«Դէպի Յաղթանակի Հարիւրամեակ» Նշանաբանով` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Մեծ Ընտանիքը Նշեց Մայիսեան Անկախութեան 99-ամեակը

Կրկին Մայիս 28-ն էր: Մեր պատմութեան ամէնէն փառահեղ տօնը, փառքի ու յաղթանակի, լոյսի ու յաւերժութեան տօնը. որովհետեւ Մայիս 28-ով կը մարմնաւորուի հայ ազգի անկախ գոյատեւելու կամքը եւ ինքնուրոյն զարգացումը: Մայիս 28-ով սերունդներ իրենք զիրենք կը ճանչնան Սարդարապատով, Ղարաքիլիսայով եւ Բաշ  Ապարանով:

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը իր թեւերուն տակ հաւաքեց ո՛չ միայն իր բոլոր անդամները, այլեւ ամբողջ լիբանանահայութիւնը, որ հոգեկան մեծ խանդաղատանքով դիտեց ՀՄԸՄ-ի սկաուտական թէ մարզական տողանցող շարքերը, դիտեց ու սքանչացաւ հայ նորահաս սերունդի ուժով եւ կարողականութեամբ, զմայլեցաւ եւ իր հոգին ուռճացաւ ի տես հայ մանուկին ու երիտասարդին սէգ ճակատները յաղթական: Տողանցող հայ փափկասուն արենուշներու ու հայ արիներու շարքերուն մէջ տեսաւ վաղուան լուսաւոր ապագան, հպարտ ապագան:

Ըստ «Ազդակ»-ի փոխանցած տեղեկութիւննրեուն՝ «Դէպի յաղթանակի հարիւրամեակ» նշանաբանին տակ տեղի ունեցած մայիսեան այս փառատօնը կը կրէր հովանաւորութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, նախագահութիւնը` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպուած էր ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ:

Պուրճ Համուտի  քաղաքապետարանի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին հնչեցուցած Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն կշռոյթով բարձրացան Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշակները, ապա խորհրդաւոր կերպով կատարուեցաւ ջահավառութիւնը` ՀՄԸՄ-ի Շրջանային ընդհանուր խմբապետուհի Արտա Զէյթունեանի ձեռամբ: Ձեռային աշխատանքով պատրաստուած բազմատեսակ կայմերուն վրայ վառեցան 99 լոյսեր, որոնք կը խորհրդանշէին 100-ամեակը նախորդող 99 բեղուն տարիները:

Բացման եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Փաթիլ Եսայեան, որ ըսաւ, թէ «Դէպի յաղթանակի հարիւրամեակ» կարգախօսով Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը հաւաքուած է` նշելու Հայաստանի անկախութեան մայիսեան տարեդարձը: Ան դիտել տուաւ, որ 99 տարի առաջ, մինչ Արարատեան աշխարհի բեկորներուն վրայ կը ստեղծուէր Հայաստանի փոքր հանրապետութիւնը, մինչ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ արամ մանուկեաններ, քաջազնունիներ, դրոներ, օհանջանեաններ եւ ռուբէն տէր մինասեաններ յաղթանակներ կը կերտէին, Արարատեան աշխարհի միւս կողմէ, Սարդարապատէն մղոններ հեռու, ստեղծուեցաւ եզակի միութիւն մը` ՀՄԸՄ-ը, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ որբերուն եւ պատանիներուն համար փրկութեան օճախ մը` շնորհիւ Շաւարշ Քրիսեանի, Յովհաննէս Հինդլեանի, Գրիգոր Յակոբեանի եւ այլոց: Ան ըսաւ, թէ տարիներու ընթացքին ՀՄԸՄ-ը տարածուեցաւ աշխարհով մէկ եւ վերածուեցաւ հոգեւոր Հայաստանի, դաստիարակեց հայ պատանին ու երիտասարդը, կերտեց տիպար քաղաքացին:

Փաթիլ Եսայեան ուրախութեամբ յայտարարեց, որ յուլիսին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանը շուրջ 150 հոգիով պիտի մասնակցի Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերուն: Անդրադառնալով յառաջիկայ տարի նշուելիք միութեան 100-ամեակին, ան դիտել տուաւ, որ միութիւններու տարեդարձները առիթ են ետդարձ կատարելու, սերտելու միութեան պատմութիւնն ու գործունէութիւնը, արժեւորումներ կատարելու եւ` անցեալի սխալներէն սորվելով, ձեռնարկելու աւելի լաւին ու յաջողին: Այս ծիրին մէջ ան անհրաժեշտ նկատեց իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանի, երկրի ու գաղութի յատկութիւններէն մեկնած ծրագրելու յառաջիկայ հարիւրամեակին` միշտ պատրաստ ըլլալով նորանոր դժուարութիւններու դիմագրաւման` ի խնդիր միութեան եւ հաւաքականութեան վերելքին: «Պէտք է ըլլանք ճկուն, բայց` ոչ զիջողական, պէտք է ըլլանք հանդուրժող եւ լայնամիտ, պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դնենք, որպէսզի ՀՄԸՄ-ը շարունակէ իր շուրջ համախմբել հայ երիտասարդութիւնը` իր բոլոր շերտերով անխտիր, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ը բոլորին միութիւնն է համահաւասար», աւելցուց ան:

Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի շեմին, Փաթիլ Եսայեան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքին անունով հաստատեց, որ պիտի աշխատին ամէն գնով հաւատարիմ մնալ միութեան սրբազան առաքելութեան եւ նշանաբանին:

Իր խօսքը եզրափակելով` Փ. Եսայեան շնորհակալութիւն յայտնեց միութեան կողքին կանգնողներուն, տարազաւորներուն, մարզիկներուն, միութենականներուն, միութեան առաքելութեան հաւատացողներուն, յատկապէս` ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան պարահանդէսի հովանաւոր Հարի Նաճարեանին, որուն իշխանական նուիրատուութեան շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ բազմաթիւ ծրագիրներ իրագործել:

Ապա իբրեւ կենդանի պատկեր ՀՄԸՄ-ի սկաուտները ներկայացուցին արեւը, Արաքս գետը եւ Արարատ լեռը` «Բարձրացի՛ր եւ բարձրացուր» նշանաբանին տակ:

Ապա խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը, որ ըսաւ, թէ համայն հայութեան հետ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքը եւս մայիսեան աւանդական փառատօնով կը նշէ Հայաստանի Հանրապետութեան 99-րդ տարեդարձը` անդրադառնալով 99 տարի առաջ նուիրաբերումով եւ պայքարով կերտուած յաղթանակին կարեւորութեան, հանրապետութեան կերտումին, որով «Հայաստանը վերստին կը յայտնուէր աշխարհի քաղաքական քարտէսներուն մէջ, եւ հայ մարդը կը վերագտնէր ազգային իր արժանապատուութիւնն ու հպարտութիւնը»: Ան աւելցուց, որ նոր հայութեան ստեղծման ճիգին իր մասնակցութիւնը կը բերէր նաեւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը, որ հազիւ հիմնուած` հայրենիք կը գործուղէր իր լաւագոյն խմբապետները` նոր սերունդի դաստիարակութեան գործին լծուելու համար:

Գառնիկ Մկրտիչեան լուսարձակի տակ առաւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ՀՄԸՄ-ի ունեցած անփոխարինելի դերակատարութեան` հաստատելով, որ 99 տարիներ շարունակ միութիւնը եղաւ ազգային արժէքներու պահապան, ազգային սերունդներու կերտիչ եւ ազգային իրաւունքներու հետապնդման նուիրուած միաւոր. «ՀՄԸՄ-ի սկաուտական եւ մարզական շարքերը հասակ կ’առնէին այս համոզումով, այս դաստիարակութեամբ եւ «կամաւոր բանակ»-ի տրամաբանութեամբ գործելու սկզբունքով», շեշտեց ան:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը դիտել տուաւ, որ յառաջիկայ տարի միութիւնը մեծ շուքով կը նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակը` «Պատուաբեր անցեալէն յաղթական ապագայ» նշանաբանով` տեղեկացնելով, որ 100-ամեակի տօնակատարութիւնները ընթացք կ’առնեն այս ամառ, Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերով եւ կ’աւարտին 2018-ի աշնան, Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումով եւ յոբելենական փառաւոր հանդիսութիւններով:

«Ազգային արժէքներու նահանջի, բարոյական բարքերու այլասերումի, նիւթապաշտութեան եւ յաճախ մոլորեցուցիչ արհեստագիտութեան մեր օրերուն, կը հաւատանք, որ ՀՄԸՄ մեծ ընելիք ունի` մեր պատանիներն ու երիտասարդները համախմբելու, դաստիարակելու եւ ազգային նպատակներով առաջնորդելու համար: ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնը լաւ պէտք է կարդալ` տեսնելու համար, թէ մարմնակրթական այս միութիւնը ինչպէ՛ս կարողացած է 99 տարի կանգուն մնալ` հաւատաւոր սկաուտներու, նուիրեալ մարզիկներու եւ անձնուէր վարչականներու նիւթական ու բարոյական հսկայական զոհողութիւններու շնորհիւ: ՀՄԸՄ-ի անցեալը լաւ պէտք է ուսումնասիրել` գիտնալու համար, թէ ի՛նչ ըսել է միութենական ըլլալ, ի՛նչ ըսել է մարզական ոգի, ի՛նչ ըսել է կամաւոր աշխատանք, լուռ եւ հետեւողական ծառայութիւն` առանց որեւէ ակնկալութեան ու վարձատրութեան: Ահա թէ ինչո՛ւ մեր ժողովուրդը ակնածանքով կը նայի ՀՄԸՄ-ին, որովհետեւ քաջ գիտէ, որ ան ազգային ներշնչումի եւ խանդավառութեան մնայուն աղբիւր կը հանդիսանայ», ըսաւ Գառնիկ Մկրտիչեան:

Անդրադառնալով այն իրողութեան, որ երբ «Յառա՛ջ, նահատակ»-ը հնչէ մեր մարզադաշտերուն վրայ, բոլոր հայորդիներուն սրտերը ազգային ապրումներով կը թնդան, երբ ՀՄԸՄ-ականները տողանցեն, հայ ժողովուրդի պայծառ ապագան կը մարմնաւորեն, երբ մետալակիր մարզիկները դիմաւորուին, անոնց յաջողութիւններուն մէջ հաւատաւոր միութենականներու քրտինքն ու վաստակը կ՛արտացոլան, իսկ երբ մատղաշ սկաուտները տեսնենք, անոնց մէջ վաղուան յանձնառու հայերը կ’ողջունենք, Գառնիկ Մկրտիչեան շեշտեց. «Ու որպէսզի ՀՄԸՄ-ը ՀՄԸՄ մնայ, այսուհետեւ ան պիտի ըլլայ աւելի՛ հայկական, աւելի՛ ընդհանուր եւ աւելի՛ արդիական միութիւն` աշխարհասփիւռ իր 108 մասնաճիւղերով, իր հայրենատենչ սկաուտներով ու հայրենակարօտ մարզիկներով»:

Խօսքի աւարտին ողջունելով մայիսեան փառատօնի կազմակերպիչ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, փառատօնին մասնակից մասնաճիւղերն ու վարժարանները` Գառնիկ Մկրտիչեան հաստատեց, որ միութիւնը հզօր ու հպարտ է իւրաքանչիւր ՀՄԸՄ-ականով, որոնք կոչուած են ապագայի կերտիչները ըլլալու եւ միութիւնը առաջնորդելու նորանոր տարեդարձներու:

Ապա տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի մրցաշարքերուն մասնակցած աշակերտներու բաժակներու եւ վահաններու  տուչութիւնը: Լաւագոյն մարզիկ յայտարարուեցաւ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանէն Մհեր Ճենանեան, լաւագոյն մարզիկուհի` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն Փաթիլ Ասատուրեան, լաւագոյն մարզիչ` Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճէն Յարութ Սարգիս, իսկ նախակրթարանի բաժինի վահանին տիրացաւ Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանը,  միջնակարգի` Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարանը, իսկ երկրորդականի` Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանը, իսկ Հայկազեան համալսարանի «ֆէյր փլէյ»-ի մրցանակին արժանացաւ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճը:

Այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին հնչեցուցած երաժշտութեան կշռոյթներով խրոխտ, հպարտ եւ հաստատ քայլերով տողանցեցին ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերը, շրջանային խմբապետութիւնը, վեթերան խմբապետները եւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ը, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց ներկայացուցչական խումբը, ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, փինկ փոնկի, աթլեթիզմի, ճատրակի եւ հեծելարշաւի ներկայացուցչական խումբերը, ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի աղջկանց` Լիբանանի ախոյեան խումբը, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղերու տարբեր մարզական խումբերն ու դպրոցները, ԼԵՎԱՄ-ի մրցումներուն մասնակցած հայկական տարբեր վարժարաններու աշակերտները:

Տողանցքի աւարտին իր պատգամը տուաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը, որ ըսաւ. «Թէեւ հայութեան պատմութիւնը լի է մռայլ ու սեւ էջերով, բայց եւ այնպէս կան թուականներ, ինչպէս 28 մայիսը, որոնք լուսաւորած, պայծառացուցած ու շքեղ դարձուցած են մեր պատմութիւնը»:

Ան շարունակեց. «Պուրճ Համուտի հայադրոշմ այս միջավայրին մէջ մայիսեան այս փառատօնով մենք պէտք է զգանք եւ վերապրինք մեր ազգային այն տեսիլքը, որ Արամ Մանուկեանի օրինակով բիւրաւոր հերոսներ հայրենի մեր աշխարհի ազատութեան ու անկախութեան ի խնդիր` պատերազմի դաշտերուն վրայ շքեղօրէն արտայայտեցին անցնող բոլոր ժամանակներուն»:

Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ մայիս 28-ով կերտուած Հայաստանի անկախութիւնը մեր պատմութեան ամէնէն լուսաւոր էջերէն է, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր հայ անհատի հոգիին մէջ կեանքի տեսիլք դրոշմող առիթ է: «Հետեւաբար, պատահականութեամբ չվարուինք մեր հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան տարեդարձին հետ, այլ անոր մէջ դիտելով անցեալի փառքն ու մեծութիւնը` ջանանք նաեւ այնտեղ քանդակել մեր գիտակից կեանքին պատկերը, որպէսզի նաեւ մեր եռանդովն ու ճիգովը կերտուին գալիք այն լուսաւոր կարելիութիւնները, որոնք մեզ պիտի տանին մեր հաւաքական իղձերուն ու անկատար տենչերուն պսակումին», հաստատեց առաջնորդը:

Շահէ եպս. Փանոսեան յայտնեց, որ հակառակ գաղութին դիմագրաւած դժուարին պայմաններուն` լիբանանահայութեան կեանքին մէջ լուսաւոր ու պայծառ նոր էջ մը կը բացուի: Արդարեւ, նորակառոյց Ազգային միացեալ վարժարանի բացումը նոր յոյս ներշնչող համալիր մըն է, որ շուտով կրթական մեր գործերուն նոր մղում եւ ընթացք տուող եռանդով պիտի պատրաստէ նոր սերունդի զաւակները:

Իր խօսքի վերջին բաժինով սրբազան հայրը կոչ ուղղեց շինիչ տրամադրութեամբ եւ ապագայատեսիլ հայեացքով ողջունելու Ազգային միացեալ վարժարանը, որ նկարագիր ու ինքնութիւն կազմաւորող դարբնոց մը պիտի ըլլայ: «Որպէսզի անոր արդիւնքով յաղթանակ տանինք այն բոլոր մարտերուն մէջ, զորս սփիւռքեան մեր առօրեային մէջ ամէն վայրկեան պարտինք մղել մեր հոգեկան աշխարհին մէջ, որպէսզի սերունդէ սերունդ ապահովենք յաւերժական երթը մեր ժողովուրդին», եզրափակեց Շահէ եպս. Փանոսեան:

Մայիսեան փառատօնը իր աւարտին հասաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով եւ հրավառութեամբ:

Scroll Up