Աւագ Հինգշաբթի Օրուան Արարողութիւնները` Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ

«Սէրը Հիմքն Ու Էութիւնն Է Քրիստոնէական Հաւատքին»
Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Հայ եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան ամէնէն հարուստ ու խորհրդաւոր օրերէն մէկն է Քրիստոսի տնօրինական կեանքի վերջին հինգշաբթին` Աւագ հինգշաբթին: Այս օրը Ս. պատարագի եւ Հաղորդութեան խորհուրդի հաստատման, Ոտնլուայի, Քրիստոսի մատնութեան, ձերբակալութեան ու խաչելութեան յիշատակումի օրն է:
Դարերէն մեզի եկող աւանդութեան համաձայն, Աւագ հինգշաբթի` 13 ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Հաղորդութեան սուրբ եւ անմահ պատարագ:
Նոյն օրը յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին` նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի հոգեպարար արարողութիւնը, որ քրիստոնէական կեանքին մէջ խոնարհութեան ու հեզութեան մեծագոյն խորհուրդն ու օրինակը կը բովանդակէ իր մէջ:
Վեհափառ հայրապետը, Քրիստոսի օրինակով, ղենջակ կապած, 12 առաքեալները խորհրդանշող 12 դպրեվանեցիներու ոտքերը լուալէ ետք, իր հայրապետական պատգամին մէջ շեշտեց սիրոյ, համերաշխութեան, խաղաղութեան ու խոնարհութեան անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Եթէ ուզենք քրիստոնէութիւնը մէկ բառի մէջ խտացնել կամ փորձել Աստուածաշունչը մէկ բառով արտայայտել, ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ, եթէ ոչ սէր բառը: Մեր հաւատքի բոլոր արտայայտութիւնները, Աստուածաշունչէն սկսեալ մինչեւ մեր եկեղեցւոյ ծէսն ու խորհուրդները, իբրեւ հիմք նպատակ ունին սէրը»: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը շարունակելով ընդգծեց մարդուն հանդէպ Աստուծոյ ունեցած անսահման սէրը` յայտնելով, թէ մարդուն հետ Աստուծոյ ունեցած յարաբերութիւնը սիրոյ վրայ հիմնուած է: Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը աւարտեց` կոչ ուղղելով հաւատացեալ ժողովուրդին առաջնորդուելու Քրիստոսի սիրոյ օրինակով:
Երեկոյեան ժամը 7:00-ին հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեան տեղի ունեցաւ Քրիստոսի մատնութիւնը, չարչարանքները եւ խաչելութիւնը խորհրդանշող արարողութիւնը, որ հայ եկեղեցւոյ ամէնէն հոգեպարար եւ յուզիչ արարողութիւնն է` «Խաւարման գիշեր»-ը:
Արարողութեանց աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս պահպանիչ աղօթքով ու Քրիստոսի կենարար Ս. խաչի օրհնութեամբ, հաւատացեալներ Աւագ հինգշաբթիի խորհուրդով վերանորոգուած, ուշ գիշերին մեկնեցան Անթիլիասի մայրավանքէն:
«Քրիստոս Իր Աշակերտներուն Ոտքերը Լուալով ԳերագոյնՍիրոյ Օրինակը Պատգամեց Մեզի»
Յայտնեց Շահէ Եպս. Փանոսեան
Երէկ` հինգշաբթի, 13 ապրիլ 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն:
Արդարեւ, Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ լուաց 12 դպիրներու ոտքերը:
Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ սրբազանը յայտնեց, որ Քրիստոս իր աշակերտներուն համար կազմակերպեց վերջին ընթրիքը, որուն ընթացքին իր սէրը գործնականօրէն արտայայտելու համար Ան խոնարհեցաւ եւ իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց, նաեւ յորդորեց աշակերտները, որ իր օրինակին հետեւելով իրենք եւս զիրար սիրեն եւ իրարու ոտքերը լուան:
Սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ Ոտնլուայի սրբազան արարողութեան ընդմէջէն կը յիշենք եւ կը վերապրինք այն պահը, որ Քրիստոս ապրեցաւ իր հարազատներուն` աշակերտներուն հետ` աւելցնելով, որ հին ժամանակ աւանդութիւն դարձած էր, որ երբ հեռաւոր շրջանէ ճամբորդ մը գար, տանտիկինը իբրեւ յարգանքի ու սիրոյ արտայայտութիւն անոր ոտքերը կը լուար: «Քրիստոս իր աշակերտներուն ոտքերը լուալով գերագոյն սիրոյ օրինակը պատգամեց մեզի», հաստատեց առաջնորդ սրբազան հայրը եւ բացատրեց, որ Քրիստոս այս արարքով մեզի ըսաւ` զիրար սիրեցէք, եւ ձեր սէրը այնքան մեծ ու անկեղծ թող ըլլայ, որ քաջութեամբ իրար ոտքերը լուաք, եւ ասիկա ըրէք իմ յիշատակիս համար:
Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազան հայրը ըսաւ, որ աստուածային սրբութիւնները մեզմով կը յարատեւեն եւ պէտք է զանոնք ներառենք մեր առօրեային մէջ:
«Կ՛աղօթեմ, որ Աստուած ձեր մէջ աճեցնէ սիրոյ հասկացողութիւնը, հաստատէ ամուր հաւատք մը, որ կասկած չի ճանչնար, հաւատք, որ Աստուծոյ վստահութեան մէջ կ՛աճի, հաւատք, որ այս աշխարհի սահմաններէն անդին ցոյց կու տայ անմահութեան ուրուագիծը, հաւատք, որ անշեղ է Քրիստոսի հաւատքին նման, հաւատք, որ մեզ կ՛առնչէ Աստուծոյ կեանքին եւ մեզ կը դարձնէ արժանի ընդմիշտ փառաւորելու զինք», եզրափակեց առաջնորդ սրբազան հայրը:
Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս ՊատրիարքըՀանդիսապետեց Ոտնլուայի Հանդիսաւոր Արարողութեան
Երէկ` հինգշաբթի, 13 ապրիլ 2017-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը հանդիսապետեց ոտնլուայի արարողութեան եւ մատուցեց Ս. պատարագ` Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ:
«Խորհուրդ խորին» շարականի երգեցողութեամբ եւ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի հանդիսաւոր մուտքով սկսաւ Ոտնլուայի կարգը, որուն ընթացքին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իր պատգամը տուաւ հաւատացեալներուն: Ան ըսաւ, թէ ոչ ոք կրնար երեւակայել, որ Քրիստոս` մեր Տէրը, իր մարմինը եւ արիւնը պիտի տար մեզի եւ ըսէր. «Ով որ իմ մարմինս պիտի ուտէ եւ արիւնս խմէ, յաւիտեան պիտի ապրի»: Հոգեւոր տէրը ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս Յիսուս ծնաւ, մարդացաւ, երեսուն տարի անշուք կերպով ապրեցաւ, քարոզեց, ճանչցուց մեզի երկնաւոր Հայրը, որ մեր Հայրն է: Երեք տարի շրջեցաւ Պաղեստին բարիք ընելով, հրաշք ընելով, բուժելով, սատանաները վտարելով, մեռելները յարուցանելով, աշակերտներուն ըսելով, որ մարդու Որդին պիտի բռնուի, պիտի չարչարուի, պիտի խաչուի, պիտի մեռնի, պիտի թաղուի, բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը նշեց, որ Յիսուս Հօր կամքը կատարելու համար Գողգոթայ բարձրանալով խաչուեցաւ եւ ընդունեց, որ մերկացուի, գամուի, խոցուի: Ան ըսաւ, որ Յիսուս վերջին ընթրիքին, հացի եւ գինիի խորհրդանիշներուն ընդմէջէն իր մարմինը եւ արիւնը տուաւ: Ան հոն ձեռնադրեց եւ հաստատեց քահանաները, տասներկու առաքեալներուն տուաւ այդ խորհուրդը:
Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը յայտնեց, որ քրիստոնէութեան մեծագոյն հարստութիւնն է «կանչել Յիսուսը եւ հաւատացեալներուն տալ», ասկէ աւելի ի՛նչ կրնան բաղձալ քահանաները:
Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ քահանաները երջանիկ են, որովհետեւ Աստուած իրենց կանչած է մեծ պատիւին, որովհետեւ զգացած են իրենց մէջ Աստուծոյ կոչումը եւ արժանացած են այլ քրիստոսներ ըլլալու:
Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը աղօթեց աշխարհի քահանաներուն, եկեղեցիին եւ քրիստոնեաներուն համար, որոնք այս օրերուն աւելի քան երբեք կը հալածուին, ապա եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Սուրբ ենք, որովհետեւ Քրիստոս մեզի կը սրբացնէ: Հաւատացեալները կոչուած են սրբանալու ինչպէս իրենց Հայրը: Մենք զիրար կը սրբացնենք Քրիստոսի հրաշքով եւ շնորհքով: Մենք իրարու պատասխանատու ենք: Սիրելի՛ հաւատացեալներ, գիտակից ըլլանք այսօր, որ Քրիստոս մեզի կու տայ յաւիտենական ուխտը իր մարմնին եւ արեան: Խնդրենք իրմէ յաւիտենական ուխտը, խնդրենք հաւատարմութեան եւ սրբութեան շնորհքը: Գիտակից ըլլանք, որ եկեղեցի կու գանք Յիսուսը ապրելու, սրբանալու եւ յաւիտենապէս իրեն հետ ըլլալու, որովհետեւ կեանքը իսկապէս դժուար է եւ առանց Իրեն ոչինչ կրնանք ընել»:
Սուրբգրային ընթերցումներէն ետք եւ օրուան խորհուրդին նուիրուած շարականներու երգեցողութեամբ ամենապատիւ հոգեւոր տէրը օրհնեց ջուրը, այնուհետեւ Յիսուս Քրիստոսի օրինակով լուաց տասներկու մանուկներուն ոտքերը:
Ոտնլուայի արարողութենէն ետք պատարագը շարունակուեցաւ, եւ բոլոր հաւատացեալները հաղորդուեցան Քրիստոսի մարմինով ու արիւնով:
Յաւարտ պատարագին Ոտնլուայի կարգին մասնակցող տասներկու մանուկները ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջմէ ստացան յիշատակի նուէրներ եւ օրհնութիւն: