Շուշիի Ազատագրութեան Եւ Վիգէն Զաքարեանի Նահատակութեան 25-Ամեակներու Հանդիսաւոր Նշում Լիբանանի Մէջ

«Հայրենիքը նահատակներու արեան կաթիլներով կ՛ազատագրուի: Այդպէս ալ ազատագրուեցաւ Արցախը»:
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին, երէկ`11 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Շուշիի ազատագրութեան եւ արցախեան ազատագրական պայքարին մասնակից լիբանանահայ ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 25-ամեակներուն նուիրուած ձեռնարկ: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը։
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղէն Շնորհք Չերչեան շեփորով նուագեց «Զարթօնք»-ը, որմէ ետք հնչեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները: Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղի ատենապետ Սագօ Պէօճեքեան: «Խոնարհիլ Աստուծոյ առջեւ` հաւատքի խորհրդանիշ է: Խոնարհիլ դրօշակին առջեւ` պատիւի խորհրդանիշ է: Խոնարհիլ հայրենիքին առջեւ` պայքարի եւ կեանքի խորհրդանիշ է», ըսաւ Պէօճեքեան իր խօսքի սկզբնաւորութեան` հաստատելով, որ հայ ազատամարտիկները այս համոզումներով ելան ճամբայ` դէպի հայրենի հողի ազատագրում: Ան նկատել տուաւ, որ Շուշիի ազատագրութեան ճամբուն վրայ ինկան բազմաթիւ նահատակներ, որոնցմէ մէկն էր «Դրօշակ» մասնաճիւղի ԼԵՄ-ական ընկեր Վիգէն Զաքարեան, որ հետեւեցաւ Սիմոն Եահնիեանի օրինակին, որ նահատակուած էր 1983-ին` Լիզպոնի մէջ: Պէօճեքեան նկատել տուաւ, որ Վիգէն Զաքարեան ընկերասէր, մարզասէր եւ բազմաթիւ ձիրքերու տէր երիտասարդ մըն էր եւ ունէր բոլոր կարելիութիւնները հանգիստ կեանք ու ապագայ մը վարելու, սակայն անտեսելով այդ բոլորը, ան նախընտրեց երթալ Արցախ եւ կռուիլ անոր ազատութեան համար, ու հասաւ իր նպատակին` նահատակուելով այդ սուրբ հողին վրայ, որուն ծարաւը յագեցուց իր արիւնով:
«Բոլոր նահատակ ազատամարտիկներուն յիշատակը պիտի մնայ անթառամ, այնքան ատեն որ մենք ալ անսակարկ նուիրումի ճամբէն քալող յանձնառու, անձնուէր եւ պահանջատէր երիտասարդներ ենք եւ կը շարունակենք պայքարիլ յանուն հայ ազգին ու դատին: Մի՛ վհատիք, սիրելի՛ նահատակներ, պիտի շարունակենք ձեր սկսած գործը` պահելու համար մեր գոյութիւնը, մնալու համար իսկական հայեր, ապրելու եւ ծնունդ տալու սերունդի մը, որ յանձնառու պիտի ըլլայ վառ պահելու հայոց լեզուն, հայ մշակոյթը, մեր պատմութիւնն ու արդար դատը, պիտի զարգացնէ ու հզօրացնէ հայ ազգը եւ պիտի վերատիրանայ հայութեան բոլոր իրաւունքներուն», եզրափակեց Սագօ Պէօճեքեան:
Այնուհետեւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղէն Սինթիա Սայեղի եւ Մայք Մխսեանի ձայներով ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ կ՛արտացոլար արցախեան ազատամարտին ընթացքին հայութեան կերտած յաղթանակը, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան գոյատեւումը հակառակ բազմատեսակ դժուարութիւններուն, 9 մայիս 1992-ին Շուշիի ազատագրումը եւ ազատագրման ճամբուն վրայ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութիւնը: Տեսերիզին մէջ ներկայացուեցան նաեւ Վիգէն Զաքարեանի կենսագրական գիծերը, իսկ անոր անձին եւ գործին մասին կենդանի վկայութիւններով ելոյթ ունեցան Մարտիկ Ճիկերեան եւ Զաւէն Հաւաթեան:
Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեան: Ան նկատել տուաւ, որ արցախեան ազատամարտին մասնակցած, ռազմաճակատներու վրայ նահատակուած Վիգէն Զաքարեանի, Վարդան Տուշմանի, Կարօտի, Մհերի, Պետոյի եւ միւսներուն սխրագործութիւնները իւրայատուկ տեղ ունին` աւելցնելով, որ այդ սխրագործութիւնները պիտի փոխանցուին սերունդէ-սերունդ, ազատամարտիկներուն խիզախ նկարագիրը, ազնիւ բնաւորութիւնը, քաջութիւնը, անհատականութիւնը պիտի դաստիարակեն ու կերտեն նոր հայու տիպարը: Տիպար սերունդ մը, որ օժտուած ըլլայ համահայկական արժէքներով` կարգապահ եւ կազմակերպուած, ռազմաքաղաքական արդի գիտելիքներով զինուած, գաղափարական յստակ տեսութեամբ տոգորուած: «Այսօրուան հաւաքը պէտք է վերածուի կոչի, ուժի, քաղաքական գործօնի: Հայութիւնը պէտք է վերստին խիտ շարքերով զօրաշարժի ենթարկէ ինքզինք, որովհետեւ մենք տակաւին պատերազմի մէջ ենք եւ ամէն վայրկեան պատրաստ պէտք է ըլլանք արժանապատիւ կերպով դիմակայելու իւրաքանչիւր յարձակում, վտանգ, միջազգային թէ շրջանային ճնշումներ», շեշտեց Գարագաւորեան եւ շարունակելով իր խօսքը ըսաւ, որ Շուշիի ազատագրութիւնը սրբազան, մշակութային, կրթական, ռազմավարական տարածք եւ կարեւորութիւն ունենալու հանգամանքէն անկախ, ազատագրեց մեր հոգիները, համայն հայութեան վերադարձուց իր արժանապատուութիւնը եւ հպարտութիւնը: Բանախօսը շեշտեց, որ մենք պարտաւորութիւններ ունինք մեր բոլոր նահատակուած ընկերներուն, ազգին, հայրենիքին եւ կուսակցութեան նկատմամբ, եւ տուեալ ազգային սուրբ գործին ու պայքարին մեզի վերապահուած բաժինը մենք յանձնառու եւ արժանապատիւ կերպով պիտի վերցնենք ու այդ սրբազան գործը պիտի հասցնենք իր աւարտին: Խօսքը ուղղելով ԼԵՄ-ականներուն` Գարագաւորեան հարց տուաւ, թէ Վիգէն Զաքարեան ի՞նչ պիտի թելադրէր մեզի եւ ի՞նչ պիտի ակնկալէր մեզմէ հիմա, եւ պատասխանելով հարցադրումին ըսաւ, որ Զաքարեան պիտի թելադրէր, որ երիտասարդութիւնը չտկարանայ, չկորսուի նոր ժամանակներու արհեստական արժեհամակարգին ընձեռած ազատութիւններէն, նաեւ պիտի յորդորէր, որ երիտասարդները իրենք զիրենք չսպառեն ընկերային ցանցերու վրայ կատարուող անհեթեթ եւ ապակառուցողական բանավէճերով, չառաջնորդուին ներազգային յետադիմական բամբասանքներով` աւելցնելով, որ Վիգէն Զաքարեան պիտի յանձնարարէր, որ երիտասարդութիւնը լաւագոյնս օգտագործէ նոր ժամանակներու ընձեռած արդի տեղեկատուական, քարոզչական եւ արհեստագիտական բոլոր միջոցները` դիմակայելու համար Արցախի քառօրեայ պատերազմի ընթացքին յատկապէս ընկերային ցանցերու վրայ թուրք-ազրպէյճանցիներու կողմէ կատարուած տեղեկատուական, քարոզչական ու ապատեղեկատուական նոր տեսակի պատերազմները:
Եզրափակելով իր խօսքը` Մելիք Գարագաւորեան կոչ ուղղեց ԼԵՄ-ականներուն իրենց գաղափարական ոգիով խանդավառելու երիտասարդութիւնը, բացատրելու, թէ հայրենիքը ամէն ինչէ վեր է, չտկարանալու, զինուորագրուելու մեր ժողովուրդին արդար իրաւունքներուն վերականգնման աշխատանքներուն, մասնակից ըլլալու Հայաստանի պետականաշինութեան, տնտեսական զարգացման, զոյգ հանրապետութիւններու սահմաններու անվտանգութեան եւ մասնակից դառնալու Արցախի վերաբնակեցման աշխատանքներուն: ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղի անդամները ներկայացուցին Ռոպերթ Առաքելեանի բեմադրութեամբ կենդանի պատկեր մը, որուն պատգամն էր հայութեան մղած գոյատեւման պայքարի շարունակութիւնը հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն:
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Վիգէն Զաքարեանի քոյրը` Հուրի Զաքարեան, որուն յանձնուեցաւ յուշանուէր մը:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղէն Գուրգէն Փափազեան եւ «Րաֆֆի» մասնաճիւղէն Անդօ Ղազարեան ներկայացուցին «Եարխուշտա» պարը:
Աւարտին յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան` ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի, մեկնաբանեց ազգային-հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերու փունջ մը:
Յայտնենք, որ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղի անդամները ներկաներուն բաժնեցին Վիգէն Զաքարեանի դիմանկարով յուշանուէրներ: