Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեան Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներու Համախմբումի Խորհուրդին Տարեկան Հանդիպումին Սուրիոյ հայութեան մասին զեկուցեց
Շաբաթ, 18 մարտ 2017-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու համախմբումի խորհուրդին տարեկան հանդիպումը: Հանդիպումին ներկայ էին աւելի քան 40 հոգեւորական եւ աշխարհական պատուիրակներ` Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներէն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի խորհրդարանէն ներկայացուցիչներ:
Յանուն Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին խօսք առաւ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան. ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ Տէրունական աղօթքով բացուած յայտարարեց համագումարը:
Վեհափառ հայրապետին պատգամը կարդաց Գեղամ արք. Խաչերեան: Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց քրիստոնեայ համայնքներու համախմբումը եւ յիշեցուց, թէ քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ լուսանցքային ներկայութիւն չէ եղած եւ պէտք չէ ըլլայ. ան ունի յստակ կեցուածք` շրջանին մէջ ստեղծուած բոլոր տագնապներուն գծով, ինչպէս նաեւ նպատակասլաց առաքելութիւն:
Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Սամիր Մազլում արքեպիսկոպոսը վարեց սոյն համագումարին ատենապետութիւնը: Ապա ան հերթաբար հրաւիրեց բոլոր քրիստոնեայ համայնքներուն առաջնորդները, որպէսզի զեկուցում ներկայացնեն իրենց թեմերուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ: Սուրիոյ հայութեան մասին զեկուցեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան:
Յայտնենք, որ իւրաքանչիւր տեղեկագիրի աւարտին, ներկաներուն առիթ տրուեցաւ իրենց հարցումները ուղղելու եւ լուսաբանութիւններ ստանալու:
Համագումար-հանդիպումէն ետք պատուիրակները ճաշի հիւրը եղան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:
Համագումարի աւարտին, վեհափառ հայրապետը առիթ ունեցաւ զրուցելու խորհուրդի ատենապետ սրբազանին եւ այլ անդամներուն հետ: Վեհափառ հայրապետը անդրադառնալով խորհուրդին կարեւոր դերակատարութեան` յստակ կերպով շեշտեց միջքրիստոնէական գործակցութեան նոր ծաւալ տալու հրամայականը` հաւաքաբար դիմագրաւելու համար ներկայ մարտահրաւէրները:
Այս մասին կը յայտնէ Perio News.