«Եղիցի Լոյս» Արեւային Ուժի Օգտագործման Նախագիծի Հեղինակն Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Մայիս 2-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց «Եղիցի լոյս» արեւային ուժի օգտագործման նախագիծի հեղինակ, Սինկափուր բնակող հայ գործարար Աշոտ Թունեանը, Մեանմարէն Վիքթոր Մայնասը, որուն հայրը եւ մեծհայրը հայ  եղած են` Մինասեան ազգանունով:

Ողջունելով հիւրերը` նախարարը հետաքրքրուեցաւ, թէ Վիքթորի ընտանիքը քանի հոգիէ բաղկացած են եւ ինչով կը զբաղին, Ովկիանիա գտնուող այդ փոքրիկ երկրին մէջ քանի հայ կայ: Նախարարը կարեւոր նկատեց աշխարհով մէկ սփռուած փոքրիկ երկիրներու հաշուառումը , խառնամուսնութիւններէն ծնած սերունդներու հայադարձութիւնը: Վիքթորի հայրը 1890 ական թթ. եղած է Մեանմար պետութեան քրիստոնէական հնագոյն սրբավայրի` Ռանկունի Սբ Յովհաննէս Մկրտիչ հայկական եկեղեցւոյ հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ:

Սփիւռքի նախարարը արժեւորեց Աշոտ Թունեանի ազգասիրական գործունէութիւնը, հայապահպանութեան ուղղուած անոր ջանքերը, ինչպէս նաեւ` արեւի ուժի օգտագործան «Եղիցի լոյս» նախագիծը:

Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ մէջ հայերը բնակութիւն  հաստատած են դեռեւս 16-17-րդ դարերէն: Օտար հողի վրայ հաստատուելով եւ հայ համայնքներ ձեւաւորելով, ինչպէս այօրուան տեղաբնակ հայերուն, այնպէս ալ ժամանակին հայերուն համար կեանքի առաջնային նպատակը  եղած է պահպանել սեփական լեզուն, հաւատքը եւ մշակոյթը: Հին ժամանակներէն հայերը Մալիզիա  եկած են հիմնականին մէջ Հնդկաստանէն եւ Հին Ջուղայէն ու արմատաւորուած են Մալաքա թերակղզիին մէջ, որ Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ թերակղզիներէն է` Հնդկաչին թերակղզիի հարաւային մասը: Այն ներկայիս բաժնուած է Մեանմարի, Մալիզիոյ եւ Թայլանտի միջեւ: Հայերը հաստատուած են Փենանգ նահանգի Ճորճթաուն քաղաքին մէջ եւ շատ կարճ ժամանակուան մէջ վճռորոշ դեր  ունեցած են նահանգի տնտեսական, մշակութային կեանքին  եւ ճարտարապետութեան պատմութեան մէջ:

 

2

Scroll Up