Հայ Համայնքը Երուսաղէմի ՄԷջ Թրքական Հիւպատոսարանին Դիմաց Բողոքի Ցոյց Կ’իրականացնէ

Երուսաղէմի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան ձեռնարկները կը մեկնարկեն Ապրիլ 23-ին:
Ինչպէս տեղեկացուց Հայ դատի Երուսաղէմի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Սեւանը, ձեռնարկներու մեկնարկը կը տրուի Ապրիլ 23-ին երեկոյեան իրականացուելիք ջահերով երթին:
«Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբեանց վանքէն ջահերով երթ կ’իրականացուի դէպի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի: Այնուհետեւ մասնակիցները կը շարժին դէպի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշաքարին մօտ, ուր տեղի կ’ունենայ մոմավառութիւն»,-ըսաւ Յակոբ Սեւան:
Ապրիլ 24-ին առաւօտեան Սուրբ Յակոբեանց վանքին մէջ կը մատուցուի պատարագ` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն: Այնուհետեւ պատարագի մասնակիցները կ’ուղղուին դէպի ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշաքարին մօտ, ուր նախատեսուած են ելոյթներ:
«Յիշատակի ձեռնարկներէն յետոյ կը նախատեսենք բողոքի ցոյց իրականացնել Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ գտնուող թրքական հիւպատոսարանին դիմաց: Գլխաւոր ուղերձն է ճանաչում եւ հատուցում»,-ըսաւ ան:
Ապրիլ 24-ի երեկոյեան ալ կ’իրականացուի յուշ երեկոյ, կը գրէ Արցախփրէսը: