ՀԵԸ-Ի Համալսարանականներու Կազմակերպութեամբ  Դասախօսական   Շահեկան Երեկոյ՝  Դար Մը Հայոց   Ցեղասպանութենէն Ետք

Հակառակ Թուրքիոյ նախագահ  Ռեճէպ Թայիփ  Էրտողանի հաւաստիքներուն, Թուրքիա կը  դիմագրաւէ  քաղաքական,ապահովական, ընկերային  լուրջ  մարտահրաւէրներ: Երէկի պատկառելի թիւ կազմով քրիստոնեայ  համայնքը  կոտորակներու վերածուած  է այսօր: Անոր  ապագան կը մնայ նոյնքան մութ, որքան դար մը առաջ..:

Դար մը եւ աւելի անցած է  հայ  ժողովուրդի դէմ  կազմակերպուած եւ գործադրուած  Ցեղասպանութեան: Թուրքիոյ յաջորդական  իշխանութիւններ   տակաւին կը խուսափին առ երեսուիլ  պատմական  ճշմարտութեան հետ  եւ  խոստովանիլ  իրենց հրէշային  ոճիրը:

Իսկապէս  ին՞չ  փոխուած է   Թուրքիոյ մէջ  Հայ  ժողովուրդի դէմ  գործուած  Ցեղասպանութենէն հարիւր եւ  երկու տարիներ  ետք… ահա այս  հարցումին պատասխանը ստանալու նպատակով,  ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի  Համալսարանական Ուսանողներու  Համախմբումը,  Հինգշաբթի, 27 Ապրիլ  2017-ի երեկոյեան, հետաքրքրական միջոցառում մը կազմակերպած էր ՀԲԸՄ-ի  Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ,  դասախօսներ    Ալին Օզինեանը եւ Ճաֆէր Սարըքայան հրաւիրելով,  ներկայացնելու   երկու կարեւոր նիւթեր:

   Ի  ներկայութիւն  ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամներու, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին եւ անդամներու, ազգային հարցերու իրազեկ  ընտրանիի մը,  միութենականներու, բարեկամներու,  ՀԵԸ-ի  Համալսարանական Ուսանողներու Համախմբումի ատենապետ Ռաֆֆի Քելեշեան  բարի գալուստ մաղթեց  ներկաներուն եւ  յարգելի  դասախօսներուն:

    Լիբանանահայ ծանօթ  մտաւորական  Կարօ Աբրահամեան ամփոփ   տողերու մէջ  ներկայացուց  վերջին տարիներու   պոլսահայ     համայնքին  զարթօնքը,  վկայակոչելով թրքալեզու   թերթերը եւ իսթանպուլահայ  թրքագիր գրողներու   հատորները, ծանօթ հայ  գրողներու  հայերէն  ստեղծագործութիւններու   թրքերէն թարգմանութիւնը: Զարթօնքի այս   երեւոյթը  նոր թափ կը ստանար Հրանդ Տինքի, պատրիարք   Մեսրոպ Արք. Աշճեանի եւ  Ֆեթհիյէ Չեթինի գործակցութեամբ: Շնորհիւ այս   շարժումին,հոծ զանգուած  մը   փնտռելու  ելած էր իր  արմատները…: Կարօ Աբրահամեան նաեւ  գնահատեց  Լիբանանի մէջ պոլսահայ  զարթօնքը արժեւորելու   իրողութիւնը:

 ՀԸՄ-ՀԵԸ  Համալսարանական Ուսանողներու Համախմբումի վարչութեան  անունով Պետիկ  Թորոսեան (հայերէն եւ անգլերէն) ներկայացուց   օրուան երկու  դասախօսներ Ալին Օզինեանը եւ   Ճաֆէր  Սարըքայնը:  Թրքագիտութեան   Մագիստրոս Ալին  Օզինեան, Երեւանի Պետական Համալսարանէն, քաղաքական  գիտելիքներու պսակաւոր արուեստից վկայեալ: Ան, 2015  թուականէն ի վեր մաս կը կազմէ   Armenian Assembly  Of America-ին:

 Ճաֆէր Սարըքայա՝ քաղաքագիտութեան եւ պատմութեան  պսակաւոր արուեստից  վկայեալ՝ Իսթանպուլի  Եէտիթէփփէ   Համալսարանէն: Ան մաս կը  կազմէ  Kurdish  History Journal-ի խմբագրական կազմին:

  Ալին  Օզինեան խօսեցաւ  Թուրքիոյ մէջ  Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումին մասին:  Ճիշդ է, որ  Ցեղասպանութենէն  անցած  է  հարիւր  եւ երկու տարի, սակայն  քաղաքական,  ընկերային, մշակութային, կրթական եւ այլ   գետիններու վրայ  հայերու հանդէպ Թուրքիոյ   խորքային քաղաքականութիւնը կը մնայ  անփոփոխ:  Հայերու դէմ բռնութիւնները եւ կաշկանդումները շարունակուած են 1940-ականներուն, ապա   1955-56-ին,որուն հետեւանքով  մեծ  թիւով հայեր գաղթած են   Թուրքիայէն: Այսօրուան դրութեամբ  հայերը  դարձած են   գրեթէ աննշան փոքրամասնութիւն, երբ  դար մը առաջ պատկառելի  թիւ կը ներկայացնէին  անոնք:  Օզինեան  ընդգծեց, թէ  թուրքը կը մնայ թուրք, անկախ թէ կրնայ  ըլլալ     քեմալական, հանրապեական կամ  Էրտողանի  կուսակցութեան  անդամ:  Ան  նաեւ մտահոգիչ տուեալներ փոխանցեց   թրքահայ համայնքի կրթական, մշակութային առօրեայէն:

Ճաֆըր Սարըքայա  ներկայացուց (անգլերէն)  Սեւ ծովու տարածքին իսլամացած  հայերու  իրավիճակը:  Իր նիւթը աւելի պատկերաւոր   եւ  հասանելի դարձնելու նպատակով, Ճաֆէր Սարըքայա  նկարներ ցուցադրեց  պաստառի վրայ:  Ճաֆըր Սարըքայայի խօսքէն կարելի էր  հետեւցնել, թէ  Ցեղասպանութեան   ողբերգութենէն ետք  հայերու հանդէպ  խտրականութեան  քաղաքականութիւնը  կը շարունակուի  մինչեւ մեր օրերը, ապացոյց՝ Սեւ ծովու երկայնքին  երէկի  հայահոծ  ոստաններուն այսօրուան  իրավիճակը: Ամայացած են  քաղաքներ, շրջաններ…: Անոնք՝ հայերը   գաղթած  են  եւ կամ  բռնի   իսլամացած: Ան  բարեբախտութիւն  սեպեց, որ ներկայիս  մեծ թիւով հայեր  կը փորձեն վերադառնալ իրենց  ինքնութեան:

Ալին Օզինեան եւ Ճաֆըր  Սարըքայա  պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն:  Երեկոյի աւարտին ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան   եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ  Յակոբ Ճըղըլեան գնահատանքի  յուշանուէրներ  յանձնեցին զոյգ դասախօսներուն:

Ապա  տեղի ունեցաւ  հիւրասիրութիւն:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Scroll Up