Մինսք-Երեւան Ուղիղ Չուերթները Վերսկսած Են

Պելառուսական «Պելաւիա» օդանաւային ընկերութիւնը մայիս 24-ին վերսկսած է ուղիղ թռիչքներ իրականացնել Մինսք-Երեւան-Մինսք երթուղով:

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական օդանաւային  գլխաւոր վարչութեան կողմէ ընկերութիւնը ստացած էր թոյլտւութիւն` կանոնաւոր չուերթներ իրականացնելու համար:

Ամառնային  շրջանին` մայիսէն հոկտեմբեր ինկած ժամանակահատուածին, «Պելաւիա»-ն չուերթներ կ’իրականացնէ շաբաթական երկու անգամ` չորեքշաբթի եւ կիրակի օրերուն:

 

Scroll Up