Արցախի ՄԷջ Զինուոր Մը Զոհուած Է

Մայիս 20-ին` ժամը 07:20-ի սահմաններուն, ՊԲ հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն մահացու վիրաւորում ստացած է զինծառայող, 1996թ. ծնունդ Կարէն Սարիբէկի Դանիէլեանը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը, դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: