Հակառակորդը Հայ Դիրքապահներու Ուղղութեամբ Արձակած է Աւելի Քան 730 Կրակոց

Մայիս 4 լոյս 5-ին, Արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծին վրայ, հակառակորդը՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ՝ հրադադարը խախտած է շուրջ 45 անգամ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 730 կրակոց:
ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական ծառայութիւն` անհրաժեշտ պարագային դիմելով պատասխան գործողութիւններու: