Տարեկան ուխտագնացութիւն դէպի Պարոն Տէր կալուածք

Մայիս 20-ին, Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը եւ Սաղիմահայութիւնը ուխտագնացութիւն կազմակերպեց Պարոն Տէր կալուածքի մէջ, 2015 թ. Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ հիմնուած Յիշատակի Պուրակ: Պուրակի խաչքարին առջեւ նախ կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան կարգ Ս. Աթոռոյս պատրիարքներուն, միաբաններուն ու եկեղեցական սպասաւորներուն եւ բոլոր հայ ննջեցեալներուն համար, որուն աւարտին ներկաներուն օրուան պատգամը փոխանցեց հանդիսապետ Գերշ. Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան: Այս մասին Հայերն այսօրը կը տեղեկանայ Երուսաղէմի հայ համայնքէն:
Ուխտագնացութեան աւարտին ներկաներուն բաժնուեցաւ մատաղ:
Նշենք, որ այս ուխտագնացութիւնը երկրորդ անգամն է, որ կը կազմակերպուի Յիշատակի Պուրակի հիմնումէն ետք, որ պիտի ըլլայ ամէնամեայ: Այն արդէն հաստատուած է Պատրիարք Սրբազանին կողմէ  եւ գրանցուած  Եկեղեցական Օրացոյցին մէջ:

 18486346_428524260853438_8280832589768613836_n

Scroll Up