Յուսով Եմ Մենահամերգս Արցախի Մէջ Չ՛ուշանար. Սերժ Թանգեան

Շատ երախտապարտ եմ հայ քաջարի զինուորներու ծառայութեամբ, ըսած է ամերիկահայ ռոք երաժիշտ եւ երգահան Սերժ Թանգեան, որ Պաշտպանութեան բանակի զօրամաս այցելելէ ետք մասնակցած է նաեւ Հադրութի շրջանի Առաջամուղ գիւղին մէջ նոր բնակարաններու յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան, կը հաղրոդէ «Արցախփրես»-ը:
«Իրապէս շատ յուզուած եւ հպարտ եմ` տեսնելով Հադրութի շրջանի սահմանամերձ Առաջամուղ գիւղի նոր բնակարաններու յանձնման այս պահը: Ընկերոջս` Ատոմ Էկոյեանին կ՛ըսէի, որ տարբեր միջոցառումներու բացման մասնակցած եմ, բայց սա ամենայուզիչն էր ինծի համար, որովհետեւ այստեղ հայ ընտանիք պէտք է ապրի, որուն համար մենք շատ ուրախ ենք»,- ըսած է Թանգեան եւ ընդգծած, որ իրենք հաճոյքով պէտք է ծրագիր մը կազմակերպեն Արցախի մէջ:
«Ես շատ կը ցանկայի, որ օր մըն ալ գայի Արցախ, նուագէի եւ եթէ կարենամ, ուրիշ արուեստագէտներ ալ հետս բերեմ: Հիմա ամենակարեւորը Արցախի մասին խօսիլն է եւ զայն ներկայացնելը տարբեր վայրերու եւ մարդոց: Պէտք է բոլորը իմանան, որ Արցախը շատ գեղեցիկ երկիր է եւ այստեղի ժողովուրդը բոլորին կը սպասեն ժպիտներով եւ մեծ սիրով: Յուսով եմ, որ իմ մենահամերգս Արցախի մէջ չ՛ուշանար»,- ընդգծած է երգիչը:
Յիշեցնենք, որ Թուֆենկեան հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ, Ապրիլ 3-էն եռօրեայ այցով Արցախ են անուանի սփիւռքահայ արուեստագէտներ` Սերժ Թանգեան, Արսինէ Խանջեան, Ատոմ Էկոյեան եւ Էրիկ Նազարեան: