«Խոստումը» Շարժանկարի Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը Յորդանանի ՄԷջ

Ապրիլ 25-ին Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի նշանաւոր «Թաճ» կինոթատրոնին մէջ (Taj Cinemas) մեծ շուքով կայացաւ «Խոստումը» ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը` կազմակերպութեամբ եւ համագործակցութեամբ Յորդանանի «Վարդավառ» հայկական երգչախումբին: Տրամադրուած երկու դահլիճները լեփ- լեցուն էին. շուրջ 330 անձ: Շարժանկարի անդրանիկ ցուցադրման ներկայ էր նաեւ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Արթուր Սքլջեան:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն համայնքէն, ընդունելութեան ընթացքին ելոյթ ունեցաւ «Վարդավառ» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Վարդուհի Թորոյան-Ներսէսեանի` եւս մէկ անգամ հնչեցնելով կոմիտասեան ոսկեղինիկ ժառանգութեան գոհարներէն:
Մարալ Ներսէսեան բացման խօսքով տեղեկացուց շարժանկարի ստեղծման պատմութեան մասին եւ համայնքին կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց Հաշիմական ընտանիքին, որ ջերմօրէն ընդունեց հայ վերապրողներուն եւ տուաւ հաւասար իրաւունքներ` Շէրիֆ Հուսէյն Պին Ալիի 1917-ի հրամանագիրին համաձայն:
«Խոստումը» շարժակարը Հայոց ցեղասպանութիւնը այլ ազգերուն ծանօթացնելու` նոր տարբերակ մը կրնայ հանդիսանալ:
Սփիւռքի մէջ հայապահպանութիւնը կը սկսի միասնականութեամբ: Յորդանանահայ համայնքը մէկ անգամ եւս ապացուցեց աշխարհին, որ հայը կը շարունակէ ապրիլ ու արարել:
Մասնաւոր շնորհակալութիւն կ’ուզենք յայտնել Մարալ Ներսէսեանին եւ Սարօ Եսայեանին, որոնց նուիրական ջանքերով «Խոստումը» շարժանկարի յորդանանեան անդրանիկ ցուցադրումը պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ: