Ճուն Մսըրլեան 2րդ Հանդիսացաւ Ճշգրիտ Հեգելու Քալիֆորնիոյ Մրցումին

ՍԹԱՔԹԸՆ.- Մայիս 13ին, Քալիֆորնիոյ Սան Ուաքին գաւառի կրթական մարմինի կեդրոնատեղիին մէջ կայացած նահանգային ճշգրիտ հեգելու («Spelling Bee») մրցումին, վեցերորդ դասարանի աշակերտուհի Ճուն Մսըրլեան երկրորդ հանդիսացած է։

Նշեալ մրցումին մասնակցած են նահանգի 29 գաւառներէն երկուքական ներկայացուցիչ։ Ճունը այս մրցումին մասնակցելու իրաւունք ստացած էր՝ Լոս Անճելըս գաւառի մրցումին առաջին հանդիսանալով։

Նշենք, որ այս տարի Ճուն հանդիսացած էր նաեւ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի առաջին աշակերտը, որ յաջորդական երեք տարիներ առաջնութիւնը կը խլէ քաղաքին ճշգրիտ հեգելու մրցումին:

Նահանգային մրցումին Ճուն Մսըրլեանի մասնակցութեան նուիրուած տեսանիւթը կարելի է դիտել՝ այցելելով www.youtube.com/watch?v=sE_TqYz59Jo կայքէջը։

asbarez.com

Scroll Up