«Ազդակ»-ը Հիւրընկալեց ԱՀ Նախագահի Մամլոյ Բանբերը

Երէկ յետմիջօրէին «Ազդակ»-ի հիւրերն էին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ Արցախի խորհրդարանի անդամ Դաւիթ Իշխանեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան:
Տնօրէնութեան եւ խմբագրակազմին հետ հանդիպումը առիթ ծառայեց, որ հիւրերը մօտէն ծանօթանան «Ազդակ»-ի աշխատանքներուն եւ 90-ամեակի ծրագիրներուն: Դաւիթ Բաբայեան բարձր գնահատեց «Ազդակ»-ի դերը յատկապէս արցախեան տագնապը լուսաբանելու եւ զինուորաքաղաքական իրադարձութիւնները վերլուծելու առումով:
Հանդիպում` Երիտասարդական Հարթակի Անդամներուն Հետ
Երեկոյեան Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան «Ազդակ»-ի հովանիին տակ գործող նորաստեղծ Երիտասարդական հարթակի անդամներուն հետ: Հանդիպումը առիթ եղաւ, որ Դաւիթ Բաբայեան եւ Դաւիթ Իշխանեան պատասխանեն Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն վերաբերեալ խումբի անդամներուն ուղղած հարցումներուն: