Տեղի Ունեցաւ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովը Նախապատրաստող Հաւաք

Ապրիլ 10-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ` նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ սեպտեմբեր 18-20 Երեւանի մէջ իրականացուելիք  Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովի կազմակերպական հաւաք, որուն մասնակցեցան 21 համահայկական եւ եկեղեցական կառոյցներու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ, քննարկուեցան համաժողովի կազմակերպական եւ օրակարգային հարցեր:

Ողջունելով ներկաները` սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարեց 3 տարին մէկ գումարուող համահայկական համաժողովը` որպէս սփիւռքի հետ կապերը սերտացնելու, միասնական համահայկական օրակարգ, երկխօսութիւն ձեւաւորելու հարթակ: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Հայաստան Սփիւռք երկխօսութեան ամենակարեւոր առարկան համահայկական կառոյցների հետ աշխատանքն է:  Այս համաժողովը պէտք է աւելի յստակեցնի, վերակազմակերպի թիրախային, մասնագիտական եւ հայկական օրակարգը, համահայկական առաջնահերթութիւնների վերաբերեալ նոր առաջարկներ, մօտեցումներ, տեսակէտներ ձեւաւորի: Պէտք է կարողանանք Սփիւռքի ներուժը տեղափոխել Հայաստան: Մեր երկու հայկական հանրապետութիւններին նոր սլացք, նոր զարգացում է պէտք: Համահայկական կառոյցների ներկայացուցիչների ելոյթների բազմազանութեան մէջ մենք պէտք է գտնենք, ընդգծենք առաջարկները` սփիւռքում հայապահպանութեան խնդիրները լուծելու, համահայկական օրակարգը թարմացնելու, Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան հայեցակարգը լրամշակելու համար: Համաժողովի պատասխանատուն բոլորս ենք, պէտք է շատ լաւ կազմակերպենք»:

 

 

Scroll Up