Մայրենիի Եւ Բարեկենդանի Տօները Մինսքի Հայորդաց Մէկօրեայ Կրթօճախէն Ներս

Փետրուար 26-ին Մինսքի Հայորդաց մէկօրեայ կրթօճախի ուսուցիչները պատեհ առիթը բաց չեն ձգած մեծարելու մեր լեզուն, մշակոյթը, կոմիտասեան երաժշտութիւնը, հայ եկեղեցւոյ աւանդոյթները:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն կրթօճախէն, բացման խօսքով հանդէս եկած է տիկին Գայեանէն, որ ներկայացուցած է Մայրենիի անզուգական գեղեցկութիւնը, անոր անբաւ հարստութիւնը:
Երեկոն յուզառատ եղած է, երբ ռուսախօս երեխաները արտասանած են հայերէն: Առաւել սրտառուչ էր կրթօճախի փոքրիկներու ելոյթը. անոնք ցուցադրած են «Մայրենիի դաս» բեմականացումը:
Աննա Յակոբեան ասմունքած է իր հօր`գրող Անդրանիկ Յակոբեանի «Որդան կարմիր» բանաստեղծութիւնը:
Ձեռնարկին երկրորդ մասը նուիրուած էր Բարեկենդանին: Տօնին խորհուրդը ներկաներուն ներկայացուցած է տիկին Զարուհին: Այնուհետեւ երեխաները ցուցադրած են Բարեկենդանին նուիրուած խաղեր, երգեր, հանդիսատեսին առաջադրած հանելուկներ:
Ողջ երեկոյին ընթացքին կը զգացուէր թումանեանական շունչը: Տպաւորիչ էր երեխաներու բեմադրած «Բարեկենդան» հեքիաթը: Աւարտին վերջիններս պարած են հայկական աւանդական պարեր` Քերծի, Փափուռի:
Աւարտին բոլորին կը սպասէր հայկական աւանդական կերակրատեսակներով հարուստ տօնական սեղանը: