Հալէպահայերու Մասնակցութիւնը Լեհաստանի Մէջ Ցեղասպանութեան 102-ամեակի Ոգեկոչումներուն

Լեհաստանի հարաւարեւմտեան կողմը գտնուող Վրոցլաւ քաղաքին մէջ, 24 Ապրիլ 2017-ին տեղի ունեցան Հայոց Ցեղասպանութեան102-ամեակի նուիրուած ձեռնարկներ: Վրոցլաւի գլխաւոր պողոտաներէն` Տոմինիքան վանական միաբանութեան եկեղեցւոյ կից, հայկական պուրակին մէջ գտնուող եւ 21 Սեպտեմբեր 2012 թուականէն կանգնած խաչքարին մօտ ոգեկոչում տեղի ունեցաւ Լեհաստանի մէջ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան Էտկար Ղազարեանի եւ աւելի քան հարիւր ներկաներու` պետական եւ ազգային փոքրամասնութիւններու, Վրոցլաւի եւ մօտակայ շրջաններէ ժամանած հայորդիներու, ծագումով հայերու, հայ մշակոյթով հետաքրքրուած լեհ բարեկամներու մասնակցութեամբ:
Տեղւոյն համեստ թիւով հայութիւնը անգամ մը եւս իր յարգանքի տուրքը մատուցեց 1915-ի մէկուկէս միլիոն սրբադասուած հայ նահատակներու յիշատակին: Ոգեկոչումը սկսաւ Լեհաստանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, խաչքարին առջեւ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն, ծաղկեպսակներու զետեղում, ապա աղօթք մատուցուեցաւ Հայաստանի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծառայող, Հայաստանէն ժամանած Հայր Ռաֆայէլ Վ. Քրավչիկի կողմէ, որ նոյն օրը Վրոցլաւի մէջ նոյնպէս հայկական պատարագ մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու անմար յիշատակին: Խաչքարի մօտ լեհահայոց միութեան կողմէ լեհերէնով եւ հայերէնով օրուան խորհուրդը ներկայացնող ընթերցումներ կատարուեցան Աննա Քոչարեանի եւ Տիանա Յովակիմեանի կողմէ:
Ոգեկոչումէն ետք, ներկաները հրաւիրուեցան Տոմինիքաններու Միաբանութեան պատկանող սրահ, ուր տոմինիքան հայր Մարէք Միուավիէցքին լեհերէնով ներկայացուց լեհական մամուլի անդրադարձն ու գրականութեան արտացոլումը Հայոց Ցեղասպանութեան: Այդ դասախօսութենէն կարելի էր եզրակացնել, որ լեհական հասարակութիւնը ընդհանրապէս եւ մամուլն ու գրականութիւնը մասնաւորապէս հայ ժողովուրդին դէմ 1915-ին իրագործուած բարբարոսութիւններուն ու արիւնալի պատմութեան մասին սակաւ ու շատ մակերեսային տեղեկութիւններ ունի կամ գրեթէ ոչինչ գիտէ, նկատի առնելով, որ լեհական խորհրդարանը 19 Ապրիլ 2005-ին ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Հոս պէտք է յիշել, որ Լեհաստանի մէջ այդ բացը ձեւով մը կը փորձէ գոցել Լեհաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ հալէպահայ դոկտ. Արա Սայեղ: Պարտք է յիշել որ լեհահայ համայնքին համար 2017 թուականը յոբելինական տարի է, լեհահայ Սփիւռքի կազմաւորման 650-ամեակն է, այս առիթով Լեհաստանի հայկական միութիւններու ներկայացուցչութիւններու, անձնաւորութիւններու հետ 29 Մարտ 2017-ին Լեհաստանի նախագահ դոկտ. Անտժէյ Տուտայի հետ հանդիպման ընթացքին Արա Սայեղ նախագահին լուսաբանութիւններ տուաւ հալէպահայութեան այսօրուան դիմակալած գոյամարտի մասին, 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ նախագահին նուիրեց Ապրիլ 2015-ին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Լեհաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին հրատարակած «Արդարացի Հատուցում»ի լեհերէն թարգմանութիւնը: Վերջերս Բոզնան քաղաքի Աստուածաբանական ֆաքուլթէթի, Վրոցլաւի ճարտարագիտական եւ Վրոցլաւի համալսարանի իրաւաբանական ու հասարակական գիտութիւններու աշակերտութեանց ներկայացնելով Հայոց 1915-ի Ցեղասպանութեան նուիրուած չորս դասախoսութիւններ, միշտ յիշեցնելով, որ 1915-ի ցեղասպանութիւնը քաղաքակիրթ աշխարհին հանդէպ ոճիր մըն է, որ կը պահանջէ արդար հատուցում, մենք ազգովին կը գտնուինք ցեղասպանութիւնը վերապրողի համախտանիշի ազդեցութեան տակ, որովհետեւ ոտնահարուած են հայ ժողովուրդի մարդկային իրաւունքները: Մեր ազգային անգիտակիցը ծանրաբեռնուած է ցեղասպանութեան վիշտով ու տրտմութեամբ, տակաւին ոտնակոխուած է մեր անմեղ նահատակներու մարդկային արժանապատուութիւնը:
24 Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Տոմինիքան Սուրբ Վոյչէխ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակի նուիրուած հայ դասական եւ հոգեւոր երաժշտութեան համերգ, հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ ՀՀ Դեսպան Է. Ղազարեանի: Օրուան միտքն ու իմաստը լեհերէնով ներկայացուց դոկտ. Արա Սայեղ, որուն յաջորդեց ՀՀ Դեսպան Է. Ղազարեանի սրտին խօսքը: Հայ երաժշտութեան հարուստ ու տպաւորիչ երգացանկով ելոյթ ունեցաւ Լեհաստանի Քալիշ քաղաքի «Հեղինէ» լարային քառեակը` Հեղինէ Մկրտչեանի գլխաւորութեամբ, իր հմայիչ ձայնով մեներգեց յատուկ հրաւէրով Վրօցլաւ ժամանած հալէպահայ ու Հալէպի Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանի երաժշտութեան անցեալի ուսուցիչ, ներկայիս Երեւան ապրող մեներգիչ Արամ Ճապաղջուրեանը, ալթի եւ կիթառի զմայլիչ նուագով ընկերակցեցան Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանի եւ Հալէպի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի հալէպահայ աշակերտներ Ճորճ եւ Արամ Սայեղ եղբայրները, որոնք ներկայիս կ՛ապրին Վրօցլաւի մէջ: Ներկաները վայելեցին արուեստագէտներու կողմէ հրամցուած մէկ ժամէ աւելի երկարող գեղարուեստական յայտագիրը, ինքնուրոյն փայլք ու հմայք ունեցող հայ երաժշտութիւնը անգամ մը եւս ճախրեց դարաւոր այս եկեղեցւոյ կամարներուն տակ` իր անզուգական ջերմութեամբ զմայլելով ներկաներուն հոգիները: Համերգի աւարտին փակման խօսքով հանդէս եկաւ Կարէն Շահումեան:
Հալէպահայ արուեստագէտները հրաւէր ստացան նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակի երաժշտական համերգներ ներկայացնելու Լեհաստանի հիւսիսարեւելեան կողմը գտնուող Օլշթին քաղաքի Քլեպարք Վիէլքի շրջանի առաջնորդ եւ հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ Հայր Հէնրիք Պուաշչիքի կողմէ, որ ծանօթ է իր հայանպաստ ծառայութիւններով, սուրիահայութեան օգնելու իր պատրաստակամութեամբ, Հայաստանի ու հայութեան համար իր օգնութիւններով մանաւանդ` առողջապահական ասպարէզի մէջ իր ակնյայտ նպաստներով: Մեծ գոհունակութեամբ պէտք է ընդգծել, որ Քլեպարք Վիէլքիի մէջ Սուրբ Խաչ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կողքին 15 Սեպտեմբեր 2012-ին հայրենիքէն բերուած հայկական խաչքար զետեղուած է, առ ի երախտագիտութիւն Հայաստանի հանդէպ ցուցաբերուած բժշկական օգնութեան համար, եկեղեցւոյ կից կանգնած երախտագիտութեան խաչքարը կը հանդիսանայ հայ լեհական բարեկամութեան խորհրդանիշ: Հալէպահայեր` Արամ Ճապաղջուրեանի, Ճորճ եւ Արամ Սայեղ եղբայրներու կողմէ Քլեպարք Վիէլքիի մէջ ներկայացուեցան հայ դասական ու հոգեւոր երաժշտութեան հոգեհարազատ երկու համերգներ, առաջինը` Շաբաթ, 29 Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան տեղւոյն առաջնորդարանի սրահին մէջ, իսկ երկրորդը` Կիրակի, 30 Ապրիլ 2017-ի առաւօտեան պատարագէն ետք, Քլեպարք Վիէլքիի Սուրբ Խաչ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, որոնք ներկաներուն կողմէ մեծ խանդաղատանքի եւ ծափողջոյններու արժանացան: Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակի նուիրուած երկու համերգներէն առաջ Արա Սայեղ տեղւոյն լեհ հանրութեան հակիրճ տեղեկութիւններ ներկայացուց թուրքերու կողմէ կանխամտածուած ու ծրագրուած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Այս առիթով Օլշթին քաղաքի ռատիոկայանին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին, Սայեղ անգամ մը եւս անդրադարձաւ1915-ին հայ ժողովուրդի կրած չարչարանքներուն, շեշտեց Սուրիոյ մէջ պատերազմի պատճառով ներկայիս քրիստոնեաներու ու մանաւանդ հալէպահայութեան դիմակալած դժուարութիւններն ու տառապանք ու հալէպահայերու վերականգնումի հաստատակամ կամքը,վերանորոգ համոզումով գոյապայքարը շարունակելու հաւատքը, յիշեցնելով նաեւ, որ տրուած այս բոլոր համերգները իբրեւ պտղունց մը խունկ ու քուլայ-քուլայ բարձրացող աղօթք կը համարենք հաւատքի ու հայրենիքի համար զոհուած մեր միլիոնաւոր հայ նահատակներու բիւրեղ հոգիներուն յիշատակին:
Դառն էր Սուրիոյ մէջ Մարտ 2011-ին սկսած քաղաքական ճգնաժամը, որ հալէպահայութեան գոյութիւնը վտանգեց, անկայուն ու պատերազմական մղձաւանջային իրավիճակ ստեղծեց, հալէպահայերէն շատերը մղեց ակամայ արտագաղթի դէպի աշխարհացրիւ նոր երկրակամարներ` շարունակելու համար իրենց կեանքը: Ստոյգ իրողութիւն է նաեւ, որ նոր հորիզոններու վրայ հալէպահայերու ներկայութիւնը ընդունուած է որպէս գօտեպնդիչ ու կառուցողական երեւոյթ, որովհետեւ բնածին աւանդութեամբ հալէպահայութիւնը միշտ իր հետ փոխադրած է բազմադարեան հայ մշակոյթի հանդէպ իր ամրակազմ, պինդ պատրաստուածութիւնն ու հայ ազգային դիմացկուն թրծուածութիւնը եւ մանաւանդ իր ինքնուրոյն, շինիչ նկարագրի առանձնայատկութիւնը:
Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար: