Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ցուցահանդէս Լիբանանի ՄԷջ

Ապրիլ 20-ին Լիբանանի Պիպլոս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած «Վրձինով կը մերժենք եւ կը պահանջենք…» խորագիրով ցուցահանդէսը, որ կազմակերպած է Թէքէեան մշակութային միութիւնը, Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ Պիպլոսի քաղաքապետարանի հետ համագործակցութեամբ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Ցուցահանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Պիպլոսի պէս հնամենի քաղաքի մը մէջ, որ ունի հազարամեակներու պատմութիւն:
Դեսպանը, շնորհակալութիւն յայտնելով ձեռնարկի կազմակերպիչներուն, արուեստագէտներուն եւ Պիպլոսի քաղաքապետին, վստահութիւն յայտնեց, որ նման ձեռնարկները նոր դռներ կը բանան երկու բարեկամ պետութիւններու միջմշակութային երկխօսութեան համար:
Դեսպանը աւելցուց, որ քաղաքակիրթ հանրութիւնը ճիշդ գնահատական պէտք է հնչեցնէ նմանատիպ բոլոր յանցագործութիւններուն, մերժէ ժխտողականութիւնը, հասնի պատմական արդարութեան վերականգնման:
Դեսպան Մկրտչեան անդրադարձաւ նաեւ բարեկամ ժողովուրդներու պատմական անցեալին` շեշտելով, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենածանր եւ օրհասական պահուն Լիբանան բազմահազար հայրենազրկուած հայերու համար դարձաւ փրկութեան փարոս:
Ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ Պիպլոսի քաղաքապետ Զիատ Հաուաթը եւ Թէքէեան մշակութային միութեան Լիբանանի տեղական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Ասսիլեան:
Տեղեկանք․ցուցահանդէսին ներկայացուած են Լիբանանցի 24 գեղանկարիչներու աշխատանքներ, որոնք իրենց ստեղծագործութիւններով կը դատապարտեն Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ցուցահանդէսին նպատակն է ոգեկոչել Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը, բարձրացնել հասարակայնութեան շրջանին իրազեկուածութեան մակարդակը, նպաստել մարդկութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւններու ճանաչման եւ դատապարտման: