Ցուցահանդէս` Յանուն Լիբանանեան-Հայկական Մշակութային Կապերու

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ գործակցութեամբ` AD & D Sarkissian partners եւ YM Development հիմնարկներուն, Չորեքշաբթի, 17 Մայիսի երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Նոազ արք»-ի կազմակերպած հերթական մէկ խմբային ցուցահանդէսին բացումը` «Միր Օմար-450» կառոյցի սրահին մէջ (Քլեմանսոյի շրջան, Միր Օմար փողոց): Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը։
«Նոազ արք»-ի տէր եւ տնօրէն, դոկտ. Մովսէս Հերկելեան իր բացման խօսքին մէջ, ողջունելէ ետք ներկայ արուեստասէր հասարակութիւնը, այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի դեսպանութեան, յանձինս` Սամուէլ Մկրտչեանի, Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան, Պէյրութի նահանգապետութեան եւ քաղաքապետութեան, յանձինս` Զիատ Շպիպի (ներկայացուցիչ` Արամ Մալեանի) եւ յարակից այլ կազմակերպութիւններու, ինչպէս` ՍՈԼԻՏԷՐԻ, որոնք ոչ միայն տարիներու ընթացքին նեցուկ եղած են «Նոազ արք»-ի ձեռնարկներուն, այլեւ մեծապէս սատարած` լիբանանեան-հայկական մշակութային կապերու ամրապնդման ու զարգացման: Ապա շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ AD & D Sarkissian Partners եւ YM development հաստատութիւններուն, որոնք սիրայօժար կերպով իրենց գեղեցիկ շէնքին այս յարմարաւէտ սրահը տրամադրած են ներկայ բարձրորակ ցուցահանդէսին համար: Այս բոլորէն ետք դոկտ. Հերկելեան ամպիոն հրաւիրեց Փոլ Սարգիսեանը, որ արաբերէն լեզուով իր ողջոյնի խօսքը արտասանեց ներկաներուն:
Վերջաւորութեան խօսքը տրուեցաւ Լիբանանի մէջ լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին, որ իր հերթին դրուատական խօսքեր ուղղելէ ետք «Նոազ արք»-ի եւ անոր նման այլ ցուցասրահներու տարած մշակութանուէր աշխատանքներուն, շեշտը դրաւ լիբանանեան-հայկական մշակութային կապերու աւելի ամրապնդման ու զարգացման վրայ: