիծին հեղինակն է Ամերիկահայ Ծաղկասայլի ընկերակցութեան հոգաբարձութեան անդամ Ճանի Քանունճի: Ըստ նախագիծին՝ ծաղկասայլի կեդրոնը կը գտնուի կիսարձանը՝ հայ աւանդական տարազով ու գլխազարդով երիտասարդ կնոջ մը, որ հոգ կը տանի նորափթիթ նռնենիի մը: Այս վեհաշուք արձանի առջեւն ու ետեւը տեղադրուած են հայկական մշակոյթն ու ինքնութիւնը ներկայացնող ստեղծագործութիւններ, ներառեալ՝ հայկական գորգեր եւ մեծկակ նուռեր:

Մինչ գորգերուն կարգ մը զարդաշարերը հայ դասական ճարտարապետութենէ եւ արքայական կնքաբանութենէ կը սերին, անոնց յետնապատկերային գոյները եւս հարուստ են խորհրդանշական իմաստներով: Այսպէս, օրինակի համար, կանաչը կը խորհրդանշէ յոյս, վերանորոգում, կեանք եւ գարուն, իսկ կարմիրը կը խորհրդանշէ գեղեցկութիւն, հարստութիւն, քաջութիւն, երջանկութիւն եւ հաւատք:

2018ի Նոր Տարուան օրը, Փասատինայի մէջ գրեթէ 700,000 հանդիսատես պիտի հետեւի վարդատօնի երթին. իսկ պատկերասփիւռի եւ համացանցի միջոցով, ձեռնարկը պիտի դիտուի 245 երկիրներէ եւ հողատարածքներէ:

Ինչպէս նախորդ տարիներուն, մօտաւորապէս 600 կամաւորներ պիտի աշխատին 2018ի հայկական ծաղկասայլի զարդարման համար:

Նկատի ունենալով ծաղկասայլի շինանիւթերու եւ կառուցման մեծ ծախսը, Ամերիկահայ Ծաղկասայլի ընկերակցութիւնը մեր համայնքին կոչ կ՛ուղղէ առատաձեռնօրէն մասնակցելու այս համահայկական ծրագիրի իրականացման:

Տուրքէ զերծ նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել ընկերակցութեան կայքին միջոցաւ (aarfa.org), կամ՝ չէքեր ուղարկելով հետեւեալ հասցէին.

American Armenian Rose Float Association, P. O. Box 60005, Pasadena, CA 91116:

asbarez.com

Scroll Up