Արցախի Հերոս Ռոբերտ Աբաջեանի Կերտած Ժամանակը

«Վերջին նռնակի օղակն արդէն հանած եմ ու պատրաստ կը սպասեմ` հէնց մօտենան, ինծի հետ միասին պիտի պայթեցնեմ: Մենք այս դիրքը արիւնով պահեցինք, որ յանձնէ զայն, ես անոր …»: Այս խօսքերն ու յաջորդող սխրանքը, որուն մեծութիւնը հնարաւոր չէ բանով չափել, 19-ամեայ տարիքին Հայոց բանակի զինուոր Ռոբերտ Աբաջեանի նոր ու յաւերժական կեանքի սկիզբը դարձան:

Կեանք, որ սկսած էր Երեւանի Մոնումենտ կոչուող (ինչպէս ժողովուրդը կ’ըսէ) թաղամասի տուներէն մէկուն մէջ, ուր 2016 թուականի Ապրիլ 2-էն ժամանակը կանգ առած է : Այդ տան մէջ այլեւս  նոր ժամանակով մը  կ’ապրին` Արցախի հերոս Ռոբերտ Աբաջեանի ժամանակով, որուն զարկերը` ցաւի ու հպարտութեան, այսօր իր մէջ կը կրէ իւրաքանչիւր հայ:

Այդ տունը դարձեալ առաջուանն է` նոյն փողոցը, բակը, նոյն հասցէն, միայն Ան չկայ` իր կենսախինդ խառնուածքով, ծիծաղով ու իր ֆիզիքական ներկայութեամբ: Ան հիմա հերոս է` Արցախի հերոս, առասպել ու պատմութիւն ու «կ’ապրի» , որպէսզի մենք շարունակենք ապրիլ:

«Այս տան մէջ  ծնած է, մեծցած, այս տունէն  դպրոց գացած, ուսումնարան, բանակ ու… Հիմա ան չկայ: Ամէն ինչի մէջ  առաջինը պէտք է ըլլար, պէտք է աչքի իյնար իր գործողութիւններով, խառնուածքը այդպիսին էր, այլ կերպ չէր կրնար: Անոր մասին բոլոր յիշողութիւններն ուրախ են, միակ տխուր յիշողութիւնը այն է, որ այլեւս չկայ»,- արցունքները  ձեւով մը խեղդելով` կը պատմէ Ռոբերտի մեծմայրը` Անահիտ Գէորգեանը, որ ռուսաց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի է:

Կնոջ «օգնութեան» կու գայ ամուսինը` Ռոբերտի մեծհայրը` Գէորգ Աբաջեանը. «Զարմանալի բնաւորութիւն ունէր, ամէն ինչ պէտք է համով ընէր, հումորով: Ծնած օրէն  այդպիսին էր: Միշտ կ’ըսեմ` անոր վերջին արարքն իր խառնուածքի թելադրանքն էր, չցանկացաւ ընկերներուն մինակ ձգել, իրեն յանձնարարուած գործը կիսատ ձգել, լքել դիրքը: Անգամ վերջին պահին ալ «աչքի ինկաւ»: Առաջ ալ շատ մեծ շրջապատ ունէր, շատերը անոր կը  ճանչնային, իսկ հիմա անոր բոլորը գիտեն»:

«Եթէ այդպիսին չըլլար, առանց վարանելու կը փորձէր ինքզինքը փրկել, այլ ոչ թէ կը սպասէր ու միայնակ մինչեւ առաւօտեան ժամը 7-ը կը կռուէր: Վերջին երկու ժամը մինակ  մնացած է,  վիրաւոր վիճակի մէջ անգամ կրցած է իր ընկերոջը` Անդրանիկ Զոհրաբեանին, որ նոյնպէս վիրաւոր էր, մօտակայ խրամատէն բերել, որ իր կողքին ըլլայ, ու երբ թիկունքէն հասնին օգնութեան, թշնամիին գերի չմնայ: Ոչ միայն կռուած է, կապի մէջ եղած հրամանատարներուն հետ ու տեղեկութիւններ փոխանցած, այլեւ վիրաւոր ընկերոջ մասին  մտածած, որ, սակայն, արիւնաքամ եղած է: Միշտ  այդպիսին էր, երբեք ընկերոջ մենակ չէր ձգեր: Դպրոցէն կու գար` տատի, խնդիր կայ, պիտի երթամ: Ստիպուած կը ձգէի, որովհետեւ գիտէի, որ միեւնոյնն է` պիտի երթայ, գոնէ այս ձեւով տեղեակ կ’ըլլանք, թէ ուր կ’երթայ: Կը զանգէի տուն, մօրը կ’ըսէի` Աննա՛, ուշադիր կ’ըլլաս, Ռոբերտը այսինչ տեղը գացած է: Հարսս թէ` մամ, կը ձգես, որ երթայ, յետոյ ալ կ’ըսես` ուշադիր կ’ըլլաս,-կը պատմէ մեծմայրը` կարծես ցանկալով մոռնալ այն ցաւը, որ Ռոբերտը զգացած է վերջին պահուն:

«Անդրանիկին հայրը կ’ըսէ` Ռոբերտն ինծի համար հերոս է միայն անոր համար, որ իմ տղուն չէ ձգած, որ թշնամիին գերի իյնայ: Կ’ըսէ` գոնէ Ռոբերտը կենդանի մնար եւ ըսէր, թէ որոնք  եղած են տղուս վերջին բառերը: Մահացած վիճակի մէջ ատրպէյճանցիները Ռոբերտն ու Անդրանիկը փորձած են գերի տանիլ, սակայն ճանապարհի կէսին ձգած են: Այդ պատճառով է, որ միայն ապրիլ 8-ին  անոնց մարմինները Կարմիր խաչի օգնութեամբ հայկական կողմին յանձնած են…»,-կիսատ  ձգելով խօսքը մեծհայրը կը մօտենայ պատուհանին` ծխախոտի հերթական գլանակը վառելու: Մեծմայրը կը շարունակէ. «Երբ պատերազմի առաջին օրերուն հեռուստատեսութեամբ կ’ըսէին, որ Արմէնակ Ուրֆայեան ինքզինքը նռնակով պայթեցուցած է, ես ինծի կ’ըսէի` այն սիրուն տղան, ինչպէս նման բան ըրած է, 24-25 տարեկան տղան ինչպէս  ինքն իրեն նռնակով պայթեցուցած է: Ինչ իմանայի, որ իրականութեան մէջ  ատիկա Ռոբերտս եղած է, որ հիմա կը մտածեմ… Մենք անոր մասին լուր չունէինք եւ յոյս ունէինք, որ կենդանի է»:

Ռոբերտի մահուան մասին հարազատները իմացած են առաջին իսկ օրերուն, սակայն ծնողներուն, մեծհօրն ու մեծմօրը բան   չեն ըսած: Յայտնած են միայն մարմինը գտնուելէ ետք:

«Իմացանք միայն ապրիլ 8-ին. մարդիկ եկած էին, բերած էին Հայաստանի դրօշն ու մետալը… Տխուր, տխուր կեանք: Ապրիլ 1-ին զանգած էր հօրը ծնունդը շնորհաւորած: Հօրը հետ շատ կապուած էր, հայրն իր աշխարհն էր, իր կեանքը, կը ձգտէր անոր նման ըլլալ` ուժեղ, բոլորին հասնող: Կ’ըսէր` պապայիս նման պիտի վառուիմ: Տղաս փոքր տարիքին վառուած էր եւ խոր այրուածքներ ունէր: Անգամ մանկապարտէզին մէջ այդ մասին պատմած էր: Դաստիարակչուհին մօրը ըսած էր, որ զգոյշ կ’ըլլաք, յանկարծ ինքզինքը չվնասէ: Բոլորին հասնող, օգնող երեխայ էր: Շատ ժամանակ չէր սպասեր, որ դիմէին, ինքն էր իր օգնութիւնը կ’առաջարկէր»,- կը պատմէ մեծ մայրը:

«Ամբողջ օրը վազքի մէջ էր` հեռախօսը ականջին: Կը զանգէի` Ռոբերտ ու՞ր ես, թէ` գործեր կան, պապի՛, հիմա կու գամ: Անընդհատ կը շտապէր, կարծես ժամանակը անոր չէր բաւականացներ, ամէն ինչ վազքով կ’ընէր: Ոչ մէկ բանի նկատմամբ անտարբեր էր, պէտք է խառնուէր անգամ իրեն չվերաբերող գործերուն: Որուն ինչ հեռախօսահամար պէտք ըլլար, Ռոբերտէն կը ճշդէին: Անոր մասին պատմութիւններն անվերջ են, ամէն օր  նոր բան մը կ’իմանանք անոր մասին: Կը զարմանանք, որ 19 տարեկան տղան ինչպէս այդքան բան հասցուց, այդքան հետք ձգեց»,-կը յիշէ մեծհայրը:

Այդ պահուն սենեակ կը մտնէ  կապուտաչեայ փոքրիկ ու կը փորձէ իր լուսաւոր ներկայութեամբ ցրել սենեակին մէջ թեւածող ծանր ու լուսաւոր տխրութիւնը: «Լաւ է, որ Աստուած մեզի երկու տարի առաջ  նոր թոռնիկ մը պարգեւեց, որն այդ ծանր օրերուն մեզի զբաղեցուց, այլապէս կարելի էր խելագարուիլ: Ռոբերտի հօրեղբօր տղան է, մեծհօր անունը  դրած ենք` Գէորգ: Ռոբերտին այնքան  նման է, որ մեզի յաճախ կը թուի, որ  Ռոբերտիկ մըն ալ` անվախ, չարաճճի, կը մեծնայ: Ոչ մէկ բանէ վախ ունի, մթութեան մէջ անգամ կ’իջնէ բակ»,-թոռնիկը գրկելով կ’ըսէ մեծմայրն ու կ’աւելցնէ, որ Ռոբերտը երեխաներ շատ կը սիրէր:

«Տղաս  ընկեր մը ունի, կինը երիտասարդ տարիքի մէջ մահացաւ: Փոքր որդին շատ ծանր կը տանէր մօր մահը, դադրած էր խօսէլէ: Ռոբերտը երբ իմացաւ, ըսաւ`  քանի մը օր  մօտս ձգէք, ամէն ինչ կը կարգաւորեմ: Ռոբերտի հետ  քանի մը օր շփուելէ յետոյ, այդ փոքրիկը կրկին կեանքի վերադարձաւ: Հայրը տղուս ըսած էր` տղադ ըրաւ  բան մը, որ մենք չկրցանք»,- կը յիշէ արդէն Ռոբերտի մեծհայրը, իսկ Արտակ անունով ընտանիքի բարեկամը, որ նոյնպէս միացած էր զրոյցին, կը շարունակէ. «5 տարեկան տղաս Ռոբերտին հետ շատ  կապուած էր: Ռոբերտը բանակէն միշտ կը զանգէր, կը խօսէր հետը: Թէեւ չի հասկնար, թէ ինչ  կատարուած է, յաճախ ինծի կ’ըսէ` պապ, Կեաժին կարօտցած եմ, երթանք իրենց տուն: Կը զարմանանք, թէ համակարգիչին մօտենալուն` ինչպէս կրնայ Ռոբերտի նկարները գտնել ու նայիլ: Հեռախօսիս մէջ անոնց նկարները, վիտէոներն ունիմ, անգիր կ’ըսէ, թէ ուր  եղած են, ինչ ըրած են: Ռոբերտը նաեւ ինծի համար  իսկական եղբայր էր: Ան ընկոյզի անուշ շատ կը սիրէր: Վերջին արձակուրդին ժամանակ եկաւ մեր տուն: Ընկոյզի անուշի շիշ մը բացինք, կերաւ, ըսաւ` պահէք, մնացածը յաջորդ անգամ կու գամ կ’ուտեմ: Այդ անուշը այդպէս ալ դեռ մեր սառնարանին մէջ է»:

Եթէ անցեալին Ռոբերտ Աբաջեանը գիտէին անոր ծանօթ բոլոր փոքրիկները, հիմա արդէն կը ճանչնան բոլորը: Ո՛չ միայն կը ճանչնան, այլեւ իրենց հերոսը կը համարեն. «Ռոբերտի եղբայրը` Ռուբէնը,  օր մը ըսաւ. «Տատի՛, գիտես, փոքր երեխաները յաճախ զիս տեսնելով` կը շշնջան իրար ականջին, թէ` գիտես ով է, Աբաջեան Ռոբերտի եղբայրն է»: Վերջերս Ռուբէնի ընկերոջ քոյրը տղայ  ունեցած էր, որուն Ռոբերտի անունով  կոչած են»,- կը պատմէ մեծ մայրը:

Ռոբերտը կը սիրէին նաեւ անոր ճանչցող գրեթէ բոլոր աղջիկները, իսկ ան. «Արդեօք ոեւէ մէկուն սիրա՞ծ է, կը դժուարանամ ըսելու, բայց անընդհատ սիրահարուած էր: 9-րդ դասարանին իրենց զուգահեռ դասարանը Ռուսաստանէն  աղջիկ մը  եկած էր, հաւնած էր ու ձեռքը բռնած ման կու գար: Յետոյ ատիկա ալ անցաւ: Անընդհատ ուշադրութեան կեդրոնին մէջ էր,  օր մը թխուածք  բերած էր, ըսաւ` տատ, տես համով է, աղջիկները պատրաստած են: Կամ` տատ գիտես, ուսումնարանի բոլոր աղջիկները   սիրահարուած են ինծի: Խօսիլ գիտէր, գրաւել, համով բալա էր, ասող-խօսող, ժպտերես, ինչպէս կրնային անոր համար չխենթանալ», -հպարտութեամբ կը պատմէ մեծմայրը:

«Բանակէն այստեղ հարցեր կը լուծէր: Օր մը զանգեց` պապի, երկու թութակ կ’առնես, վանդակի մէջ կը դնես, կու գան կը տանին: Բանակէն  ըսած էր, ո՞նց չընես: Երբ ընկերը եկաւ տանելու, հարցուցի` որո՞ւն համար է, ըսաւ` չեմ գիտեր: Այդպէս ալ չիմացանք` ուր տարաւ»,- կը յիշէ մեծհայրը:

Ռոբերտ Աբաջեանի մասին կը պատմեն նաեւ անոր լուսանկարները, որոնցմէ իւրաքանչիւրին հետ կապուած փոքրիկ պատմութիւնները մեծմայրը անգիր կը յիշէ. «Շատ կը սիրէր նկարուիլ, կարծես ամէն պահը կը փորձէր յաւերժացնել: անոր ատամնահատիկն է, բժշկական գործիք  բռնած էր: Սա Մոսկուայի մէջ  նկարուած է , տեսէք ինչպէս կը քալէ: Իրենց կնունքի նկարն է, կը տեսնէք անոր դժգոհ դէմքը: Քահանան ըսաւ, որ քաւորին ձեռքը պէտք է համբուրես: Ռոբերտը թէ` ես համբուրեմ, չեմ համբուրեր: Փորձեցինք բացատրել, որ ատիկա ընդունուած կարգ է, օրէնք է,  քիչ մը խաղաղեցաւ, բայց միայն շրթունքները հպեց ձեռքին: Այս նկարին մէջ  ալ հարսանիքի ժամանակ դաշոյնով դուռ  պահած է: Այդ օրը ուրախ-ուրախ եկաւ տուն ու` տա՛տ, 200 տոլար փող  աշխատած եմ, կարգին քաւոր էր: Յաջորդ հարսանիքին տրամադրութիւնը բարձր չէր, 5 հազար դրամ  տուած էին, ըսաւ` ահ, ժլատ քաւոր էր: Ասոնք բանակի նկարներն են: Կը տեսնէք այս նկարին մէջ զէնքը ինչ դիրքով պահած է: Կ’ըսէր` տատ, գիտես, ամէն մարդ չի կրնար այսպէս պահել: Էհ, ամէն մարդ ալ, երեւի, չէր ըներ այն, ինչ ան ըրաւ` մեզի ձգելով այս նկարներն ու անվերջ յիշողութիւնները իր մասին: Կ’երթար-կու գար` պաչիկ կ’ընէր, ճիկեար էր, կը զանգէր, թէ` տատ ջան, ո՞նց ես, ծառերը ծաղկա՞ծ են, բակը ի՞նչ կայ, պապին ի՞նչ կ’ընէ, հոյ քեզ չեն նեղացներ, քոյրիկներուս դուրսը բան ըսող կա՞յ. ամէն բան պիտի իմանար»:

«Եթէ նպատակ  դներ, կ’ընէր: Ուսումնարանէն յետոյ ըսաւ` բարձրագոյն պիտի սորվիմ: Գնաց ինստիտուտ ընդունուեցաւ, որ լաւ մասնագէտ դառնայ, բայց…

Շատ արագ անծանօթ մարդոց հետ ընդհանուր լեզու կը գտնէր: Մէյ մըն ալ տեսնէիր, անծանօթ մէկը կը բերէր եւ կ’ըսէր` պապի, բարեկամդ  գտած եմ, ծանօթացիր:

Ես Մարալիկէն եմ, մեծ քոյրս, եղբօրս տղաներն այսօր ալ այնտեղ  կ´ապրին: Միասին շատ կ´երթայինք Մարալիկ: Կը զարմանայի, թէ ինչքան մարդ  անոր կը ճանչնայ: Կ´ըսէի` այ տղայ, քեզի աւելի շատ մարդ կը ճանչնայ, քան ինծի, որ այնտեղ  ծնած եմ, մեծցած»,- կը պատմէ մեծհայրը, իսկ մեծմայրը կը շարունակէ. «Ողիմպիական ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան երբ Ողիմպիականէն վերադարձաւ, մարալիկցիները ճանապարհը ուշ գիշերով փակած էին ու անոր դիմաւորած, քէֆ-ուրախութիւն կազմակերպած` շնորհակալութիւն յայտնելու, որ Ռոբերտիս նկարով շապիկ  հագած էր: Արթուրի արարքը մեծ քայլ էր, կարծես բոլորին կրկին յիշեցուց Ռոբերտի մասին: Համարձակութիւն  պէտք էր, ամէն մէկը չէր ըներ: Չէ՞ որ, կրնային որակազրկել, մետալէն զրկել, բայց ան ըրաւ այդ քայլը, ու մարալիկցիները ցանկացած էին շնորհակալութիւն յայտնել Արթուրին: Մարալիկի մէջ նաեւ Ռոբերտի յուշարձանը կ´ ուզեն տեղադրել, վերջերս ալ ֆութպոլի մրցաշար  կացմակերպած էին:

Մրցաշարի գաւաթը Ռոբերտենց տունն է, սենեակին ամէն մէկ անկիւնէն նայուող լուսանկարներուն ու պարգեւներուն կողքին, որոնք փոքրիկ սփոփանք են միայն այն մեծ վշտին, որուն ցաւն այդ տան մէջ պիտի զգան այնպէս, ինչպէս Ռոբերտի միշտ ներկայ բացակայութիւնը:

«Մինչեւ պատերազմը հպարտ էի, որ հրաշք ընտանիք, որդիներ ու 5 թոռնիկ ունիմ: Մենք, երկու տղաներս` իրենց ընտանիքներով, հաշտ ու համերաշխ մէկ տան մէջ  կ´ապրինք: ժամանակին 15-20 հոգիով սեղան կը նստէինք: Այսօր ալ  հպարտ եմ, որ Ռոբերտի մեծմայրն եմ, բայց իմ տխրութիւնս  գլուխս կախած է, կը հասկնաք: Կ’ուզէի, որ հերոսի մեծմայր ըլլալու հպարտութեան փոխարէն երեխաս կողքիս ըլլար, ատիկա կ´ըլլար ամենամեծ հպարտութիւնն ու ուրախութիւնը: Ամէն օր Ռոբերտին հետ կը կռուիմ, կը նստիմ նկարին առջեւ ու կը կռուիմ… Ու մէկ բան կը ցանկամ, որ անոնք վերջին զոհերը ըլլան, որ ոչ մէկուն մեծմայրը, մայրը չի լան այլեւս: Ռոբերտս ինչքան երազանքներ ունէր: Պիտի գար, ուսումը շարունակէր, լաւ մասնագէտ դառնար: Մինչ բանակ երթալը  քանի մը անգամ փողով գործ ըրած է, ես ալ կը հպարտանայի, ըսելով` չմեռայ, թոռնիկիս փողն ալ ծախսեցի: Հիմա ես եմ ու իմ տխրութիւնս: Ընտանիքին մէջ մէկս միւսին մխիթարելով, ուժ տալով` կ´ապրինք: Երբ մենակ կ´ըլլամ, կու լամ, գիտեմ, որ լալը լաւ բան չէ, բայց չեմ կրնար: Որքան անցնի, աւելի կը դժուարանայ: Հիմա «տաք» ենք, յետոյ անոր բացակայութիւնը, ցաւն աւելի անտանելի կ´ըլլայ»,- արցունքները սրբելով` կ´ըսէ մեծմայրը:

«Ինչ-որ տեղ հիմա Ռոբերտը դարձեալ հպարտ է, երեւի կ´ըսէ` այսքան մարդ իմ մասիս կը խօսի, ինծի կը ճանչնայ: Աշխարհի տարբեր երկիրներէ ու քաղաքներէ` Քանատայէն, Ֆրանսայէն, Ամերիկայէն, Ռուսաստանէն, Պաթումէն, մարդիկ կը զանգեն, իրենց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն, շնորհակալութիւն կը յայտնեն, որ նման թոռնիկ  մեծցուցած ենք: Շատերն անգամ մեր տունը կու գան, կ´ըսեն` եկած ենք խոնարհուելու: Ժողովուրդը Ռոբերտին ուրիշ ձեւ կը յիշէ ու միշտ պիտի յիշէ»,-կ´ըսէ մեծհայրը:

Վերջաբանի փոխարէն

Ռոբերտ Աբաջեանը միշտ պիտի յիշեն: Անոր սխրանքն այսօր իսկ արդէն առասպել դարձած է ու կ´ապրեցնէ շատերուս: Իսկ ամէն ինչ սկսաւ 2016 թուականի Ապրիլ 1-ի լոյս 2-ի գիշերը: Արցախա-ատրպէյճանական շփման գիծի ողջ երկայնքով հակառակորդի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները լայնածաւալ յարձակումներ  կը կատարեն: Արցախի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած յենակէտային դիրքերը հրետակոծելէ ետք  ատրպէյճանական ուժերը կ´անցնին գրոհի: Շուրջ երեք հարիւր հոգիէ բաղկացած խումբերը, զինուած ըլլալով նաեւ հրասայլերով, կը փորձեն  գրաւել հայկական դիրքերը: Վաշտի հրամանատար, ՀՀ Զու հրամանատար Արմէնակ Ուրֆանեանի ղեկավարութեամբ, վեց հոգիէ բաղկացած սահմանապահ ուժերը կ´անցնին շրջանաձեւ պաշտպանութեան` երկու անգամ յաջողութեամբ յետ շպրտելով թշնամիի լայնածաւալ յարձակումները` այդ ընթացքին խոցելով նաեւ թշնամիի մէկ հրասայլ: Անյաջող յարձակման փորձէն ետք թշնամին ետ կը քաշուի եւ կրկին կը սկսի հրետանակոծել հայկական դիրքերը: Արկերէն մէկուն պայթիւնէն շուտով կը զոհուին հրամանատար Ուրֆանեան եւ գնդացրորդ Քեարամ Սլոյեան:

Վաշտի հրամանատարի մահուընէ ետք, ոտքի վիրաւորում ստացած Ռոբերտ Աբաջեան հրամանատարութիւնը կը վերցնէ իր վրայ եւ պատնէշին վրայէն կը շարունակէ մարտը: Նկատելով, որ խրամատին մէջ զինամթերքը կը վերջանայ, զինուորներուն կ´ ուղարկէ փամփուշտ բերելու: Այդ ընթացքին հակառակորդը կը յաջողի թափանցել դիրքը: Աբաջեան, կողքին մնացած միակ ծառայակիցին` վիրաւորում ստացած գնդացրորդ Անդրանիկ Զոհրաբեանի հետ, յամառ դիմակայութեամբ, կը նահանջեն դէպի դիրքային կացարան: Արիւնահոսութենէն շուտով կը մահանայ Զոհրաբեան: Մարտական խորշին մէջ դիրքաւորուելով, Ռոբերտ Աբաջեան մինչեւ վերջին փամփուշտը կը շարունակէ միայնակ կռուիլ թշնամիին մեծաթիւ ուժերուն դէմ, միեւնոյն ժամանակ կապ հաստատելով գումարտակի հրամանատարին հետ եւ վերջինիս կարեւոր տեղեկութիւններ հաղորդելով դիրքին մէջ կատարուող դէպքերուն մասին: Նկատելով իրեն մօտեցող թշնամին, Աբաջեան վերջին անգամ կապի  դուրս եկած եւ ըսած է, որ արդէն հանած է իր մօտ մնացած վերջին նռնակն ու պատրաստ կը սպասէ` հէնց մօտենան, իրեն հետ միասին պայթեցնելու  անոնց, որ չյանձնուի: Տեսնելով իրեն մօտեցող հակառակորդը` Աբաջեան բացուած նռնակը կը թաքցնէ ափին մէջ եւ ձեռքերը վեր կը բարձրացնէ, իբր կը յանձնուի: Թոյլ տալով, որ բաւականաչափ մօտենան, Աբաջեան իրեն հետ միասին նռնակով կը պայթեցնէ հակառակորդի  քանի մը զինուորի:

Գիտակցուած մահը ընտրելով` Ռոբերտ Աբաջեան իր կեանքով նաեւ կը փրկէ թիկունքէն օգնութեան հասած հայկական ուժերու զինուորները:

Ապրիլ 11-ին զինուորական կարգով Ռոբերտ Աբաջեանին հողին կը յանձնեն «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ. ան այլեւս կ´ապրի յաւերժական կեանքով…

Մայիս 8-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելուն ցուցաբերած բացառիկ քաջութեան ու արիութեան համար ԼՂՀ Պբ  N զօրամասի չորրորդ հրաձգային վաշտի երկրորդ հրաձգային դասակի ջոկատի հրամանատար, կրտսեր սերժանթ Ռոբերտ Աբաջեան յետմահու կը պարգեւատրուի  «Արցախի հերոս» ԼՂՀ  բարձրագոյն կոչմամբ ու «Ոսկի արծիւ» շքանշանով:

Ռոբերտ Աբաջեան կը դառնայ 24-րդը, որ կ´արժանանայ «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչման, ինչպէս նաեւ` այդ տիտղոսի ամենաերիտասարդ կրողը. ան ընդամէնը 19 տարեկան էր ու այլեւս յաւերժ…

Լուսինէ Աբրահամեան

«Հորիզոն» պարբերական

Scroll Up