Գուրգէն Դաբաղեան Տպաւորուած Է Պոլսահայերու Ընդունելութեամբ

Մայիս 10-ին ժողովրդական երգիչ Գուրգէն Դաբաղեան իր երաժշտախումբին հետ մենահամերգ  ունեցած է Պոլսոյ  հայկական համայնքէն ներս, ուր վերջին անգամ երգիչը հինգ տարի առաջ ելոյթ ունեցած էր:

«Հայերն այսօր»-իթղթակիցին հետ զրոյցին Գուրգէն Դաբաղեան ըսաւ, որ համերգը կայացած է Պոլսոյ հայկական «Վարդանանց» երգչախումբի հիմնադրման 85-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս: Այն անցած է շատ ջերմ մթնոլորտի մէջ, կազմակերպչական առումով` ամէն ինչ բարձր մակարդակով  եղած է, տպաւորութիւններն աննկարագրելի են: Լեփ-լեցուն դահլիճին մէջ ամէնուր հայկական շունչն ու ոգին  թեւածած է, իսկ մարդիկ ոգեւորուած ձայնակցած են զինք` արժանացնելով բուռն ծափողջոյններու:

«Սթամպուլի հայկական համայնքը համախմբուած, հայրենասէր համայնքներէն մէկն է, իսկ սթամպուլահայերը միշտ աչքի կ’իյնան հայկական մշակոյթի հանդէպ հետաքրքրուածութեամբ: Յատկանշական է համայնքի ու եկեղեցւոյ` հայ երիտասարդներու ազգային ինքնութեան պահպանման, իրենց արմատներէն չհեռանալու  ուղղութեամբ ծաւալող աշխատանքները: Ամէն ջանք կը գործադրուի անոնց հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն տալու համար»,-զրոյցը ամփոփեց Գուրգէն Դաբաղեան:

18342496_1337552132989452_1149103311381723695_n 18425062_1338845099526822_1767056776714471566_n

Scroll Up