ԹՄՄի «Վրձինով Կը Մերժենք եւ Կը Պահանջենք» Ցուցահանդէսը – Հայոց Ցեղասպանութիւնը Լիբանանցի Արուեստագէտներու Սրտերուն ու Հոգիներուն Ընդմէջէն

Հինգշաբթի, 20 Ապրիլին Լիբանանի Պիպլոսի-Ժպէյլի քաղաքապետութեան մշակութային կեդրոնի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած «Վրձինով կը մերժենք եւ կը պահանջենք…» խորագրով ցուցահանդէսը, զոր կազմակերպած էր Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, Լիբանանի ՀՀ դեսպանութեան եւ Պիպլոսի քաղաքապետարանի հետ համագործակցութեամբ։
Ցուցահանդէսին ներկայացուեցան լիբանանցի 24 գեղանկարիչներու աշխատանքները, որոնք իրենց ստեղծագործութիւններով կը դատապարտեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ցուցահանդէսի նպատակն էր ոգեկոչել Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը, բարձրացնել հասարակութեան իրազեկուածութեան մակարդակը, նպաստել մարդկութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւններու ճանաչման եւ դատապարտման։
Հակառակ ցուցահանդէսի տխուր նիւթին, կատարուածը անզուգական փորձ մըն էր՝ ի մի բերելու լիբանանցի ոչ-հայ՝ թիւով 24 արուեստագէտ-արուեստագիտուհիներ, որոնք սիրայօժար իրենց սրտին ու հոգիին սէրը, յարգանքն ու զօրակցութիւնը միախառնելով իրենց վրձինին, հանրութեան ներկայացան Ցեղասպանութեան նուիրուած 24 իւրայատուկ գործերով, որոնց համար արժանի են ամէն երախտագիտութեան:
Մասնակցող արուեստագէտներն էին՝
Ամալ Ալ Աշքար, Տալալ Ֆարահ, Ֆատիա Ռաֆֆուի, Ֆերիալ Սայեղ, Ֆաթիմա Օսման, Ժորժ Մանասէ, Հատիլ Էլ Ռիզ-Այյուպ, Հուսամ Ապու Ասի, Քարմա Նաիմ Պարաքաթ, Գարոլ Սալիպա, Լէյլա Գանսօ, Մահտի Աքպար, Մարի Խուրի, Մարինա Ռամատի, Մարի Հատտատ, Մարի Թահհան, Նապիլ Մաքարէմ, Նաժլա Հոպէյշ, Նիքոլ Մըզհեր, Ուսամա Տիմաշքիէ, Ռապիա Մաաթուք, Ռիմա Ֆրրուխ, Սարա Մուսաուի: Մասնակիցներուն մէջ բացառութիւն կը կազմէր հայազգի Անտրէ Գալֆայեան, որպէս Պիպլոս ծնած արուեստագէտ:
Ցուցահանդէսին իր խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, որ իր գոհունակութիւնը յայտնեց ցուցահանդէսը հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող Պիպլոսի պէս հնամենի քաղաքի մէջ կազմակերպուելուն համար:
Դեսպանը, շնորհակալութիւն յայտնելով ցուցահանդէսի կազմակերպիչներուն, արուեստագէտներուն եւ Պիպլոսի քաղաքապետին, վստահութիւն յայտնեց, որ նման ձեռնարկները նոր դռներ կը բանան երկու բարեկամ պետութիւններու միջմշակութային երկխօսութեան համար։
Դեսպանն աւելցուց, որ քաղաքակիրթ հանրութիւնը ճիշդ դիրքորոշում պէտք է ցուցաբերէ նմանատիպ բոլոր յանցագործութիւններուն նկատմամբ, մերժէ ժխտողականութիւնը, հասնի պատմական արդարութեան վերականգնմանը:
Դեսպան Մկրտչեան անդրադարձաւ նաեւ բարեկամ ժողովուրդներու պատմական անցեալին՝ շեշտելով, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենածանր եւ օրհասական պահուն Լիբանանը բազմահազար հայրենազրկուած հայերու համար դարձաւ փրկութեան փարոս:
Ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ Պիպլոսի քաղաքապետ Զիատ Հաուաթը եւ Թէքէեան մշակութային միութեան Լիբանանի տեղական վարչութեան ատենապետ ընկ. Տոքթ. Վիգէն Ասիլեանը։
Ցուցահանդէսը, որուն ներկայ եղան լիբանանահայ եւ արաբ լիբանանցի արուեստասէր ընտրանի մը, բաց մնաց շաբաթավերջին ընթացքին՝ առիթը տալով պատմական այդ քաղաքը այցելող զբօսաշրջիկներուն աւելի մօտէն ծանօթանալու Հայոց Ցեղասպանութեան:
Տեղին է յիշել, որ ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր յաւերժացնելու այս ցուցահանդէսը անոր մէջ ցուցադրուած գեղանկարներու ալպոմով մը, որուն մէջ գեղանկարիջներու կենսագրականներուն եւ գործերուն նկարներուն կողքին կային նաեւ Ժըպէյլի քաղաքապետին, Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանին, ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութեան, Տիկ. Սեդա Խըտըշեանի, եւ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի խօսքերը: Ալպոմը խմբագրած է Արուեստագիտուհի Լենա Այտընեանը:
Զարթօնք օրաթերթ