Միջազգային Հանրութիւնը Պէտք է Պատասխանէ Պաքուին, Ոչ թէ Այնտեղ Համաեւրոպական Ձեռնարկներ Կազմակերպէ. Դաւիթ Բաբայեան

Ատրպէյճանի նախայարձակ աշխուժութեան մէջ որեւէ տարօրինակ բան տեղի չէ ունեցած:

Հակառակորդը, սովորաբար յանցագործ գործողութիւններու կը դիմէ, այս անգամ եւս իրականացուցած է նոյն քայլերը: Այս մասին, ըստ armenpress.am-ի, ըսած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան:

«Բարեբախտաբար չունինք զոհեր եւ վիրաւորներ, չէ եղած նաեւ ռազմական կարեւոր սարքի կորուստ: Ատրպէյճանի գործողութիւնը ոչ միայն յարձակման դրսեւորում է Արցախի նկատմամբ, այլեւ ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհի: Նման յարձակողական պահուածքը Ատրպէյճան կը վարէ միջազգային հանրութեան նկատմամբ: Օրինակ` ԵԱՀԿ գրասենեակի փակումը: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է համապատասխան քայլերով պատասխանէ, այլ ոչ թէ համաեւրոպական նշանակութեան ձեռնարկներ կազմակերպէ Պաքուի մէջ: Համտեսելով ատրպէյճանական խաւիարը` բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններ կորսնցուցած են իրենց դիմադրողական համակարգը: Ատոր համար այսպիսի իրավիճակ է»,- ըսած է Դաւիթ Բաբայեան:

Հակառակորդին աշխուժութիւնը Դաւիթ Բաբայեան կը կապէ Ատրպէյճանի տնտեսական լուրջ խնդիրներու հետ: Երկրին մէջ նիւթական ճգնաժամի դրսեւորումներ կան: Անոնք կը հարուածեն բազմաթիւ մարդոց շահերը, երկրին մէջ նիւթապէս ծանր իրավիճակ կը ստեղծուի: Ի՞նչ պէտք է ընել, ի հարկէ, վերնախաւը չ՝ուզեր իր ամենօրեայ թալանած միլիառները կորսնցնել, հետեւաբար, որպէսզի շեղէ ազգաբնակչութիւնը նիւթական հարցերէն, անպայման պէտք է դիմէ ահաբեկչական քայլերու: Անոնցմէ բացի, Թուրքիոյ հետ սերտ համագործակցութեան գործօնը կայ, ըստ Դաւիթ Բաբայեանի, Թուրքիոյ կողմէ եւս յորդորներ կան, որ Ատրպէյճանը դիմէ նման քայլերու:

Դաւիթ Բաբայեան ընդգծած է, որ հայկական կողմը ամէն ինչ կ՝ընէ` հակառակորդը զսպելու համար: Նման ահաբեկչութիւնները չեն փոխեր ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը տարածաշրջանին մէջ, Արցախի պաշտպանական բանակը կը շարունակէ իր ձեռքերուն մէջ ամուր պահել ռազմավարական նախաձեռնողականութիւնը:

Scroll Up