«Լռեցուցէ՛ք Սուտը, Ըսէ՛ք Ճշմարտութիւնը» Խորագիրով Համերգ Լոս Անճելըսի Մէջ

Ամբողջ աշխարհի հայկական սփիւռքն ու իրաւապաշտպանները կը պատրաստուին Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին:
Լոս Անճելըսի մէջ կը կազմակերպուի «Լռեցուցէ՛ք սուտը, ըսէ՛ք ճշմարտութիւնը» խորագիրով իններորդ համերգը` ցեղասպանութիւններու կանխման մասին իրազեկումը բարձրացնելու նպատակով։ Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։:
«Լռեցուցէ՛ք սուտը, ըսէ՛ք ճշմարտութիւնը» խորագիրով համերգը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իրազեկման բարձրացման: Համերգը, որուն պիտի մասնակցին VI•ZA, The Dirty Diamond, Killikiah եւ Ayline–ը, պիտի կայանայ Ապրիլ 23-ին, Roxy թատերասրահին մէջ:
Հասարակական զանազան կազմակերպութիւններ, ներառեալ արեւմտեան շրջանի հայկական երիտասարդական դաշնութիւնը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը` մշակութային գործիչներու հետ միասին կը զբաղին համերգի կազմակերպչական հարցերով: Համերգէն ապահովուած միջոցները պիտի տրամադրուին բարեգործական նպատակներու համար: