Արամ Խաչատրեանի Անձնական Կահոյքի Մասերը Լաթվիայէն Բերուած Են Հայաստան

Թիֆլիսի Արղութեան վարժարանին մէջ Արամ Խաչատրեանի հետ կրթութիւն ստացած Նինա Մերեշնիկովային Արամ Խաչատրեան իր կահոյքէն քանի մը կտոր  նուիրած էր, որոնցմէ երկուքը Մերեշնիկովան յետագային նուիրած էր Արամ Խաչատրեանի տուն- թանգարանին, իսկ միւս երեքը (2 աթոռ եւ 1 պահարան)` իրեն բուժող բժիշկին:  Յետագային այդ իրերը յայտնուած էին Լաթվիոյ մէջ` խոշոր հաւաքորդի մը մօտ: Թանգարանի գլխաւոր ֆոնտապահը, որ բազﬕցս եղած է Մերեշնիկովայի բնակարանին մէջ, հաստատած է, որ ատոնք այդ նոյն իրերն են:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն` ՀՀ-ի մէջ Լաթվիոյ Հանրապետութեան պատուաւոր հիւպատոս պարոն Արէն Ղասապօղլեանի նախաձեռնութեամբ այդ իրերը Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարան պիտի վերադառնան:

Թիֆլիս ծնած ու հասակ առած Նինա Մերեշնիկովան կ´աշխատէր Երեւանի ակնաբուժական կեդրոններէն ﬔկուն մէջ: Թիֆլիսի Արղութեան վարժարանին մէջ ան ուսանած էր Արամ Խաչատրեանի հետ: Խաչատրեանի արուեստի ﬔծ երկրպագուն էր եւ ընտանիքի բարեկամը, իսկ տուն-թանգարանի ստեղծումէն  ետք` նաեւ տուն-թանգարանի բարեկամը:

 

 

Scroll Up